73 տարիներ անցած են այն օրէն, երբ ֆաշական Իտալիոյ Աթէնքի դեսպանը՝ Կրացի, 1940 Հոկտեմբեր 28ին, կէս գիշերէն ետք, ներկայացաւ Յունաստանի այդ օրուան վարչապետ Եանիս Մեթաքսասին եւ, յանուն Տուչէի, անոր յանձնեց վերջնագիր մը, որով կը պահանջուէր Հելլադայէն՝ ֆաշական զօրքերուն ազատ անցք տալ յունական հողամասերէն: Պատասխանը եղաւ անմիջական եւ շեշտուած ժխտական՝ «ՈՉ». չոր ու ցամաք «Ո՛Չ»:

Այս պատասխանը ստանալէն յետոյ, իր միլիոնաւոր սուիններով սոնքացող ֆաշիստ բռնապետ Մուսոլինի, ալպանական սահմաններէն առաջ քշեց իր զօրամասերը, այս փոքր երկիրը տրորելու եւ ոտքի կոխան դարձնելու մեծամտութեամբ: Քանի մը օրուան ընթացքին ֆաշական երազները օդը ցնդեցան եւ Մուսոլինիի զօրամասերը ոչ միայն գամուած մնացին Իփիրոսի լեռներուն վրայ, այլեւ ստիպուեցան կրնկակոխ նահանջել յունական գրոհներուն առջեւ: Գողիաթի եւ Դաւիթի մենամարտ մը, որ փառքով պսակեց հելլէն արի ժողովուրդին ճակատը, ամօթահար ընելով՝ ֆաշական վարչաձեւն ու ֆաշիստ բռնագրաւիչը:

Մնացեալը պատմութիւն է, վաւերական, ապ-րուած ու գրուած՝ ներկայ սերունդներուն կողմէ:

Յունաստանի ապագային համար վճռորոշ այդ թուականէն 73 տարիներ ետք, երկիրը դժուար մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, տնտեսական ճնշիչ պայմաններու տակ նոր ընկերութեան ու նոր բարքերու ձեւաւորման ականատես դառնալով։ Անցեալի յուշերը արթնցան յոյն հասարակութեան մօտ, հելլէն խորհրդարանէն ներս մուտք գործած ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութեան՝ «Ոսկեայ արշալոյս»ի ղեկավար դէմքերու ձերբակալութենէն ետք, երբ հետզհետէ յայտնաբերուեցան ոճիրներն ու անօրինութիւնները, որ տնօրինուած էին ֆաշիստական այս խմբաւորումէն։ Յոյն հասարակութիւնը եւ յատկապէս երիտասարդութիւնը հսկայ վտանգի մը առջեւ գտնուեցաւ, տեսնելով ժողովրդավարական սրբազան սկզբունքներու եւ ժողովրդային խորհրդանիշերու խախտումը։

Հելլէն հասարակութեան բոլոր հատուածները իրաւունքն ու պարտականութիւնը ունին մերժելու բռնութեան ու ամբողջատիրութեան երեւոյթները ու հոն տեղ գտած ազգավնաս դրոյթները: Ընդվզումն ու ցասումը հետզհետէ կ'աճին ընկերութեան մէջ, որ արդէն գործազրկութեան խեղդուած վիճակներ կը դիմագրաւէ։ Հարցերը իրենց խորունկ ազդեցութիւնը կþունենան Յունաստանի քաղաքացիներու կեանքին ու երկրի քաղաքական իրավիճակին վրայ։

Մարդոց հաւաքական ուժին պերճախօս վկա- յութիւնն են յառաջդիմական կեցուածքները եւ միաբերան պոռթկումները, որ գիտեն «Ոչ» բացագանչել, երբ որ պէտք է։

Այսօր Յունաստանի քաղաքական ղեկավարութեան առօրեան՝ շարունակաբար «այո»ի եւ «ոչ»ի միջեւ երկընտրանք մըն է։

Պարզ է թէ ի՛նչ պէտք է թելադրէ մարդոց ազատ կամքի ընտրութիւնը...