ՀՅԴ մամլոյ դիւանը կը տեղեկացնէ թէ Սեպտեմբեր 17-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան Աթէնքի մէջ հանդիպեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի նախագահ, Յունաստանի ՓԱՍՈՔ կուսակցութեան նախկին ղեկավար եւ երկրի նախկին վարչապետ Ճ. Փափանտրէուի հետ։
Արծարծուած հարցերն էին ֆինանսական տագնապի ազդեցութիւնը աւելի լայն տարածաշըրջանին վրայ, Ընկերվար Միջազգայնականի շրջանակներուն մէջ հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր եւ Կովկասի ու Մերձաւոր Արեւելքի վերջին զարգացումները։
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը Ընկերվար Միջազգայնա- կանի նախագահին հրաւիրեց Հայաստան: Փափանտրէու ընդունեց հրաւէրը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ընկերվար Միջազգայնականէն ներս ՀՅԴ-ի գործօն մասնակցութեան եւ ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեճ Ծովեան տարածաշրջանային յանձնախումբի մէջ ներդրումի գծով:
Ընկերվար Միջազգայնականը (Socialist International) ընկերվար-ժողովրդավարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է։ Այն կը համախմբէ բոլոր մայրցամաքներէն աւելի քան 140 երկիրներու 170 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ։
ԱՊՀ երկիրներու կուսակցութիւններէն լիիրաւ անդամի կարգավիճակ ստացած առաջին կուսակցութիւնը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է (2003ին):