2016 թուականի Սեպտեմբերին կը սպասուի Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապի այցը Մայր Աթոռ Սբ. Էջմիածին. այս մասին յայտարարուած է Փետրուար 16-18ին Մայր Աթոռի մէջ տեղի ունեցած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի` ընդլայնուած կազմով ժողովի ընթացքին, կը հաղորդէ «Սիվիլնէթ»ը: Այցը կազմակերպելու առնչութեամբ Մայր
Աթոռը կապի մէջ է Վատիկանի հետ:
Հռոմի Պապ Ֆրանչիսկոսի` Հայաստան սպասուող այցի մասին մամուլը տեւական ժամանակէ կը գրէ: Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան դեռ 2014ի Սեպտեմբերին Հռոմի Պապին պաշտօնապէս հրաւիրած էր 2015 թուականին այցելել Հայաստան: Համաձայն նախագահի մամուլի գրասենեակի հաղորդագրութեան` Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունած էր հրաւէրը` վստահեցնելով, որ իր սրտի ցանկութիւնն է գալ Հայաստան:
Վերջին շրջանին մամուլի մէջ կը նշուէին Ֆրանչիսկոս Պապի` Հայաստան այցի հնարաւոր տարբեր ամսաթիւեր, որոնց մէջ` 2016ի Ապրիլը: Անցեալ շաբաթ իտալական La Stampa թերթը գրած էր, որ Վատիկան կ՛աշխատի Հռոմի Պապի` Հայաստան հնարաւոր այցի կազմակերպման ուղղութեամբ: Պարբերականը նշած էր, որ այցի նախնական ժամկէտ սահմանուած էր Յունիսը, սակայն այդ ժամանակահատուածին Կրետէի մէջ պիտի կայանայ ուղղափառ եկեղեցիներու սինոդը, ուստի այցը, ամենայն հաւանականութեամբ, տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբերին: La Stampaն գրած էր նաեւ, որ Ֆրանչիսկոսի հայաստանեան այցի ծիրէն ներս կը նախատեսուին այցեր նաեւ Վրաստան եւ Ատրպէյճան: Ֆրանչիսկոս Պապը Կաթոլիկ եկեղեցւոյ երկրորդ առաջնորդն է, որ պիտի այցելէ Հայաստան: