altԵ­րե­ւա­նի մէջ, Հան­րա­յին Ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը Հա­մա­կար­գող Յանձ­նա­խում­բի շէն­քին առ­ջեւ, Յու­նիս 17ին տե­ղի ու­նե­ցած է դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սարդ­նե­րու կազ­մա­կեր­պած բո­ղո­քի ցոյ­ցը, ո­րուն մաս­նա­կից­նե­րը կը պա­հան­ջէին, որ դադ­րի ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան հո­սան­քի սա­կի վե­րա­տե­սու­թեան նիս­տը եւ Յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ Ռո­պերթ Նա­զա­րեան իջ­նէ ու բա­ցատ­րու­թիւն տայ ի­րենց՝ կա­տա­րո­ւած ա­պօ­րի­նու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ:

Ոս­տի­կան­նե­րը թոյլ չեն տո­ւած, որ ցու­ցա­րար­նե­րը մայ­թին վրայ ցոյց ը­նեն, այդ իսկ պատ­ճա­ռով վեր­ջին­ներս ստի­պո­ւած էին ճամ­բուն եր­թե­ւե­կե­լի հա­տո­ւա­ծին մէջ ցոյ­ցը շա­րու­նա­կել, իսկ ոս­տի­կան­նե­րը նոյն­պէս փոր­ձած են խո­չըն­դո­տել:

Ոս­տի­կան­նե­րուն եւ ցու­ցա­րար­նե­րուն մի­ջեւ տե­ղի ու­նե­ցած է բա­խում, որ հար­թո­ւած է: Հս­կող ոս­տի­կան­նե­րը հա­մալ­րո­ւած են նոր ու­ժե­րով, իսկ շար­ժու­մին մաս­նա­կից­նե­րը շա­րու­նա­կած են բա­ցա­գան­չել՝ «դադ­րե­ցու­ցէ՛ք նիս­տը», «ա­մօ՛թ»: Յայտ­նենք, որ ցոյ­ցի ըն­թաց­քին ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը բեր­ման են­թար­կած է 7 դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սարդ­ներ:

Ի վեր­ջոյ Հ.Յ.Դ.ի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը յա­ջո­ղած է Հան­րա­յին Ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը Հա­մա­կար­գող Յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն փո­խան­ցել ցու­ցա­րար­նե­րուն պա­հան­ջը:

Ցու­ցա­րար­նե­րու ա­նու­նով՝ Հ.Յ.Դ. Հա­յաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան նա­խա­գահ Վա­հագն Մա­տի­նեան շէնք բարձ­րա­ցած եւ ներ­կայ գտնո­ւած է Հան­րա­յին Ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը Հա­մա­կար­գող Յանձ­նա­խում­բի նիս­տին: Ան խօսք առ­նե­լով նախ տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ տա­կա­ւին եր­կու օր ա­ռաջ փա­փաք յայտ­նած է նիս­տին մաս­նակ­ցե­լու, սա­կայն իր փա­փա­քը մեր­ժո­ւած է: Պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւ­նը ե­ղած է` «տեղ չկայ»: «­Հա­ւա­նա­բար թիւ­րի­մա­ցու­թիւն ե­ղած է»,- ար­ձա­գան­գած է Նա­զա­րեան:

Իսկ Մա­տի­նեան յայ­տա­րա­րած է, որ թէեւ դուր­սը ե­ղած է, խօս­քե­րուն չէ հե­տե­ւած, բայց բո­լո­րը վստահ են` այս սա­կը ար­դա­րա­ցո­ւած չէ: «­Մենք` ոչ ար­հես­տա­վարժ­ներս, ան­ցեալ տա­րի­նե­րու պարտ­քե­րուն հա­մար վճա­րե­ցինք, եւ ա­տի­կա նե­րա­ռո­ւած էր բարձ­րա­ցած սա­կին մէջ, ին­չո՞ւ կրկին կը բարձ­րա­նայ»,- ը­սած է ան եւ փո­խան­ցած է ցու­ցա­րար­նե­րուն խնդրանք-պա­հան­ջը՝ չբարձ­րաց­նե­լու ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան հո­սան­քի սա­կը, իսկ ե­թէ կա­րե­լի չէ այդ հար­ցը լու­ծել, կը խնդրեն յե­տաձ­գել ո­րոշ­ման կա­յա­ցու­մը, մա­նա­ւանդ որ Հա­յաս­տա­նի Ե­լեկտ­րա­կան Ցան­ցեր ըն­կե­րու­թեան ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Եւ­կե­նի Պի­պին նոյ­նիսկ ե­կած չէ:

Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Ար­մէն Ռուս­տա­մեան լրագ­րող­նե­րուն հետ զրոյ­ցին ըն­թաց­քին նշած է, որ պէտք է Հա­յաս­տա­նի Ե­լեկտ­րա­կան Ցան­ցեր ըն­կե­րու­թիւ­նը սնանկ ճանչ­նա­լու հո­լո­վոյթ սկսիլ, ո­րով­հե­տեւ ըն­կե­րու­թիւ­նը շատ կարճ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցի մը մէջ կրկնա­կի ան­գամ սա­կը բարձ­րաց­նե­լու յայտ ներ­կա­յա­ցու­ցած է:

«Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով ժո­ղո­վուր­դին ըն­կե­րա­յին ծանր վի­ճա­կը, մենք կը պատ­րաս­տենք հա­մա­պա­տաս­խան ա­ռա­ջարկ, որ­պէս­զի սահ­մա­նո­ւի բարձ­րա­գոյն սա­կը եւ ա­տի­կա պէտք է հա­մա­պա­տաս­խա­նե­ցո­ւի կեն­սաա­պա­հով­ման նո­ւա­զա­գոյն զամ­բիւ­ղին»,- ը­սած է Ա. Ռուս­տա­մեան:

Ա­ւե­լի ուշ, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ոս­տի­կա­նու­թեան Ե­րե­ւա­նի վար­չու­թեան Կեդ­րո­նի բա­ժի­նէն ա­զատ ար­ձա­կո­ւած են ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան թան­կաց­ման դէմ բո­ղո­քի ցոյց ի­րա­կա­նաց­նող դաշ­նակ­ցա­կան 7 ե­րի­տա­սարդ­նե­րը:

­Հա­յաս­տան գեր­մա­նա­կան ­Վե­րա­կանգն­ման Վար­կե­րու Դրա­մա­տու­նէն (KfW) 205 մի­լիոն եւ­րօ ար­տօ­նեալ վարկ եւ 4,9 մի­լիոն եւ­րօ դրա­մաշ­նորհ պի­տի ստա­նայ:

12րդ «Ոսկէ Ծիրան»ը այս տարի ստացած է աւելի քան 1600 յայտ 105 երկիրներէ։ Ընտրուած մօտ 200 ժապաւէնները բաշխուած են 4 մրցութային ու արտամրցութային ծրագրերու։

Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վին մէջ ­Յու­նիս 15ին քննար­կո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին ստո­րագ­րած եւ Եւ­րա­սիա­կան Տն­տե­սա­կան ­Միու­թեան ­Խըր­խը­զիս­տա­նի միաց­ման մա­սին հա­մա­ձայ­նագ­րին ­Հա­յաս­տա­նի կող­մէ վա­ւե­րաց­ման հար­ցը: ­Հիմ­նա­կան զե­կու­ցա­բե­րին՝ Հ.Հ. մի­

Հ.Հ. նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգըս­եան ­Յու­նիս 15ին հրա­մա­նա­գիր ստո­րագ­րած է գնդա­պետ-զօ­րա­վար ­Լիո­վա Մ­նա­ցա­կա­նեա­նը ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­