Voskanapat.info կայքէջի հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն՝
Ատրպէյճանը Սուրիոյ զինեալներուն 500 հազար եւրօ տրամադրած է

Հալէպի շրջակայքին ընթացած զինուած բախումներու  պատճառով, յայտնի դարձաւ թէ  սպաննուած զինեալներու թիւին մէջ չորս ատրպէյճանցի զինեալներ կային: Սպաննուած ատրպէյճանցիներու քաղաքացիութինը յայտնի դարձած է իրենց մօտ գտնուող փաստաթուղթերէն:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը՝  վկայակոչելով սուրիական ՍԱՆԱ գործակալութիւնը, սպաննուած է նաեւ  թուրք զինեալ մը:
Voskanapat.info կայքէջի հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Ատրպէյճանը Սուրիոյ զինեալներուն 500 հազար եւրոյի չափ հասնող գումար տրամադրած է:
Նախապէս տեղեկութիւններ կային, որ Սուրիայ մէջ նախագահ Պաշար ալ Ասատի իշխանութեան դէմ հակակառավարական շարժումներու սկիզբէն արդէն, Ատրպէյճանը Թուրքիոյ հետ աշխուժ աջակցութիւն ցուցաբերած են զինեալներուն: Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ծառայութեան աշխատակիցները  սուրիական Իտլեպ շրջանը վերածած են զինուած  ընդդիմութեան գլխաւոր յենակէտերէն մէկու: Յայտնի է, որ Ատրպէյճանի զինեալները նախքան Սուրիա մուտ գործելը կը վերապատրաստուին Հաթայի մէջ, որ կը գտնուի թուրք-սուրիական սահմանի մօտ:
Բնակիչներու հետ համագործակցաբար՝ կառավարական ուժերը զինեալներէ մաքրած են Հալէպի Շեյխ Սայիտ թաղամասը: Բախումներ  տեղի ունեցած են նաեւ Պուսթան Բաշա, Քալլասա շրջաններուն մօտ:
«Ալ Ճազիրա»ն կը տեղեկացնէ, որ Սուրիոյ տարածքէն ներս, մասնաւորապէս Տէր Զօրի մէջ, Դամասկոսի արուարձններուն մօտ կառավարական  ուժերու եւ զինեալներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներու հետեւանքով Նոյեմբեր 11-ին 61 մարդ սպաննուած է:
Կայքէջի փոխանցած լուրերուն համաձայն՝ Տէր  Զօրի Պուքմալ քաղաքը ենթարկուած է օդային յարձակման, որու հետեւանքով տասնեակ մարդ զոհուած ու վիրաւորուած է: