Եգիպտոսը դարձաւ Քոսովոյի անկախութիւնը ճանչցած 100-րդ պետութիւնը: Թրքական Hurriyet Daily News-ի փոխանցմամբ՝ երէկ այս մասին յայտարարեցին Քոսովոյի կառավարութեան պաշտօնեաները:

Երեք բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնց կարգին Քոսովոյի արտաքին գործոց նա-խարար Էնվեր Հոջայը, Twitter-ի վրայ գրած են, որ պաշտօնապէս Գահիրէ ճանչցած է իրենց երկրի անկախութիւնը: «Աշխարհի հնագոյն պետութիւնը՝ Եգիպտոսը այժմ ճանչցած է Եւրոպայի նորագոյն պետութիւնը՝ Քոսովոն», - գրած է Հոջայը:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախա- րարութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղադրուած արաբերէն հաղորդագրութեան համաձայն՝ նախարարութեան խօսնակը յայտնեց, որ պաշտօնական Գահիրէն որոշած է ճանչնալ Քոսովոն, որպէս անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն:

Քոսովօ 2008ին հռչակեց իր անկախութիւնը Սերպիայէն: Եւրոպական Միութեան 27 պետութիւններէն 22ը ճանչցած են այդ: