ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեւանի մէջ Հիրոշիմայի ռըմբակոծման անմեղ զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշաքար պիտի տեղադրուի:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մէջ ուսում ստանալու համար կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւն դիմում ներկայացուցած է 100է աւելի սփիւռքահայ ուսանող:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան անցնող շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան կազմաւորման 20-ամեակին առիթով տեղի ունեցած հանդիսաւոր ձեռնարկին:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երիտասարդական միութիւններու ջանքերով այս ամառ Արցախի մէջ կեանքի պիտի կոչուին պատանեկան ճամբարներ։ Կը նախատեսուի, որ տարբեր ճամբարներու ծրագիրներուն իրենց մասնակցութիւնը բերեն արցախցի 1000 պատանիներ:

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ նախագահ Էդուարդ Շարմազանով անդրադարձաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի՝ օր մը առաջ Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութեան, թէ Թուրքիա միշտ սատարած է ու կը սատարէ Ատրպէյճանին եւ պատրաստ է նպաստելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման: