Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի եւ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն ունեցան հանդիպում մը, որ 1979-էն ի վեր իր տեսակին մէջ առաջինն է:

Իրանի նախագահի գրասենեակի քաղաքական հարցերու օգնական Ապու Թալեպի յայտնեց, որ մէկ տարի առաջ երկու ղեկավարները հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած էին, եւ հանդիպումը պիտի ազդէ Թեհրանի հիւլէական թղթածրարի բանակցութեանց վրայ, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի եւ Իրանի, մասնաւորաբար Թեհրանի եւ Լոնտոնի միջեւ յարաբերութեանց մէջ հիմնական փոփոխութիւններու ենթահող պիտի ստեղծէ:
Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ՝Ռուհանի Քամերոնին յայտնած է, որ ահաբեկչութիւնը նպատակներու իրագործման միջոցի վերածելը հակառակ ազդեցութիւնը պիտի ունենայ: Ան նշած է, որ իրանեան կառավարութիւնը աշխատանք կը տանի աշխարհի հետ յարաբերութիւններ մշակելու՝ հիմնուելով փոխադարձ յարգանքի եւ հասարակաց շահերու վրայ՝ աւելցնելով, որ իր երկիրը կը փափաքի Բրիտանիոյ հետ յարաբերութիւնները ամրապնդել, եւ կոչ ուղղած է Իրանի եւ Բրիտանիոյ միջեւ ճամբորդութիւնը դիւրացնելու: