- Թուրքիոյ զինուած ուժերու անձնակազմը 2014-ի Մարտի դրութեամբ 652 հազար զինուորական է։

Թուրքիոյ Պատմութեան հիմնարկի նախագահ Մեթին Հիւլակիւ յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ մէջ հայերէնի ուսուցումը պիտի շարունակէ պահպանել իր կարեւութիւնը 2015էն յետոյ ալ:

Տերսիմի հայերու հաւատքի եւ ընկերային փոխօգնութեան միութեան նախագահ Միհրան Փրկիչ Կիւլթեքին, «Արմէնփրէս»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ միութիւնը կը հետաքրքրուի այն հայերով, որոնք Տերսիմի մէջ կը վախնան իրենց հայկական ինքնութիւնը բացայայտելէ, եւ կը փորձէ օգնել անոնց, որպէսզի ձերբազատուին այդ վախէն:

Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը կը գրէ, թէ քաղաքին հանրապետական դատախազութիւնը հետաքննութիւն բացած է Հրանդ Տինքի գործը լուսաբանած շարք մը լրատու միջոցներու նկատմամբ:

Ծանօթ է, որ Թուրքիոյ մէջ վերջին տարիներուն որոշ բարելաւում մը դիտարկուեցաւ ինչ կը վերաբերի Հայոց գրաւեալ գոյքերու վերադարձի հարցին: Բայց այնպէս կը թուի, թէ ատիկա սառնակոյտին տեսանելի մասն է միայն: