Արցախ կը գտնուին Աւստրալիացի բարեկամները

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուէյլզի նահանգի պաշտօնական պատուիրակութիւնը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Նոր Հարաւային Ուէյլզի եւ Արցախի միջեւ կապերու զարգացման առնչուող հարցեր:

Արցախ կատարած իրենց այցելութեան շուրջ
մամլոյ ասուլիս մը տուին Աւստրալիացի բարեկամները

 

Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնեց Նոր Հարաւային Ուէյլզի նահանգի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին՝ Արցախին սատարելու եւ անոր անկախութիւնը փաստացի կերպով ճանչնալու համար՝ աւելցնելով, որ ասիկա կարեւոր քաղաքական եւ բարոյական քայլ էր Արցախի միջազգային ճանաչման եւ երկկողմանի յարաբերութիւններու հաստատման տեսանկիւններէն: Երկուստեք նշուեցան փոխադարձ գործակցութեան համար առկայ բոլոր անհրաժեշտ պայմաններու առկայութիւնը եւ այս ուղղութեամբ աշխատելու պատրաստակամութիւնը:

Հանդիպման մասնակցեցան Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Արթուր Թովմասեան, Աւստրալիոյ մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Վարուժան Իսկանդարեան, Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

Պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ: Ողջունելով հիւրերը՝ Ազգային ժողովի նախագահը գոհունակութիւն յայտնեց անոնց այցելութեան առիթով: «Մեզի համար շատ ոգեւորիչ էր նախորդ տարուան հոկտեմբերին ձեր ընդունած բանաձեւը՝ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը ճանչնալու մասին, բանաձեւ մը, որուն հեղինակները այսօր մեզի հետ են», ընդգծեց Աշոտ Ղուլեան միաժամանակ նշելով, որ միայն ժողովրդավարական չափանիշները ճիշդ կերպով ընկալող մարդիկ ու կառավարման մարմինները կրնան նման գնահատելի քայլի դիմել՝ կարեւոր նկատելով ժողովուրդներու ազատութեան եւ անկախութեան իրաւունքը: Յոյս յայտնելով, որ բաւական հեռանկարային համագործակցութիւն կը ծաւալի երկու խորհրդարաններուն միջեւ, Ազգային ժողովի նախագահը յայտնեց, որ այդ տեսլականով յառաջիկային պիտի մշակուի եւ կեանքի կոչուի փոխադարձ յարաբերութիւններու եւ փոխադարձ գործակցութեան ծրագիր: Հանդիպումին ընթացքին Հայ-աւստրալիական խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Ճոնաթան Օտի յայտնեց. «Մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի երկրին միւս նահանգներուն խորհրդարանները եւս ընդունին այսպիսի բանաձեւեր»: Անոր համաձայն, պէտք է աշխատանք տանիլ, որպէսզի միւս նահանգները եւս բանաձեւով դիմեն կեդրոնական իշխանութիւններուն‘ յորդորելով ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը:

Հանդիպման ներկայ եղան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորական խմբակցութիւններու ղեկավարներ Գագիկ Պետրոսեան եւ Արմէն Սարգսեան: