Եօթը տարի առաջ, Նոյեմբեր 20ի այս օրը, Երեւանի մէջ, յետ ծանր հիւանդութեան, 73 տարեկանին ցաւատանջ իր աչքերը առյաւէտ փակեց հայ մտքի եւ գրականութեան արժանաւոր դէմքերէն Գառնիկ Անանեան։

Գառնիկ Գուրգէնի Անանեան եղաւ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր արժէքներուն եւ աւանդներուն պահապան գրականագէտ մը, այլեւ՝ հայ քաղաքական միտքը ժամանակի կշռոյթին հետ վերանորոգելու շարժումին հաւատարմագրուած խոհուն հրապարակագիր մը։

Յատկապէս Արցախեան Շարժման բռնկումին հետ հրապարակ նետուած հայրենի մտաւորականներու վաստակաւոր փաղանգին մէջ, Գառնիկ Անանեան հանդիսացաւ դարու ոգիով պատուաստուելու հայ ազգային աւանդոյթին վերաթարմացման գլխաւոր դրօշակիրներէն մէկը։

Պատահականօրէն չէր, որ Շարժման առաջին իսկ փուլին, Գառնիկ Անանեան գրականագիտական ու բանասիրական իր հարուստ պաշարը ի սպաս դրաւ Նիկոլ Աղբալեանի տարողութեամբ մեծարժէք, բայց խորհրդայիններու ուրացման հետեւանքով հայրենի հայութենէն, յատկապէս նորահաս սերունդներու ազգային յիշողութենէն խլուած համազգային Հեղինակութիւնը վերականգնելու երախտաշատ գործին։

1986ին Գ. Անանեան ստանձնեց եւ տասը տարի վարեց տնօրէնութիւնը Երեւանի Պետական Համալսարանի Բանասիրական բաժանմունքին։ Իսկ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, 1996ին, Անանեան եղաւ հիմնադիրն ու առաջին տնօրէնը Երեւանի Պետական Համալսարանի Հրապարակագրութեան (Ժուռնալիստիկա) բաժանմունքին։ Իր կեանքի վերջալոյսին, 2006ին, նշանակուեցաւ Հ.Հ. Ազգային Ակադեմիայի թղթակից անդամ։

Գառնիկ Անանեան ծնած էր Իջեւան, 1934ի Յունիս 22ին։ 1958ին աւարտած էր Երեւանի համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը եւ նոյն տարին աշխատանքի կոչուած էր Իջեւանի «Լենինեան Ուղիով» շրջանային թերթի խմբագրութեան մէջ։

1962ին Գ. Անանեան վերադարձաւ իր մասնագիտական ուսման եւ աւարտեց Երեւանի Պետական Համալսարանը բանասիրական գիտութեանց մէջ։ 1965էն սկսեալ եղաւ դասախօս միեւնոյն համալսարանին մէջ։

1965ին, «Հայ գեղարուեստական գրականութիւնը եւ քննադատութիւնը «Մուրճ» ամսագրում (90ական թթ.)» նիւթով աւարտաճառ պաշտպանեց եւ ստացաւ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի աստիճան։ Իսկ 1983ին, «Եղիշէ Չարենց (կեանքի եւ ստեղծագործութեան պրոբլեմներ)» նիւթով իր աւարտաճառին համար արժանացաւ բանասիրական գիտութիւնների դոկտորի աստիճանի։

1977էն 1985 Գառնիկ Անանեան եղաւ Երեւանի համալսարանի հրատարակչութեան ղեկավարը։ Նախաձեռնեց եւ իրագործեց «Ուսանողի գրադարան», «Հայագիտական հետազօտութիւնների մատենաշար» եւ «Քրեստոմատիա» հրատարակչական շարքերը, որոնք խորհրդային պաշտօնական գաղափարախօսութեան պարտադրած գրական կաշկանդումները թօթափող հրատարակչական առաջին լուրջ քայլերը եղան հայրենի իրականութեան մէջ։

Գ. Անանեանի ջանքերուն արգասիքը եղաւ, 1990ականներու վերջերէն սկսեալ, հրատարակութիւնը «Ժուռնալիստիկա» տարեգիրքին, որուն խմբագրութիւնը ղեկավարեց արժանաւորապէս։

Ուշագրաւ է Գառնիկ Անանեանի գաղափարական զարգացման ուղին, որ 20րդ դարու խորհրդահայ գրականութեան գաղափարախօսական ակունքը հետազօտող գրականագիտութեամբ ճամբայ ելաւ, յատկապէս Չարենցի որոնումներուն եւ յայտնագործումներուն համահունչ զարգացում ապրեցաւ եւ յանգեցաւ, հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր ժառանգութեան խոր ընկալումով, աւանդապահական եւ նորարարական ուղղութիւնները համադրելու հասունութեան։

1974ին լոյս տեսած իր «Որոնումներ (յօդուածներ եւ հետազօտութիւններ՝ նուիրուած սովետահայ գրականութեան անցած ճանապարհի եւ արդի շրջափուլի կենսական խնդիրներին)» (Երեւան, «Հայաստան» հպատարակչութիւն, 248 էջ) հատորով իսկ, Գառնիկ Անանեան յառաջ մղեց գաղափարախօսական այդ ուշագրաւ համադրումի ճիգը։ 1980ին եւ 1987ին հրատարակուած, յաջորդաբար, «Չարենցի հետ եւ «Եղիշէ Չարենց» գործերով, Գառնիկ Անանեան արդէն բանաձեւած էր գաղափարախօսական այդ համադրումին հիմնական դրոյթները։ Այդ հիման վրայ 1995ին լոյս տեսած իր «Հրապարակախօսութիւն եւ քննադատութիւն» գործով՝ Գառնիկ Անանեան հանդիսացաւ յետ-անկախութեան շրջանի հայ ազգային նորարարական գաղափարախօսութեան ջերմեռանդ դրօշակիրներէն մէկը։ Աւանդապահի ու նորարարի ինքնուրոյն համադրումը Գառնիկ Անանեան հունաւորեց իր հետագայ գործերով.

- «Ներսէս Լամբրոնացին հրապարակախօս» (Անթիլիաս, 1995)։

- «Ի սկզբանէ էր Բանն...» (Երեւան, 1998)։

- «Վերականգնենք մեր յիշողությունը» (Երեւան, 2000)։

- «Արդի հայ մամուլի լոյսն ու ստուերը», (Երեւան, 2001)։

- «Նիկոլ Աղբալեան, կեանքը եւ գրական¬հրապարակախօսական գործունէությունը» (Երեւան, 2002)։

- «Գրիգոր Արծրունի, Լրագրութեան մասին (կազմող, ծանօթագրող, վերջաբանի հեղինակ Գառնիկ Անանեան։ Երեւան, 2003)։

- «Յանուն եւ ընդդէմ գլոբալիզացիայի» (Երեւան, 2003)։

- «Ակնարկներ հայոց հին եւ միջնադարեան հրապարակախօսութեան» (Երեւան, Երեւանի համալսարանի հրատարակչութիւն, 2005, 304 էջ)։

Հայ մտքի, գրականագիտութեան եւ հրապարակագրութեան արժէքաւոր երախտաւորին յիշատակը ոգեկոչելու թող ծառայէ Գառնիկ Անանեանի մտածումներէն հետեւեալ քաղուածքը.

- Հնի դէմ պայքարում յաղթանակած նորը վաղ թէ ուշ դառնում է աւանդոյթ՝ իր դէմ ուղղելով նորերի խէթ հայեացքը: Չպէտք է մոռանալ, նաեւ, որ նորի յաղթանակը հնի պարտութիւն, առաւել եւս՝ անհետացում չի նշանակում: Եթէ գրականութեան ընթացքը նմանեցնենք լեռնաշղթայի, ամէն արժէքաւոր նոր մի լեռնագագաթ է:

- Առանձնայատուկ ուզում եմ ընդգծել ամէն գնով նոր բան ասելու մոլուցքի վտանգաւորութիւնը գրականութեան համար: Նոր խօսք ասելու ձգտումը գրականութեան զարգացման խթաններից է, բայց ամէն նոր դեռեւս գրականութիւն չէ: Մասնաւորաբար «հայկական երազից, Արարատից ու Տիգրան Մեծից դատարկվելու» փորձերը դատապարտուած են նոյնիսկ լուսանցքներում տեղ չզբաղեցնելու ճակատագրին...

- Յետ-խորհրդային տարիների փորձը ցոյց տուեց, որ ինքնադրսեւորման անկաշկանդ մթնոլորտը գրական զարգացման համար կարող է նոյնքան վտանգներ պարունակել, որքան նրա բացակայութիւնը: Գրաքննութիւնը գրողին, հրապարակախօսին մղում էր դէպի խորքը, դէպի այլախօսութիւն, որից, թող զարմանալի չթուայ, շահում էին ե՛ւ գրողը, ե՛ւ հրապարակախօսը, վերջին հաշուով՝ ընթերցողը: Գրաքննութեան վերացումը, յուսանք՝ անվերադարձ, յամենայն դէպս անցումային յորջորջուող մեր ժամանակներում թուլացրել է պատասխանատուութեան զգացումը խօսքի նկատմամբ: Ստեղծագործական ազատութեան նոյնացումը ամենաթողութեան հետ վերացրել է անձնական-անհատական պատասխանատուութիւնը՝ դուռ բացելով մակերեսայնութեան, պարզունակութեան, ընդհուպ ոչ գրական «արտադրանքի» առջեւ, որ նոյնքան մերժելի է, որքան խորհրդային «գաղափարական» խոտանը:

Ազատութիւնը եւս միայն իսկական տաղանդներն են յաղթահարում։ 

Ն.