1995ին, հայոց առաջին պետական սահմանադրութեան ընդունման առիթով, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր պաշտօնական տօներու շարքին Ապրիլի 7ն հռչակեց «Մայրութեան եւ Գեղեցկութեան Օր»։
Նոյն առիթով, Հայաստանի Հանրապետութեան նորահաստատ պետական տօնացոյցը պահպանեց նաեւ խորհրդային ժամանակներէն պահպանուած Մարտ 8ի Կանանց Միջազգային Օրը։ Բայց առանձնայատուկ քայլ մըն ալ նետեց տօնը հայացնելու ուղղութեամբ՝ Մարտ 8էն մինչեւ Ապրիլ 7 երկարող միամսեակը ամբողջապէս նուիրելով հայ կանանց ու մայրերուն։
Այսպէ՛ս, շուրջ քսան տարի է, ահա՛, որ հայրենի հողի վրայ պաշտօնապէս, իսկ սփիւռքի տարածքին անպաշտօն եղանակով՝ հայութիւնը Ապրիլ 7ին յարգանքի իր տուրքը կը մատուցանէ հայ մայրերուն։
Հայոց շրթներուն Ապրիլ 7ի այս օրը ամէնուր կ'արձագանգէ պաշտամունքը ՄՕՐ խորհուրդին՝ Յովհաննէս Շիրազի անմահ բնութագրումով.-
Մեր յոյսի դուռն է մայրս,
Մեր տան մատուռն է մայրս,
Մեր օրօրոցն է մայրս,
Մեր տան ամրոցն է մայրս։
Մեր հէրն ու մէրն է մայրս,
Մեր ճորտն ու տէրն է մայրս,
Մեր տան անտունն է մայրս,
Մեր արծուաբոյնն է մայրս,
Մեր տան ծառան է մայրս,
Մեր տան արքան է մայրս,
Մեր տան անճարն է մայրս,
Մեր դեղ ու ճարն է մայրս,
Մեր տան աղբիւրն է մայրս,
Մեր ծարաւ քոյրն է մայրս,
Մեր տան անքունն է մայրս,
Մեր անուշ քունն է մայրս,
Մեր տան ճրագն է մայրս,
Մեր արեգակն է մայրս:
Մայրս, մեր հացն է մայրս,
Մեր տան աստուածն է մայրս։
Մայրութեան տօնը տարբեր տարազումներով միշտ ալ նշուած ու մեծարուած է հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Մայրն ու Մայրութիւնը նախամեծար տեղ, խորհուրդ եւ նշանակութիւն ունեցած են հայոց հազարամեակներու քաղաքակրթական պատմութեան մէջ։
Ազգային մեր սրբութիւններուն եւ արժէքներուն անուանման մէջ անգամ, «մայր» ածանցը գերադաս կարեւորութիւն ունեցած է. վկայ՝ «մայրենի լեզու»ն, «մայր Հայաստան»ը, «մայրաքաղաք»ը, «մայր Օրէնք»ը, «մայր Աւետարան»ը եւայլն։
Բայց միայն հայ ժողովուրդին յատուկ չէ Մայրութեան տօնը։ Աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ ալ, ժողովուրդներու մեծ մասին մօտ եւ քաղաքակրթական պատմութեան տարբեր դարաշրջաններուն, Մայրութեան խորհուրդը ունեցած է իր տօնը, որ ընդհանրապէս հանդիսացած է տօնական օրերուն ամէնէն իմաստալիցն ու գեղեցիկը։
Հանրագիտական աղբիւրներու համաձայն, հին յունական եւ հռոմէական դիցաբանութեանց մէջ շատ կանուխէն կը յիշատակուին հին աստուածներու մայր աստուածուհիին ձօնուած տօներ։ Եւ այլազան թուականներ պահպանուած են հին յիշատակարաններու մէջ՝ Մայրութեան տօներուն վերաբերեալ։ Ընդհանրապէս գարնան ամիսներուն, Մարտի առաջին Կիրակիէն մինչեւ Մայիսի երկրորդ Կիրակին՝ հնաւանդ ժողովուրդները Օր մը ձօնած են Մայրութեան։
Ուշագրաւ է, որ Մայրութեան տօնը իր արդիական եւ սրբացուած խորհուրդը զգեցաւ Քրիստոնէութեան այգաբացին հետ։ Կոյսն Մարիամի Սուրբ Հոգիով յղացման քրիստոնէական Խորհուրդը հիմնովին յեղաշրջեց Մայրութեան ընկալումը մարդ էակին մօտ։ Աստուածամօր կուսականօրէն յղանալը սրբացուց ոչ միայն մարդկային սերնդագործութեան արարքը, այլեւ՝ մայրական ապրումներու եւ զգացումներու ողջ աշխարհը։ Եւ ինչ որ ալ ըլլար կնոջ վերապահուած իրական տեղը տարբեր հասարակարգերու տակ կամ այլաբնոյթ քաղաքակրթութեանց մէջ, ամէնուր կինը՝ իբրեւ մայր՝ ընկալուեցաւ սուրբ էակի պատկերացումով։
Աւելի քան բնական է, հետեւաբար, որ Մայրութեան Օրը ամէնուր առաջացնէ մարդկային ամէնէն նուիրական խորհուրդներով վերանորոգուելու տօնական առիթը։
Յատկապէս հայ ժողովուրդին համար, որ աշխարհաքաղաքական դաժանագոյն պայմաններու հետեւանքով միշտ դիմագրաւած է իր գոյատեւման եւ ինքնապահպանման սպառնացող ամենածանր վտանգներ, Հայ Մօր մաքառման եւ դիմադրականութեան ոգին ստացած է հայոց երկնակամարին թեւածող պահապան հրեշտակի խորհուրդն ու թելադրականութիւնը։ Միայն այն մտապատկերը, որ Տէր Զօրի անապատին կիզիչ արեւուն տակ եւ այրող աւազներուն վրայ անգամ, ստոյգ մահուան դատապարտուած հայ մայրը իր մանուկին հայերէն սորվեցուց եւ սեփական կեանքի գնով անոր գոյատեւումը ապահովելու ելք գտաւ, ինքնին բաւարար է, որպէսզի հայ մօր սրբութեան մեծ խորհուրդը անբաժան ուղեկիցը, այլեւ ներշնչման աղբիւրը մնայ հայ սերունդներուն։
Ապրիլ 7 է այսօր, հայոց Մայրութեան եւ Գեղեցկութեան տօնն է, որ մեր յուզաշխարհը կը ջերմացնէ Մօր սուրբ արժէքին ու առաքելութեան նուիրուած Մեծերու խոհերով.-
Օ. Պալզաք -
«Ազգի ապագան մայրերու ձեռքն է»: «Մօր սիրտն անդունդ է, որուն խորքին միշտ ներում կը գտնուի»:
Ժան-Փօլ Սարթր.-
«Տուէք մեզի լաւագոյն մայրեր եւ մենք կը դառնանք լաւագոյն մարդիկ»:
իկոլայ Օստրովսկի.-
«Աշխարհում կայ ամէնից սքանչելի մի էակ, որին մշտապէս պարտք ենք: Դա մայրն է»։
Ն.