Հայ ժողովուրդի հազարամեակներու պատմութեան երկնակամարին վրայ լուսաշող աստղի մը՝ Կիլիկիոյ հայոց Հեթում Ա. թագաւորի վախճանման 743րդ տարելիցը լրացաւ երէկ՝ Հոկտեմբեր 28ին։
Այս տարի լրացաւ նաեւ Հեթում Ա. ծննդեան 800ամեակը։
Հեթում Առաջին հայոց պատմութեան մեծամեծներու փաղանգին մէջ իր բացառիկ տեղը կը գրաւէ ոչ միայն իբրեւ հիմնադիրը հայկական Կիլիկիոյ Հեթումեաններու թագաւորութեան, այլեւ իբրեւ հայ թագաւորներու համաստեղութեան այն բացառիկ դէմքը, որ յաջողեցաւ հայոց պետական նաւը յառաջ մղել, հզօրացնել ու զարգացնել փոթորկայոյզ ժամանակաշրջանի մը մէջ։
Հեթում Ա. հանդիսացաւ քաղաքական, ռազմական, կազմակերպչական եւ դիւանագիտական մեծ տաղանդով օժտուած թագաւոր մը, որ իր բազկի ու մտքի ուժով կրցաւ նախ՝ ի մի բերել եւ սեփական իշխանութեան ենթարկել Կիլիկիոյ հայ իշխանական հակամարտ տուները, ապա՝ հիմնել եւ ընդարձակել Կիլիկիոյ Հեթումեան թագաւորութեան սահմանները, այլեւ ու մանաւանդ՝ դիւանագիտական իր ձեռնհասութեամբ ապահովել ռազմաքաղաքական աջակցութիւնը թէ՛ Արեւմուտքի ծաւալապաշտ ուժերուն, թէ՛ դէպի Փոքր Ասիա ասպատակող Արեւելքի մոնկոլական ցեղերուն։
Հեթում իշխան ծնած էր 1213ին եւ որդին էր Կիլիկիոյ հայոց իշխաններու շարքին առաջնորդող դիրք գրաւած Կոստանդին Հեթումեան պայլ (պետութեան խնամատար) իշխանին։ Կոստանդին պայլ 1225ին, Կիլիկիոյ հայոց Իշխանական Խորհուրդին համաձայնութեամբ, գահազուրկ հռչակեց Ֆիլիփ թագաւորին եւ տարի մը ետք, 1226ին, 13-ամեայ իր որդին պսակելով Ռուբինեան Լեւոն Բ. թագաւորի գահաժառանգ դստեր Զապէլի հետ, 14 Յունիս 1226ին թագաւոր կարգեց Հեթումին։
Պատմական աղբիւրներու համաձայն՝ Հեթումեաններու տոհմը սերած էր Մեծ Հայքի Արցախ աշխարհէն։ Հեթումեանները Կիլիկիա հաստատուած էին 12րդ դարուն եւ իրենց ռազմունակութեամբ ու կառավարական ձեռնհասութեամբ արագօրէն կեդրոնական դիրք գրաւած էին Ռուբինեան Հարստութեան ենթակայ հայ Նախարարական Տուներուն մէջ։
Թէեւ Ռուբինեաններու իշխանապետութեան դէմ Հեթումեանները սկիզբէն իսկ ընդդիմադիր դիրք ճըշդած էին՝ ձգտելով Կիլիկիոյ հայոց իշխանութեան տէր դառնալ, այդուհանդերձ՝ երբ արտաքին վտանգ սպառնար, Ռուբինեաններու հետ միասին Հեթումեանները առաջինը կռուի դաշտ կը նետուէին ի խնդիր Հայկական Կիլիկիոյ անկախութեան պահպանման ու անվտանգութեան։
Այդպէս, մինչեւ Հեթում Առաջին, Հեթումեանները անուանի շատ զօրավարներ տուած էին հայոց թագաւորութեան։ Ռազմաքաղաքական այդ անուանի դէմքերու շարքին ամէնէն հզօրը Լեւոն Բ. Ռուբինեան Մեծագործ արքայի (1187-1219) զօրքերուն հրամանատար Կոնստանդին Հեթումեան Գունդստաբլն էր, որ հմուտ էր ոչ միայն պատերազմելու արուեստին մէջ, այլեւ փայլուն դիւանագէտ էր:
Պատմական հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ արքայական տոհմէ չսերած Հեթում Առաջինի Կիլիկիոյ հայոց թագաւոր նշանակումն ու օծումը։
Լեւոն Բ. Մեծագործ ունէր երկու դուստր՝ Ալիս եւ Զապէլ: Լեւոն Բ. իր Ալիս դուստրը ամուսնացուց Կիպրոսի արքայազնին հետ: Իսկ իրեն գահաժառանգ յայտարարեց տակաւին մանուկ Զապէլը։
1217ին Հունգարիոյ Անտրէաս թագաւորի ղեկավարութեամբ սկսաւ Խաչակիրներու հինգերորդ արշաւանքը: Լեւոն Բ. աջակցեցաւ Խաչակիրներուն եւ իր դաշինքը հաստատուն դարձնելու համար իր 2ամեայ դստեր՝ Զապէլին ամուսնացուց հունգարական արքայորդիին եւ թագաժառանգին՝ 8ամեայ Անդրէասի հետ: Սակայն Զապէլին վիճակուած չէր Հունգարիոյ թագուհի դառնալ: Լեւոն Բ.ի եւ Հունգարիոյ թագաւորին միջեւ կնքուած իրենց զաւակներուն ամուսնութեան պայմանագիրը մնաց… թուղթի վրայ:
Հետագային Լեւոն Բ. իր անչափահաս դուստրը ամուսնացուց Կիլիկիոյ դրացի Անտիոքի դքսութեան երիտասարդ գահաժառանգ Ֆիլիփ իշխանին հետ՝ նպատակ ունենալով Անտիոքը եւս առնել իր ազդեցութեան տակ: Այդ ժամանակ Զապէլի խնամակալը նոյնինքն Կոնստանդին Գունդստաբլն էր։ Լեւոն Բ.ի մահէն յետոյ Ֆիլիփ, որ արդէն գահ էր բարձրացած Կիլիկիոյ մէջ՝ իբրեւ գահաժառանգ Զապէլի ամուսինը, սկսաւ հակահայ կեցուածք դրսեւորել: Ֆիլիփ արքան ոչ միայն կþարհամարհէր հայոց սովորոյթները, այլեւ՝ Կիլիկիոյ Հայոց թագաւորութեան շահերը կը ստորադասէր Անտիոքի դքսութեան շահերուն: Այդ վարքագիծը բնականաբար անհանդուրժելի նկատուեցաւ հայոց աւագանիին եւ, Կոնստանդին Պայլի գլխաւորութեամբ հաւաքուած Նախարարական Տուներու աւագանիի խորհուրդը 1225 թուականին գահազուրկ ըրաւ Ֆիլիփին եւ զայն դատապարտեց բանտարկութեան, ուր Ֆիլիփ մահկանացուն կնքեց:
Հայոց թափուր մնացած արքայական գահը պահպանելու առաջադրանքով՝ Կիլիկիոյ հայ իշխանները համաձայնութիւն տուին Կոնստանդին Պայլին, որպէսզի իր 13 տարեկան որդին՝ Հեթումը ամուսնացնէ մանկահասակ Զապէլ թագուհիին հետ։
Այսպէ՛ս, 1226 թուականի Յունիս 14ին, 14ամեայ Հեթում Առաջին հըռչակուեցաւ Կիլիկեան Հայաստանի թագաւոր: Այդ քայլով նաեւ հիմքը դրուեցաւ Հեթումեաններու թագաւորութեան Կիլիկիոյ մէջ։ Ինչպէս որ համացանցի վրայ «Թերթ» կայքէջին խմբագրութիւնը դիտել կու տար վերջերս, «փաստօրէն Հեթում, որ ծնուել էր սոսկ որպէս իշխանազուն, դեռ եւս պատանի՝ ակամայ դարձաւ հզօր ու բարգաւաճող պետութեան միապետ:
Մինչեւ Հեթումին չափահաս դառնալը, բնականաբար, երկիրը ղեկավարեց անոր հայրը՝ Կոնստանդին Պայլը, որ կառավարման գործին միշտ մասնակից կը դարձնէր իր թագակիր որդին՝ անոր փոխանցելով եւ սորվեցնելով կառավարման ու ռազմական արուեստին հմտութիւնները:
Հեթում Ա.ի թագաւորութեան շրջանին աւելիով կեդրոնացուեցաւ Կիլիկիոյ հայոց թագաւորական իշխանութիւնը։ Յաղթահարուեցան իշխանական տուներու ներքին երկպառակութիւնները։ Հզօրացնելով թագաւորութեան ռազմական ուժերը եւ ամրացնելով պետութեան սահմանները՝ Հեթում Ա. վարեց խաղաղասէր արտաքին քաղաքականութիւն, որուն արդիւնքով Կիլիկիոյ հայութեան տնտեսական եւ մշակութային կեանքը բացառիկ վերելք ապրեցաւ։
Յատկապէս իր ժամանակի Փոքր Ասիոյ սպառնացող գլխաւոր վտանգը՝ թաթար¬մոնկոլներու ներ- խուժումն ու ասպատակումը կանխելու համար, Հեթում Ա. 1243 թուին խաղաղութեան եւ փոխ-օգնութեան պայմանագիր ստորագրեց մոնկոլական Բաչու Նոյին զօրավարին հետ, իսկ 1254ին, անձամբ մոնկոլական մայրաքաղաք Քարակորում երթալով, բարեկամութեան ու զօրակցութեան կարեւոր դաշնագիր մը կնքեց մոնկոլներու թագաւոր Մանկու Խանին հետ։
1256¬59 թուականներուն, մոնկոլների զինակցութեամբ, Հեթում Ա. յաջողեցաւ սանձել Հալէպի ամիրայութեան, Իքոնիայի ու Եգիպտոսի սուլթանութիւններուն ոտնձգութիւնները, ազատագրել Հերակլիա, Մարաշ, Այնթապ քաղաքներն ու անոնց շրջակայ հողերը, Կիլիկեան Հայաստանին միացնել Կապադովկիայի հարաւային շրջանները, ինչպէս եւ (որոշ ժամանակով) Հիւսիսային Ասորիքի զգալի մասը՝ Հալէպ կեդրոնով։
Իր այդ յաղթանակներուն շնորհիւ Հեթում Ա. կրցաւ ամրապնդել Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան միջազգային հեղինակութիւնը՝ ժամանակի առեւտրական կարեւորագոյն կամուրջի մը վերածելով Կիլիկիան։
Հեթում Ա.ի թագաւորութեան վերջին շրջանին, Կիլիկեան Հայաստանը թիրախ դարձաւ նորովի հզօրացած Եգիպտոսի սուլթանութեան ասպատակումի ախորժակներուն։ Օգտուելով մոնկոլական աշխարհակալութեան կազմալուծումէն եւ թուլացումէն, 1266 թուին, Եգիպտոսի Մեմլուքներուն սուլթանը 30 հազարանոց բանակով ներխուժեց Կիլիկիա, աւերեց ու աւարի մատնեց բազմաթիւ հայկական բնակավայրեր։ 1268ի Յուլիսին Հեթում Ա.՝ Կիլիկիոյ քանի մը սահմանային բերդերն ու ամրութիւնները իբրեւ փրկագին զիջելով՝ յաջողեցաւ հաշտութիւն կնքել Եգիպտոսի սուլթանութեան հետ, գերութենէ ազատել իր որդին՝ Լեւոնը եւ, 1269ին, գահը զաւկին յանձնելով՝ քաշուեցաւ Ակների վանքը, ուր եւ վախճանեցաւ 28 Հոկտեմբեր 1270ին։
Հեթում Ա.ի անունով եւ պատկերով հատուած են ոսկեայ, արծաթեայ եւ պղնձեայ դրամներ։ Իսկ հայ մանրանկարիչներ արուեստի բացառիկ գործերով պատկերուած են Հայոց թագաւորի կեանքն ու գործը։
Հայ քաղաքական միտքը մինչեւ մեր օրերը ներշնչման աղբիւր ունի Հեթում Ա.ի յղացած եւ գործադրած արտաքին հաւասարակշռուած քաղաքականութեան սկզբունքը։ Հեթում Առաջին ոչ միայն տեսականօրէն պետական ռազմավարութեան մակարդակին բարձրացուց Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ հաւասարակշռութիւն հաստատելու եւ յօգուտ Հայաստանի անվտանգութեան ու հզօրութեան գործելու քաղաքականութիւնը, այլեւ՝ անձամբ ու ծանր դժուարութիւններ յաղթահարելու վճռականութեամբ, մինչեւ կեդրոնական Ասիոյ խորերը ճամբորդեց փոքրաթիւ պահակագունդով մը, որպէսզի այդ ժամանակի ամէնէն մարտունակ եւ աշխարհակալ ուժին՝ մոնկոլներու թագաւորին հետ ռազմաքաղաքական զինացութեան կարեւորագոյն դաշնագրի մը ստորագրութիւնը ապահովէ։
Ինչպէս որ պատմական աղբիւրները կը վկայեն՝ Հեթում Առաջին նուաճեց հայոց պատմութեան ամէնէն նշանակալի դիւանագիտական յաղթանակներէն մէկը, ճի՛շդ կողմնորոշուելով չափազանց դժուար միջազգային իրավիճակի մէջ: 1254 թուականի գարնան, ան հազարաւոր քիլոմեթրներու ճամբայ մը կտրեց քառասուն օրուան ընթացքում, գաղտնաբար եւ միայն մի քանի ծառաներու եւ պահակազօրի ուղեկցութեամբ, որպէսզի հասնի Քարակորում: Մոնկոլներու Մանկու խանը շատ բարեացակամ ընդունեց Հեթում Առաջինի ու բանակցութեանց արդիւնքով կնքուած պայմանագրով՝ կողմերը պարտաւորութիւն ստանձնեցին ռազմական փոխադարձ օգնութիւն ցուցաբերել: Այդ պայմանաւորուածութեանց շարքին, առանց Կիլիկեան թագաւորութեան համաձայնութեան եւ պահանջին՝ մոնկոլական զօրքն ու պաշտօնատարները պէտք չէ մտնէին Կիլիկիոյ սահմաններէն ներս, իսկ այն հողերն ու քաղաքները, բերդերն ու ամրոցները, որոնք նախապէս պատկանած էին հայկական թագաւորութեան, բայց բռնագրաւուած էին ուրիշներու կողմէ եւ ինկած մոնկոլներու տիրապետութեան տակ, պէտք է վերադարձուէին Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան:
Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարելու այսօրուան հրամայականներուն դէմ յանդիման՝ Հայաստանն ու հայութիւնը ուսանելի շատ բան ունին Կիլիկիոյ Հայոց Հեթում Ա. թագաւորէն։
Ն.