-Յունուարի մէջ Թեսաղոնիկէի Խ.Ա.Ն.ի ընդարձակ սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդաց միութեան «Դանիէլ Վարուժան» խումբի երեկոյթը, որ արձանագրեց իր տեսակին մէջ գրեթէ աննախընթաց յաջողութիւն մը: Օրեր առաջ, Երիտասարդացի վարչութիւնն ու երկսեռ անդամները լծուած էին մեղուաջան

աշխատանքի: Առաջադրած էին հանրութեան ներկայացնել ոչ միայն գեղարուեստական ձեռնարկ մը՝ այլ նաեւ անոր վայելել տալ հայրենի աշխարհի ամանորեան սովորութիւններն ու բարքերը: Սրահին մուտքին հայրենակիցները կը դիմաւորուէին հայկական տարազներով սիրուն հայուհիներու եւ հայորդիներու կողմէ: Սրահը յարդարուած էր հայկական ոճով: Երիտասարդացի խօսնակը երեկոյթը բացաւ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծնունդի մաղթանքներով: Ապա լոյսերը մարեցան եւ սրահը լուսաւորուեցաւ մոմերով: Երիտասարդացի պարախումբը պարուսոյց տիկին Մերի Մանուկեանի ղեկավարութեամբ՝ արժանացաւ երկար ծափերու: Յաջորդաբար՝ Կարապետ Գալֆայեան ցաւով հաղորդելով ներկաներուն, հազիւ քանի մը ժամ առաջ ստացուած վեթերան ընկերոջ՝ Մալխասի մահուան գոյժը, հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեանի յոտընկայս լռութեամբ յարգել յիշատակը մեծ յեղափոխականին եւ գրագէտին: Երեկոյթը իր ներկայութեամբ պատուած էր նաեւ նորվեկիական հայասիրական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ եւ Գոքինիոյ հայկական ծերանոցի տնօրէն՝ պրն. Վիզէր, որ իր գոհունակութիւնն ու հիացումը յայտնեց տիրող խանդավառութեան համար:

- Յունուար 18, գիշերուան ժամը 11:45-էն 1:00, Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան տաճարի Քրիստոսի Ս. Այրէն, մեծահանդէս տօնախմբութեամբ ձայնասփռուեցաւ գիշերային ժամերգութեան խորհրդաւոր մէկ մասը, Ամմանի Յորդանանի Հաշիմական ռատիօ-կայանէն: Արարողութեան վերջաւորութեան Տ. Եղիշէ Ս. պատրիարք հայրը տուաւ իր պատգամը, ուղղուած՝ Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ զաւակաց, ի սփիւռս աշխարհի: