Հայրենիք»-ի մէջ (18 Յունուար) կը կարդանք.-  Ծանօթ է մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն՝ մայր Սոֆիա Յակոբեանի 100.000 տոլարի նուիրատուութիւնը Հայ Օգնութեան Միութեան, անցեալ տարի:

Կարեւոր այդ նուիրատուութեամբ՝ հիմը դրուած էր «Հայ Օգնութեան Միութեան Լեւոն Յակոբեան եւ Սոֆիա Յակոբեան յիշատակի ֆոնտին», որով կ՛առաջադրուէր արդար յաւերժացումի արժանացնել բարի անունը հայրենասէր եւ ազգանուէր հայուն՝ ողբացեալ Լեւոն Յակոբեանի: Այժմ մայր Սոֆիա Յակոբեանի 5000 տոլարի նոր նուիրատուութեամբ այդ ֆոնտին հիմնադրամը կը բարձրանայ 15.000 տոլարի:

Կեսարիայէն 10 Յունուար թուականով կը գրեն Պոլսոյ «Մարմարա» թերթին.- Այս տարուան Ս. Ծննդեան տօնին թէեւ ձիւն ու բուք չունէինք, սակայն սաստիկ ցուրտ կար: Այսուհանդերձ դարձեալ առտուան ժամը չորսուկէսին զանգակի ղօղանջումներուն ի լուր հաւատացեալներ խումբ առ խումբ ժամանեցին եկեղեցի, որ մինչեւ Ս. պատարագի սկզբնաւորութիւնը լեցուած էր ամբողջովին: Ս. պատարագը սկսաւ ժամը 7:00-ին: Հակառակ սաստիկ ցուրտին, Թալասի, Կիկիի եւ Կեմերեկի հայերէն մինչեւ Կեսարիա եկողներ կային, ծննդեան եւ ճրագալոյցի պատարագներուն եւ ջրօրհնէքի հոգեզմայլ երգեցողութեանց եւ սրբազան արարողութեանց ներկայ գտնուելու համար: «Հայ Մեր»-ի ժամանակ երկարամեայ մեր ժրաջան հոգեւոր հովիւ տ. Հայկազուն Ա. քահանայ Կարապետեան հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ մասին գեղեցիկ  քարոզ մը խօսելով՝ հոգեկան սփոփանք պատճառեց ժողովուրդին:

Տիգրան Պետրոսեան եւ Կրիկորիչ (Եուկոսլաւիա) 12,5 կէտով Գ. հանդիսացան Եուկոսլաւիոյ մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային մրցումին: Առաջին եւ երկրորդ տեղերը գրաւեցին Միխայիլ Տալ (Խորհրդային Միութիւն) եւ Ռ. Ֆիշըր (Միացեալ Նահանգներ):