Յունուար 19ի այս օրը կը լրանայ հինգերորդ տարելիցը հայ ժողովուրդի մերօրեայ հերոսներէն Հրանդ Տինքի նահատակութեան։


2007թուականի ճիշդ այս օրը, Պոլսոյ գլխաւոր թաղամասերէն Շիշլիի մէջ գտնուող իր «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ, Հրանդ Տինք զոհ գնաց թրքական հայատեացութեան արձակած մոլեգին երեք փամփուշտներու...

 


53 տարիքը դեռ չէր բոլորած Հայութեան  Ձայնը իւրովի ներկայացնող, հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը քաջաբար ու բարձրաձայն արտայայտող եւ, ընդհանուր առմամբ, յանուն ազատութեան ու արդարութեան իր գերագոյնը՝ կեանքը զոհաբերելու պատրաստ Հրանդ Տինքը։
Տինքի վրայ մահացու փափուշտը արձակող թուրք երիտասարդ ոճրագործը, տեսախցիկի արձանագրութեան համաձայն, «Կեաւո՜ւր» անարգական բացագանչութեամբ կնքեց իր արարքը եւ հեռացաւ ոճիրի վայրէն։
Ոչ մէկ կասկած, որ կատարուածը քաղաքական ոճիր էր եւ ծնունդն էր թրքական ազգայնա-մոլ այլամերժութեան, որ այս պարագային հայատեացութեամբ մոլեգնած էր։
Ոչ մէկ կասկած, նաեւ, որ կազմակերպուած ոճիր էր Տինքի ահաբեկումը։ «Ակօս»ի խմբագրապետը արդէն յաճախակի մահուան սպառնալիքներ կը ստանար՝ Հայասպանութեան ճանաչումին ի նպաստ իր բարձրաձայն արտայայտած մտածումներուն եւ ստորագրած յանդուգն գրութեանց համար։ Այդ սպառնալիքներուն դէմ պաշտպանուելու համար Տինք դիմած էր պետական սպասարկութեանց հսկողութեան եւ առ այդ զետեղուած էր խմբագրատան սեմին շարժումները արձանագրող                տեսախցիկը։ Հետեւաբար բացառուած էր, որ ինքնագլուխ մոլագարի մը գործը ըլլար օր¬ցերեկով  այդպէս՝ համարձակօրէն կատարուած Տինքի սպանութիւնը։
Այդ նկատառումներով ալ կայծակնային արագութեամբ շղթայազերծուեցաւ բողոքի ընդոստ ալիք մը գործուած քստմնելի ոճիրին դէմ։ Ոչ միայն Հրանդ Տինքի պարագներն ու ընկերները, ոչ միայն Պոլսոյ հայութեան իրաւատէր շրջանակները, այլեւ նոյնինքն թուրք հասարակութեան ազատախոհ ու արդարամիտ մտաւորականներն ու քաղաքական գործիչները փութացին տէր կանգնելու հայոց նորօրեայ նահատակին ու անոր Պատգամին՝ «Մենք բոլորս Հրանդ Տինք ենք», «Մենք բոլորս Հայ ենք» վանկարկումով հետեւելով անոր յուղարկաւորութեան բազմահազարանոց թափօրին։
Օրին ստեղծուեցաւ նաեւ այն տպաւորութիւնը, թէ վարչապետ Էրտօղանի ղեկավարած թուրք պետական աւագանին եւս ընդվզած էր ազգայնամոլ ծայրայեղականներու վերագրուած Տինքի սպանութեան դէմ։ Այդ իմաստով պաշտօնական ամբաստանութիւններ ալ հնչեցին թուրք պաշտօնական շրջանակներու կողմէ, որոնք թրքական բանակին եւ յատուկ սպասարկութեանց մէջ յայտնագործել ուզեցին ոճրային որջեր...
Հրանդ Տինքի ահաբեկման ետին կանգնած մութ ուժերը բացայայտելու եւ օրէնքի խստութեամբ պատժելու պաշտօնական նկրտումները այնքա՜ն խորամանկութեամբ շահարկուեցան Թուրքիոյ այժմու իշխանութեանց կողմէ, որ Էրտօղան սկսաւ բարի  վարուց վկայագիրներ ստանալ մեծապետական աշխարհի աջէն ու ձախէն։ Այդ դրամագլուխով ալ պաշտօնական Անգարան փորձեց, Եւրոմիութիւն իր մուտքը դիւրացնելու եւ համաշխարհային բեմի վրայ Ցեղասպանի իր մտապատկերը յարդարելու հաշիւներով, առաւելագոյն չափով շահարկել հայեւթուրք յարաբերութիւններու բնականոնացման օրակարգը՝ շարունակ տարածելով այն թիւրիմացութիւնը, թէ թրքական հանդուրժողականութեան շռնդալից ապացոյցը Անգարա պիտի տար Հրանդ Տինքի ահաբեկման պատասխանատուներուն անխնայ բացայայտումով ու պատժումով։
Բայց այդ բոլոր խոստումներն ու թիւրիմացութիւնները անցեալին հետ մոռցուած  են եւ սուտ փուչիկներու պէս օդը ցնդած են այսօր։ Տինքի նահատակութեան հնգամեակին երկու օր մնացած, թրքական արդարադատութիւնը եզրափակեց Տինքի սպանութեան դատաքննութիւնը՝ միակ եւ ինքնագլուխ յանցագործի մը վերագրելով կատարուած ոճիրը եւ ցմահ բանտարկութեան դատապարտելով զայն։ Յունուար 17ի այդ խայտառակ դատավճիռով թրքական իշխանութիւնները նաեւ հեգնեցին ողջմտութիւնը արար¬աշխարհին, երբ պաշտօնապէս յայտարարեցին, թէ Տինքի սպանութիւնը «կազմակերպութեան մը գործը չէ»...
Այս առումով ալ, իր նահատակութեան հնգամեակի սեմին, երկրորդ անգամ ըլլալով ահաբեկուեցաւ Հրանդ Տինք, որ ծնած էր 1954ի Սեպտեմբեր 15ին, Մալաթիա։ 7 տարեկանին ծնողներուն հետ Մալաթիայէն տեղափոխուած էր Պոլիս, ուր ծնողներու ամուսնալուծման հետեւանքով յանձնուած էր Կէտիկփաշայի հայկական մանկատան խնամատարութեան։ Ուսումը ստացած էր նախ Պեզճեան վարժարանին, ապա Սուրբ Խաչ դպրեվանքին մէջ։ Բարձրագոյն ուսման հետեւելով՝ աւարտած էր Պոլսոյ պետական համալսարանի կենսաբանութեան եւ փիլիսոփայութեան կաճառները։ Վկայուելով՝ կատարած էր զինուորական ծառայութիւնը, որմէ ետք նուիրուած էր հրապարակագրական ասպարէզին, աշխատելով  որպէս  լրագրող :
Թրքական մամուլին իր աշխատակցութեան կողքին, Հրանդ Տինք 80ականներուն կանոնաւորաբար աշխատակցեցաւ պոլսահայ մամուլի յառաջապահ «Մարմարա» թերթին՝ Ջութակ ծած- կանունով քննադատական յօդուածներ լոյս ըն- ծայելով հայ ժողովուրդի պատմութեան վերա- բերեալ հրատարակուող թրքական խեղաթիւրումներու մասին։
1996ին Հրանդ Տինք հիմնեց թրքալեզու «Ակօս» թերթը՝ նպատակ ունենալով ներկայացնել Թուրքիոյ հայութիւնը եւ դառնալ անոր ձայնն ու իրաւունքներուն պաշտպանը։
Յատկապէս Հայասպանութեան հարցով հակադրուելով Թուրքիոյ պաշտօնական տեսակէտին՝ Տինք բազմիցս հալածուեցաւ թրքական իշխանութեանց կողմէ, մինչեւ որ 2005ին դատապարտուեցաւ 6ամսեայ պայմանական բանտարկութեան:
Իր ազատախոհ եւ յանդուգն հրապարակումներուն առ ի գնահատանք՝ Հրանդ Տինք 2005ին արժանացած էր Թուրքիոյ Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Կազմակերպութեան «Խօսքի եւ Խիղճի Ազատութեան» տարեկան մրցանակին, 2006ին՝ Գերմանիոյ «Շթեռն» ամսաթերթի հիմնադիր Հենրի Նաննենի՝ «Մամուլի Ազատութեան եւ Լրագրողական  խիզախութեան» մրցանակին, Նորվեկիոյ՝ «Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանութեան Բեոռնսի Անուան» մրցանակին եւ 2007ին՝ յետ¬մահու՝ Հ.Հ. նախագահի յատուկ մրցանակին։
Հրանդ  Տինքի յիշատակին, 2007ին, ստեղծուեցաւ «Հրանդ Տինքի անուան Միջազգային Հիմնադրամ», որուն ջանքերով լոյս տեսաւ անոր «Երկու հարեւան ժողովուրդներ» գիրքը:
Հրանդ Տինքի անունով փողոց մը կոչուեցաւ Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքին մէջ, իսկ Փարիզ՝ դպրոց մը:


Ն.