Կազմակերպուած աշխատանք, Եւրոպահայութեան հզօր ներուժի համախմբում

Ժողովին կը մասնակցին Յունաստանի Ազգային Վարչութեան ատենապետ Արա Մանկոյեան, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութեան անդամներ եւ «Ազատ Օր»ի ներկայացուցիչը

Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին

Սեպտեմբեր 24, 2013-ին, Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններէն երկու շաբաթ առաջ, Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցաւ կլոր սեղանի զրոյց մը՝ Ատրպէյճանի մարդկային իրաւունքներու շուրջ։

ՀՅԴ մամլոյ դիւանը կը տեղեկացնէ թէ Սեպտեմբեր 17-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան Աթէնքի մէջ հանդիպեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի նախագահ, Յունաստանի ՓԱՍՈՔ կուսակցութեան նախկին ղեկավար եւ երկրի նախկին վարչապետ Ճ. Փափանտրէուի հետ։

Ուրուկուէյի հանրայայտ քաղաքական գործիչ Լիպեր Սերենիի անուան հիմնադրամի կեդրոնը հրաւիրած էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Ընկերվար միջազգայնականի փոխ նախագահ Մարիօ Նալպանտեանը՝ դասախօսութիւն մը տալու «Հարաւային Կովկասի ներկայ իրավիճակը եւ ապագայի մարտահրաւէրներ» նիւթով:

Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուց Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի կառուցման նախագիծը: