Ծանօթ է, որ Թուրքիոյ մէջ վերջին տարիներուն որոշ բարելաւում մը դիտարկուեցաւ ինչ կը վերաբերի Հայոց գրաւեալ գոյքերու վերադարձի հարցին: Բայց այնպէս կը թուի, թէ ատիկա սառնակոյտին տեսանելի մասն է միայն:
Արդարեւ, Պոլսոյ «Ակօս» թերթը իր վերջին թիւին մէջ (Փետր. 20) կը գրէ, թէ մինչ Անշարժ գոյքերու սեփականատիրութեան փաստաթուղթերու պետական դիւաններուն մէջ Հայոց պատկանող սեփականութեանց վերաբերող տեղեկութիւնները խիստ գաղտնի կը պահուին, անդին՝ պարզուած է, որ Պետական Գանձը այդ ինչքերը գրաւելու աշխատանքները կը շարունակէ:
Թերթը, որպէս նոր եւ վերջին օրինակ կը բերէ հետեւեալը: Թուրքիոյ Պետական Գանձը Պոլսոյ ջրամատակարարման հարցը լուծելու նպատակով պատրաստուած «Մելէն Սույու» ծրագրի շրջագիծին մէջ, Սաքարիա նահանգի Գոճաալի գիւղաքաղաքին կապուած՝ Աչմապաշը եւ Քարափէլիթ գիւղերու բնակիչներուն դէմ դատ բացած եւ անոնց ձեռքէն առած է վերջիններուս կողմէ 75 տարիէ ի վեր գործածուող հողերը:
Տրուած պատճառաբանութի՞ւնը:
Պետական Գանձը պնդած է, թէ խնդրոյ առարկայ գոյքերը «անհետացած անձերու» կը պատկանին եւ ըստ «Էմվալը մէթրուքէ»ի (անհետացած անձերու գոյքերու ճակատագիրը տնօրինող օրէնքներ) տրամադրութեանց, իրեն կը պատկանին: Պետական Գանձը այս ուղղութեամբ գիւղացիներուն դէմ բացած բոլոր դատերն ալ շահած է:
Սակայն հարցը իրաւաբանական գետնի վրայ դիտելու պարագային երկսայրի է: Արդարեւ, ըստ բազմաթիւ իրաւաբաններու, Թուրքիոյ Պետական Գանձին ի նպաստ այս որոշումները ապագային կրնան օրինակ ծառայել իրենց անշարժ գոյքերը ստանալու համար դատի դիմող Հայերուն եւ Յոյներուն: