- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Հ.Հ. եւ Ռ.Դ. կառավարութիւնները ստորագրած են ռուսական $200 միլիոն վարկի տրամադրման համաձայնագիր: Ըստ համաձայնագիրի յաւելուածին, Հայաստան պիտի գնէ «Սմերչ» համազարկային հակազդեցիկ կրակի համակարգներ, «Թօս 1-Ա» ծանր հրանետային համակարգեր, «Իկլա-Ս» դիւրակիր հակաօդային պաշտպա
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Արցախի սահմանամերձ Մատաղիս աւանին մէջ, Փետրուար 16ին, կայացաւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի բարձրաստիճան զինուորականներուն համար կառուցուած բազմաբնակարան բնակելի շէնքի բացման հանդիսութիւնը: Սպաներու բնակարանամուտի արարողութեան մասնակցած է նաեւ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան։ Այս մասին կը յայտնէ Արցախի ղեկավարի կայքէջը: Նշենք, որ նախորդ տարի՝ 2015ի Նոյեմբերին,Ստեփանակերտի մէջ 176 բնակարան յանձնուած է սպաներուն։
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
2016 թուականի Սեպտեմբերին կը սպասուի Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի այցը Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածին. այս մասին յայտարարուած է Փետրուար 16-18ին Մայր Աթոռի մէջ տեղի ունեցած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի` ընդլայնուած կազմով ժողովի ընթացքին, կը հաղորդէ «Սիվիլնէթ»ը: Այցը կազմակերպելու առնչութեամբ Մայր
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Բազմավաստակ համալսարանականներ, ակադեմիկոսներ Արսէն Տէրտէրեանի, Հրանդ Թամրազեանի, Էդուարդ Ջրբաշեանի եւ Գուրգէն Սեւակի կիսանդրիները պիտի զարդարեն Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական կաճառի ճեմասրահը:
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան 18 Փետրուարին «Ազատութիւն» կայանին տուած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ երկու ուժերուն մշակած փաստաթուղթը պիտի կոչուի «Քաղաքական համագործակցութեան մասին համաձայնագիր»: