Հայ Օգնութեան Միութիւնը՝ իբրեւ համաշխարհային, մարդասիրական ոչ կառավարական կազմակերպութիւն եւ անդամ՝ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան, խստիւ կը դատապարտէ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ եւ յուշակոթողի կործանումը՝ ծայրայեղ իսլամական ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին հայոց սրբավայրի միտումնաւոր պայթեցումը կրկին անգամ կը փաստէ Թուրքիոյ մեղսակցութիւնն ու դերակատարութիւնը Սուրիոյ քրիստոնեայ եւ մասնաւորապէս‘ հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած յարձակումներուն եւ հալածանքներուն: Տէր Զօրի մատուռը, կառուցուած այն նոյն անապատին հողերուն վրայ, ուր 1915 թուականին հայ այրեր, կիներ ու երեխաներ տառապեցան եւ նահատակուեցան, ցարդ վառ կը պահէր Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Զուգադիպութիւն չէ, որ սրբազան վայրի բարբարոսական այս աւերումը գործադրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 23-ամեակի տօնակատարութիւններուն աւարտին» նշուած է ՀՕՄի կողմէ տարածուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ: