Երեւանի մէջ, Հանրային Ծառայութիւնները Համակարգող Յանձնախումբի շէնքին առջեւ, Յունիս 17ին տեղի ունեցած է դաշնակցական երիտասարդներու կազմակերպած բողոքի ցոյցը, որուն մասնակիցները կը պահանջէին, որ դադրի ելեկտրականութեան հոսանքի սակի վերատեսութեան նիստը եւ Յանձնախումբի նախագահ Ռոպերթ Նազարեան իջնէ ու բացատրութիւն տայ իրենց՝ կատարուած ապօրինութիւններուն վերաբերեալ:
Ոստիկանները թոյլ չեն տուած, որ ցուցարարները մայթին վրայ ցոյց ընեն, այդ իսկ պատճառով վերջիններս ստիպուած էին ճամբուն երթեւեկելի հատուածին մէջ ցոյցը շարունակել, իսկ ոստիկանները նոյնպէս փորձած են խոչընդոտել:
Ոստիկաններուն եւ ցուցարարներուն միջեւ տեղի ունեցած է բախում, որ հարթուած է: Հսկող ոստիկանները համալրուած են նոր ուժերով, իսկ շարժումին մասնակիցները շարունակած են բացագանչել՝ «դադրեցուցէ՛ք նիստը», «ամօ՛թ»: Յայտնենք, որ ցոյցի ընթացքին ոստիկանութիւնը բերման ենթարկած է 7 դաշնակցական երիտասարդներ:
Ի վերջոյ Հ.Յ.Դ.ի ներկայացուցիչը յաջողած է Հանրային Ծառայութիւնները Համակարգող Յանձնախումբի անդամներուն փոխանցել ցուցարարներուն պահանջը:
Ցուցարարներու անունով՝ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան նախագահ Վահագն Մատինեան շէնք բարձրացած եւ ներկայ գտնուած է Հանրային Ծառայութիւնները Համակարգող Յանձնախումբի նիստին: Ան խօսք առնելով նախ տեղեկացուցած է, որ տակաւին երկու օր առաջ փափաք յայտնած է նիստին մասնակցելու, սակայն իր փափաքը մերժուած է: Պատճառաբանութիւնը եղած է` «տեղ չկայ»: «Հաւանաբար թիւրիմացութիւն եղած է»,- արձագանգած է Նազարեան:
Իսկ Մատինեան յայտարարած է, որ թէեւ դուրսը եղած է, խօսքերուն չէ հետեւած, բայց բոլորը վստահ են` այս սակը արդարացուած չէ: «Մենք` ոչ արհեստավարժներս, անցեալ տարիներու պարտքերուն համար վճարեցինք, եւ ատիկա ներառուած էր բարձրացած սակին մէջ, ինչո՞ւ կրկին կը բարձրանայ»,- ըսած է ան եւ փոխանցած է ցուցարարներուն խնդրանք-պահանջը՝ չբարձրացնելու ելեկտրականութեան հոսանքի սակը, իսկ եթէ կարելի չէ այդ հարցը լուծել, կը խնդրեն յետաձգել որոշման կայացումը, մանաւանդ որ Հայաստանի Ելեկտրական Ցանցեր ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Եւկենի Պիպին նոյնիսկ եկած չէ:
Ազգային Ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին նշած է, որ պէտք է Հայաստանի Ելեկտրական Ցանցեր ընկերութիւնը սնանկ ճանչնալու հոլովոյթ սկսիլ, որովհետեւ ընկերութիւնը շատ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ կրկնակի անգամ սակը բարձրացնելու յայտ ներկայացուցած է:
«Նկատի ունենալով ժողովուրդին ընկերային ծանր վիճակը, մենք կը պատրաստենք համապատասխան առաջարկ, որպէսզի սահմանուի բարձրագոյն սակը եւ ատիկա պէտք է համապատասխանեցուի կենսաապահովման նուազագոյն զամբիւղին»,- ըսած է Ա. Ռուստամեան:
Աւելի ուշ, Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան Երեւանի վարչութեան Կեդրոնի բաժինէն ազատ արձակուած են ելեկտրականութեան թանկացման դէմ բողոքի ցոյց իրականացնող դաշնակցական 7 երիտասարդները: