Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին

Սեպտեմբեր 24, 2013-ին, Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններէն երկու շաբաթ առաջ, Եւրոպական Խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցաւ կլոր սեղանի զրոյց մը՝ Ատրպէյճանի մարդկային իրաւունքներու շուրջ։

Անգամ մը եւս, Եւրոխորհրդարանի երեսփոխաններու թիւ մը քննադատեց Ատրպէյճանը՝ հիմնուելով մարդկային իրաւունքներու ցած մակարդակին եւ ժողովրդավարական արժէքներու բացակայութեան վրայ: Եւրո-երեսփոխանները շեշտեցին, թէ քաղաքական անձեր, լրագրողներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ յաճախ կը «հիւրընկալուին» երկրի բանտերէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ հիմնական մարդկային իրաւունքները, ինչպիսին են ազատ արտայատուելու եւ ազատ հաւաք կազմակերպելու իրաւունքները կը խախտուին իշխանութիւններուն կողմէ:

«Կ'ուզենք տեսնել ազատ եւ արդար ընտրութիւններ: Տարածաշրջանէն ներս Ատրպէյճանը ունի քաղաքական բանտարկեալներու ամէնէն բարձր թիւը, նոյնիսկ Պելարուսէն աւելի» ըսաւ Անա Կոմես (Ընկերվարականներ եւ ժողովրդավարներ, Փորթուկալ): Եւրոպայի արտաքին յարաբերութեանց գերատեսչութեան ներկա-յացուցիչը նշեց, թէ «ժողովրդավարութիւնը, հիմնական հարց է կայուն յարաբերութիւն ունենալու համար եւ մենք պիտի շարունակենք աւելին ակնկալել Ատրպէյճանէն»:

Ազերի երեսփոխան Ֆուատ Մուրատով ըսաւ, թէ Եւրոպան փաստ չունի Ատրպէյճանի սխալ ընթացքը ապացուցելու համար: Անոր գործնկեր Ասիմ Մոլազատէն, որպէս իր երկրի յառաջդիմութեան փաստ, նկատեց շրջանին մէջ ամէնէն արագ համացանց ունենալու իրողութիւնը: Վերոնշեալները խստիւ դապարարտուեցան եւրոերեսփոխաններուն կողմէ որպէս Ատրպէյճանի իրականութիւնը չարտայայտող յայտարարութիւններ:

Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի յանձնախումբի նախագահ՝ Գասպար Կարապետեան ըսաւ, թէ դարձեալ մատնանշուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումը: «Որքա՞ն ժամանակ դեռ Եւրոպան պիտի պահէ Ատրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւնը ակնկալումներու եւ մաղթանքներու մակարդակի վրայ: Հասած է այն պահը, երբ Եւրոպան պէտք է խօսքը վերածէ գործի եւ սկսի պահանջել, փոխանակ յոյսերու վրայ մնալ»: