Իտալիոյ Ծերակոյտի տան մէջ,տեղի ունեցաւ «Հայերը. Ցեղասպանութիւն եւ Իտալական՝ 20րդ դար» խորագիրով գիտաժողովը:

Մարդու իրաւունքներու ոտնահարման անգերազանցելի արարքներ տեղի կ՛ունենան Հալէպի, ի մասնաւորի Նոր Գիւղի շրջանին մէջ: 

Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնէ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Զարմիկ Պօղիկեան։

Նոր տուեալներու հիման վրայ՝ Միացեալ Թա- գաւորութեան կեցուածքը վերագնահատելու պատուէրը իրաւաբան Ճէֆրի Ռոպըրթսընին տուած է Մեծն Բրիտանիոյ Միացեալ Թագաւորութեան Հայ Դատի Յանձնախումբը: 

Գնուած են նաեւ գիրքէն հազար օրինակներ, որ պիտի տրամադրուին քաղաքական, լրատուական եւ այլ շրջանակներու:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց եւ միջազգային զարգացման նախարար Լորան Ֆապիւս Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1ին անդրադարձած է Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ վրայ կա- տարուած յարձակումին՝ խստօրէն դատապարտելով կատարուածը:

Հայ Օգնութեան Միութիւնը՝ իբրեւ համաշխարհային, մարդասիրական ոչ կառավարական կազմակերպութիւն եւ անդամ՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, խստիւ կը դատապարտէ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ եւ յուշակոթողի կործանումը՝ ծայրայեղ իսլամական ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ: