Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վին մէջ ­Յու­նիս 15ին քննար­կո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին ստո­րագ­րած եւ Եւ­րա­սիա­կան Տն­տե­սա­կան ­Միու­թեան ­Խըր­խը­զիս­տա­նի միաց­ման մա­սին հա­մա­ձայ­նագ­րին ­Հա­յաս­տա­նի կող­մէ վա­ւե­րաց­ման հար­ցը: ­Հիմ­նա­կան զե­կու­ցա­բե­րին՝ Հ.Հ. մի­ ջազ­գա­յին տնտե­սա­կան հա­մարկ­ման եւ բա­րե­փո­խում­նե­րու նա­խա­րա­րի ա­ռա­ջին տե­ղա­կալ ­Սու­րէն ­Կա­րա­յեա­նին հար­ցում ուղ­ղած է ­Ժա­ռան­գու­թիւն խմբակ­ցու­թեան պատ­գա­մա­ւոր ­Զա­րու­հի ­Փոս­տան­ջեան: «­Հա­յաս­տան մին­չեւ հի­մա Եւ­րա­սիա­կան Տն­տե­սա­կան ­Միու­թեան ան­դամ ըլ­լա­լով, ի՞նչ օ­գուտ­ներ ստա­ցած է: Ինչ­պէ՞ս կը գնա­հա­տէք ­Հա­յաս­տան-Իրան եր­կա­թու­ղիին վե­րա­բե­րեալ ռու­սա­կան դիր­քո­րո­շու­մը, ո­րով­հե­տեւ երբ մենք կ­՛ու­զենք հա­մար­կուիլ ո­րե­ւէ տնտե­սա­կան տա­րած­քի հետ, ին­չո՞ւ ­Ռու­սիա այս­պի­սի կարծր դրսե­ւո­րում­նե­րով հան­դէս կու գայ»,- հար­ցու­ցած է պատ­գա­մա­ւոր ­Փոս­տան­ջեան:

­Սու­րէն ­Կա­րա­յեան նշած է, որ ա­տի­կա ոչ թէ ­Ռու­սիոյ, այլ սե­փա­կան ըն­կե­րու­թեան ղե­կա­վա­րին դիր­քո­րո­շումն է: Ինչ կը վե­րա­բե­րի Ի­րա­նի հետ կա­պուած խնդիր­նե­րուն, ըստ փոխ-նա­խա­րա­րին, Եւ­րա­սիա­կան Տն­տե­սա­կան ­Միու­թեան ան­դամ եր­կիր­նե­րը ար­դէն հա­մա­ձայ­նու­թիւն տո­ւած են, որ Ե.Տ.Մ.ի հետ Ի­րա­նի հա­մար­կու­մը ա­րա­գօ­րէն զար­գա­նայ եւ մօ­տիկ ա­պա­գա­յին կը սկսին բա­նակ­ցու­թիւն­ներ Ի­րա­նի ու Եւ­րա­սիա­կան Տն­տե­սա­կան ­Միու­թեան մի­ջեւ: ­Զա­րու­հի ­Փոս­տան­ջեան ա­ռար­կած է՝ ը­սե­լով, որ խօս­քը ոչ թէ սե­փա­կան ըն­կե­րու­թեան դիր­քո­րոշ­ման մա­սին է, այլ այդ ըն­կե­րու­թիւ­նը յստակ շահ կը հե­տապն­դէ, ա­տի­կա ռու­սա­կան դրա­մագ­լու­խով ռու­սա­կան շահ հե­տապն­դող ըն­կե­րու­թիւն է, ու­րեմն այդ ըն­կե­րու­թիւ­նը կ­՛ի­րա­կա­նաց­նէ ­Ռու­սիոյ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, որ կ­՛ը­նէ ա­մէն ինչ, որ­պէս­զի ­Հա­յաս­տան չկա­րե­նայ դուրս գալ շրջա­փա­կու­մէն:

­Սու­րէն ­Կա­րա­յեան վստա­հե­ցու­ցած է, որ ­Հա­յաս­տան-Ի­րան եր­կա­թու­ղիի խնդի­րը ­Հա­յաս­տա­նի ո­րո­շե­լիք հարցն է: Եր­կա­թու­ղին պի­տի կա­ռու­ցո­ւի, ար­դէն աշ­խա­տանք­ներ սկսած են: Ըստ ա­նոր, Ի­րա­նի հետ Եւ­րա­սիա­կան Տն­տե­սա­կան ­Միու­թեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը միայն ու միայն կը նպաս­տէ ­Հա­յաս­տան-Ի­րան եր­կա­թու­ղիի կա­ռուց­ման: