- Details
- Category: Հարցազրոյցներ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ, Օգոստոսի կիսուն, Պիքֆայայի մէջ կայացաւ կրթական Գ. խորհրդաժողովը, ուր Յունաստանէն մասնակցութիւն բերաւ մտաւորական եւ կրթական մշակ, Յունաստանի «Ճէնազեան» միջնակարգի նախկին տնօրէն ընկ. Միհրան Քիւրտօղլեանը։
«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը դիմեց իրեն, որպէսզի Ժողովի մթնոլորտի եւ եզրայանգումներու մասին իր տպաւորութիւնները փոխանցէ մեզի։
- Details
- Category: Հարցազրոյցներ
Անցեալ շաբթու մէջ «Ազատ Օր»ի խմբագրատունը այցելեց Արժանթինի 50-ամեայ «Արաքս» երգչախումբի հիմնադիր ու ղեկավար Ժան Ալմուխեանը:
Մեծահամբաւ երգահան ու յօրինողը իր տիկնոջ հետ Աթէնք ժամանած էին կարճ տեւողութեամբ այցելութեան մը համար, նախ քան Հայաստան իրենց այցելութիւնը: Հիւրերու ազնիւ փափաքին ընդառաջելով իրենց «Ազատ Օր»ի խմբագրատուն առաջնորդեց «Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանի տնօրէն ընկ. Ռիքարտօ Երկանեանը:
Երգի ու երաժշտութեան, հայկական մշակոյթի, երկարամեայ իր վաստակին ու արուեստի մասին, բայց նաեւ Յունաստանի մէջ իր կեանքին, ապա Արժանթին մեկ-նումի մասին հետաքրքրական զը-րոյց մը ունեցանք մաէսթրոյին հետ, որու հիմնական բաժիններուն կանդրադառնանք ստորեւ.-
- Details
- Category: Հարցազրոյցներ
Ես կը վախնայի իմ մեծ մայրէս։ Ան տարօրինակ էր։ Կը սոսկայի իր ձեռքերուն եւ դէմքերուն վրայ ունեցած կապոյտ դաջուակներէն (tattoo), այդ սատանայական նշաններէն, որ կարծես կուգային մութ աշխարհէ մը...
Որպէս երեխայ, ես երբեք համարձակութիւնը չէի ունեցած իրեն հարց տալու այդ դաջուածքներու մասին։ Միայն հիմա ես կը գիտակցիմ, թէ ինչ էր այդ տարօրինակ նշաններու իմաստը։ Միայն հիմա ես գիտեմ, որ անոնք բռնութեան եւ ստրկութեան նշաններ էին իր վրայ...
«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը կապ պահելով բեմադրիչ Սիւզան Խարտալեանի հետ, զրոյց մը ունեցաւ իր նոր ժապաւէնի արտադրութեան առիթով։
- Details
- Category: Հարցազրոյցներ
«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը տարբեր առիթներով անդրադարձած է մեծանուն հայ գրող Ուիլիամ Սարոյեանի վաստակին ու գործին, որու մահուան 30րդ տարելիցը կը նշուի այս տարի, ինչպէս եւ ծննդեան 103ամեակը:
- Details
- Category: Հարցազրոյցներ
Չունենք իտէալներ, եղածներն էլ վարկաբեկել ենք»,
կ՛ըսէ Ռուբէն Յովսէփեան
Որպէս գրողի՝ ձեզ ի՞նչն է մտահոգում այսօրուան Հայաստանում եւ ի՞նչն է, որ բոլորովին չի անհանգստացնում:
Բիւրեղացման կենտրոնի բացակայութիւնը: Դա ազգային գիտակցութեան, ազգային արժէքների կենտրոն պէտք է լինէր, որի շուրջ պէտք է համախմբուէին տարբեր կարծիքներ ունեցող մարդիկ: