Հ.Հ. կառավարութիւնը այսօր հաստատեց որոշման նախագիծ մը, որով չեղեալ յայտարարեց «Կարէն Դէմիրճեանի անուան Մարզահամերգային Համալիր» Պ.Ո.Ա.Կ.ը լուծարելու մասին 2015ի Օգոստոսին կայացուցած իր նախկին որոշումը,- կը հաղորդէ «Մետիամասք»:
Հ.Հ. պաշտպանութեան փոխ-նախարար Արա Նազարեանի փոխանցմամբ` որոշումը հիմնաւորուած է, որովհետեւ «ՆՏԱԱ Ինվեստմընթ Կրուփ» Ս.Պ.Ը.ն, օտարուած պետական սեփականութիւն հանդիսացող գոյքին դիմաց, վճարումները սահմանուած ժամկէտներու մէջ չէ իրականացուցած:
Որոշումը ուժի մէջ մտնելէ ետք, 10նօրեայ ժամկէտի մէջ, պաշտպանութեան նախարարութիւնը պէտք է լուծարէ «ՆՏԱԱ Ինվեստմընթ Կրուփ» Ս.Պ.Ը.ի հետ 2015ի Սեպտեմբեր 1ին կնքուած անշարժ գոյքի առուվաճառքի պայմանագիրը:
Հ.Հ. վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան յանձնարարած է պատրաստել նախագիծ, որով համալիրի բաժնետոմսերու կառավարումը պաշտպանութեան նախարարութենէն պիտի փոխանցուի Պետական Գոյքի Կառավարման վարչութեան: Յիշեցնենք, որ Մարզահամերգային Համալիրը, որ 2014 թուականի Օգոստոսին յանձնուած էր պաշտպանութեան նախարարութեան, մէկ տարի անց $30 միլիոնի համարժէք դրամով վաճառուած էր «ՆՏԱԱ Ինվեստմընթ Կրուփ» Ս.Պ. ընկերութեան: