Անցնող գիշեր մինչեւ լոյս առաւօտ Հալէպի բնակիչները անցուցին վերջին տարուան ամենադժուար գիշերներէն մէկը։

Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն տեղական աղբիւրները։

Մինչեւ լուսաբաց տասնեակ հրթիռներ ինկած են մինչեւ հայաբնակ թաղամասերու վրայ՝ յատկապէս Նոր Գիւղ, Վիլլաներ եւ Սրիան Ժտիտէ։

Յարձակող խմբաւորումէն մահացած է 65 մարդ, Սուրիոյ բանակէն զոհուած է երկու զինուոր, իսկ հրթիռներու հետեւանքով քաղաքացիներէն երկու հոգի մահացած է։

Նախնական տուեալներով հայերու մէջ զոհեր ու վիրաւորներ չկան։

Այժմ Հալէպի մէջ իրավիճակը համեմատաբար աւելի խաղաղ է,- «վերջին տարուան ամենադժուար գիշերներէն մէկը անցուցինք, հիմա դեռ կը շարունակուի, բայց թեթեւ ձայներ կը լսուին»,-կը յայտնեն Հալէպի աղբիւրները։

Նշենք նաեւ, որ ընդդիմադիրները երէկ Տէր Զօրի մէջ, ամբողջութեամբ այրեցին սուրիանիներու եկեղեցին։