Հալէպի հայաբնակ թաղերուն դէմ վերջին օրերու ընթացքին սանձազերծուած հրթիռարձակումները, պայթումները եւ ծանրագոյն լարուած պատերազմական վիճակը, ահաւոր աղէտահար իրավիճակի մատնած են Հալէպահայութիւնը, որ լուռ հաստատակամութեամբ եւ տոկունութեամբ կը դիմադրէ կացութեան:

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ.- Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանը Երեքշաբթի, Յունիս 3ին ընդունած է իր վճռաբեկ ատեանին՝ Մեծ պալատին, մօտ քննել Զուիցերիոյ կառավարութեան կողմէ Մարտ 17ին ներկայացուած դիմումը՝ թուրք ազգայնամոլ Տողու Փերինչեքի ի նպաստ Դեկտեմբեր 17, 2013ի վճիռը բեկանելու մասին:

Վեհափառ Հայրապետին Վատիկան կատարած այցելութեան կարեւոր երեսներէն մէկը հանդիսացաւ իր խօսքը Վատիկանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեամբ զբաղող կեդրոնին մէջ։

Երէկ, Վատիկանի մէջ, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան վեհափառ հայրապետը մանրամասնօրէն տեղեակ պահեց վերջին երկու օրերուն Հալէպի, մասնաւորաբար Նոր Գիւղի շրջանի հայահոծ թաղամասերուն մէջ կատարուած սարսափելի ռմբակոծումներուն մասին:

Հալէպի Նոր Գիւղի շրջանը՝ ԱՂԷՏԵԱԼ ԳՕՏԻ

Յունիս ամսուան առաջին օրէն սկսեալ՝ Հալէպի ընդհանրապէս եւ Նոր Գիւղի մասնաւորապէս վիճակը ահաւորապէս վատացած է:
Ահաբեկիչ խմբաւորումներու կողմէ, որոնց կարեւոր բաժինը ուղղակի թուրք կամ թրքամէտ արմատական ահաբեկչական խումբեր են, ամէն տեսակի կործանարար հրթիռներ ու հրասանդներ տեղացին եւ կը շարունակեն տեղալ խաղաղ բնակչութեան վրայ: