Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը կը գրէ, թէ քաղաքին հանրապետական դատախազութիւնը հետաքննութիւն բացած է Հրանդ Տինքի գործը լուսաբանած շարք մը լրատու միջոցներու նկատմամբ:

Ատոնց շարքին են՝ «Ակօս», «Միլլիյէթ», «Վաթան», «Ռատիքալ», «Սթար», «Այտընլըք», «Փոսթա» թերթերը, «Տողան» լրատու գործակալութիւնը եւ internethaber.net կայքէջը:

Հետաքննութեան ձեռնարկելու պատճառը Պոլսոյ ապահովութեան վարչութեան ներկայացուցած դատական դիմումն է: Վարչութիւնը մեղադրած է նշեալ լրատու միջոցները 2013 Սեպտեմբեր 17ին Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը «սխալ լուսաբանելու» յանցանքով: Մեղադրականին մէջ յատկապէս նշուած է, որ այդ օրուան լուրերուն մէջ եղած են «զրպարտութիւն, արդար դատավարութեան վրայ ազդելու փորձ, հրապարակաւ նուաստացում՝ պետութեան ապահովութեան կառոյցին»: