Բնական կազի ռուսական ԿԱԶՓՐՈՄ ընկերութեան եւ ուքրանական ՆԱՒԹՈԿԱԶի ղեկավարութիւնները նախնական համաձայնութեան յանգեցան Ուքրանիոյ կազ մատակարարելու հարցին կապակցութեամբ:

Այս յայտարարութիւնը Պրիւքսելի մէջ կատարեց ուժանիւթի հարցերու եւրոպացի յանձնակատար Կինտեր Էտինկեր, նշելով թէ բանակցութիւններու վերջնական փուլը շաբաթավերջին պիտի կայանայ:
Ռուսաստանէն Ուքրանիոյ մատակարարուելիք կազի գինը պիտի տարուբերի 268-486 տոլարի միջեւ (1000 քառ. խորանարթ մեթր)

TOTAL ՇԱՀ ՏԷՆԻԶԻ ԻՐ ԲԱԺԻՆԸ ԿԸ ԾԱԽԷ ԹՐՔԱԿԱՆ TPAO-ԻՆ

Ֆրանսական TOTAL ընկերութիւնը որոշած է «Շահ Տէնիզ»ի կազի եւ թեթեւ քարիւղի հանքերու արտահանման, ինչպէս նաեւ հարաւային Կովկասի նաւթի խողովակաշարի գործածութեան իր 10%ի բաժինը վաճառել թրքական TPAO-ին: Շահ Տէնիզ անունը տրուած է այն հանքավայրին, որ կը գտնուի Պաքուէն շուրջ 100 քիլոմեթր դէպի հարաւ-արեւելք, Կասպից ծովու բացերը: Շահ Տէնիզէն ներկայիս կ'արտահանուի տարեկան շուրջ 178 միլիառ քառ. խոր. կազ եւ 34 միլիոն թոն թեթեւ քարիւղ:
Հանքավայրը կը շահագործեն BP (28,83%), SOCAR (16,6%), STATOIL (15,5%), TOTAL (10%), LUKOIL (10%), NICO (10%) եւ TPAO (9%):
TOTAL-էն TPAO վաճառքի այս գործառնութեան արժէքը գնահատուած է 1,5 միլիառ տոլար: