Իյի­շա­տակ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100ա­մեա­կին՝ Bloodvine Mediaն, Strongmanի եւ mTuckman Mediaի հետ հա­մա­տեղ, «2015 թո­ւա­կա­նի Ապ­րիլ 17ին հան­դի­սա­տե­սի դա­տին կը յանձ­նէ «1915» ֆիլ­մը:

­Հո­գե­բա­նա­կան թրիլ­լե­րի (զգա­յա­ցունց) բե­մադ­րիչ­ներն են ­Կա­րին ­Յով­հան­նի­սեան («­Գեր­դաս­տան ստուե­րաց» գիր­քի հե­ղի­ նակ) եւ Ա­լեք ­Մու­հի­բեան: Ն­կա­րա­հա­նող եւ դե­րա­սա­նա­կան կազ­մը կը նե­րառ­նէ այն­պի­սի նշա­նա­ւոր ան­ձեր, ինչ­պէս են ար­տադ­րող ­Րաֆ­ֆի ­Յով­հան­նի­սեան (Հ.Հ. ար­տա­քին գոր­ծե­րու ա­ռա­ջին նա­խա­րար), Կ­րեմ­մի մրցա­նա­կա­կիր եր­գա­հան ­Սերժ ­Թան­կեան (System of a Down խում­բէն, որ շու­տով կը սկսի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան նո­ւի­րո­ւած իր շրջա­գա­յու­թիւ­նը) եւ դե­րա­սան­ներ ­Սի­մոն Աբ­գա­րեան (Casino Royale) ու Ան­ժե­լա ­Սա­րա­ֆեան (Twilight):

«2015 թո­ւա­կա­նը ոչ միայն ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ ­տա­րե­լիցն է, այլ նաեւ մոռ­ցո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու ամ­բողջ դա­րաշր­ջա­նի մը ա­ւար­տը,- նշեց ­Կա­րին ­Յով­հան­նի­սեան,- 1915»ը ժխտման մա­սին է, թէ ինչ­պէ՞ս մենք կը փոր­ձենք ա­զա­տիլ պատ­մու­թե­նէն ու ինչ­պէ՞ս պատ­մու­թիւ­նը մեզ կը հե­տապն­դէ: Այն նաեւ մեր իսկ ան­ցեա­լի ու­րո­ւա­կան­նե­րուն հետ ա­ռե­րե­սո­ւե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան մա­սին է»:

­Նիւ­թը.- Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ու­ղիղ 100 տա­րի անց, խորհըր­դա­ւոր բե­մադ­րիչ մը ­Լոս Ան­ջե­լըս թատ­րո­նին մէջ կը բե­մադ­րէ ներ­կա­յա­ցում մը՝ ի յի­շա­տակ 1915ի: ­Սա­կայն երբ ցու­ցա­րար­նե­րը կը շրջա­պա­տեն թատ­րո­նը եւ շարք մը տա­րօ­րի­նակ պա­տա­հար­ներ խու­ճապ կ’ա­ռա­ջաց­նեն ար­տադ­րո­ղին (­Ճիմ ­Փիդ­դոք) եւ դե­րա­սան­նե­րուն (Ան­ժե­լա ­Սա­րա­ֆեան, ­Սէմ ­Փէյջ ու ­Նի­կո­լայ ­Կինս­կի) մօտ, կը պար­զո­ւի, որ բե­մադ­րի­չին մտադ­րու­թիւ­նը չա­փա­զանց վտան­գա­ւոր է եւ ան­ցեա­լի ու­րո­ւա­կան­նե­րը ա­մէ­նուր են:

«1915» ժա­պա­ւէ­նի անձ­նա­կազմ.

­Բե­մադ­րիչ ու բե­մագ­րու­թեան հե­ղի­նակ­ներ՝ ­Կա­րին ­Յով­հան­նի­սեան եւ Ա­լեք ­Մու­հի­բեան

Ար­տադ­րող­ներ՝ ­Կա­րին ­Յով­հան­նի­սեան, Ա­լեք ­Մու­հի­բեան եւ ­Թեր­րի ­Լէո­նարդ

­Գոր­ծա­դիր ար­տադ­րող՝ ­Րաֆ­ֆի ­Յով­հան­նի­սեան

Ե­րաժշ­տու­թեան հե­ղի­նակ՝ ­Սերժ ­Թան­կեան (System of a Down)

Ն­կա­րող բե­մադ­րիչ՝ ­Լի ­Լիս­բաօ Ան­դեր­վուդ

Ն­կա­րա­հան­ման ձե­ւա­ւո­րում՝ ­Մայքլ ­Ֆից­ջե­րալդ

­Հա­գուս­տի ձե­ւա­ւո­րում՝ ­Լո­րէն Օ­փելթ

­Մոն­տաժ՝ ­Դէն ­Դո­բի եւ ­Փոլ ­Ֆոր­տէ

­Դե­րա­կա­տար­ներ՝ ­Սի­մոն Աբ­գա­րեան,

Ան­ժե­լա ­Սա­րա­ֆեան, ­Սէմ ­Փէյջ, ­Նի­կո­լայ ­Կինս­կի, ­Դեբ­րա Ք­րիս­տո­ֆեր­սոն եւ ­Ճիմ ­Փիդ­դոք

­Տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու հա­մար միա­ցէք ֆէյս­պու­քեան է­ջին՝ www.facebook.com/1915themovie:

Ժապաւէնը պիտի ցուցադրուի Լոս Անջելըս եւ Հարաւային Գալիֆորնիա՝ Ապրիլ 17էն

Նիւ Եորք՝ Ապրիլ 22էն, Ֆրեզնօ՝ Ապրիլի 24էն, Երեւան՝ Ապրիլ 25էն։ Ժապաւէնը նաեւ հասանելի պիտի ըլլայ ինթերնեթային հարթակներուն՝ Ապրիլ 22ին:

Սերժ Թանկեան ներկայացուցած է «1915» շարժանկարին գովազդը

Աշխարհահռչակ System of a Down խումբի մենակատար Սերժ Թանկեան իր Facebookեան էջին վրայ ներկայացուցած է «1915» շարժանկարի գովազդը,- կը գրէ NEWS.am STYLEը:

«Ուրախ եմ ներկայացնելու «1915» շարժանկարի գովազդը, որուն երաժշտութեան հեղինակը ես եմ»,- գրած է Թանկեան:

Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած ենք, System of a Down խումբը կը մեկնարկէ իր «Wake Up The Souls Tour» համերգային շրջագայութիւնը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին: Խումբը ելոյթ կ՚ունենայ Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Հոլանտայի, Պելճիքայի մէջ: Ան իր համերգային շրջագայութիւնը կ՚աւարտէ Երեւանի մէջ: Համերգը կը կայանայ Ապրիլ 23ին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ livestream կարգով (ամբողջ աշխարհը կրնայ առցանց հետեւիլ համերգին):