Հոկտեմբեր 22ի այս օրը ծննդեան տարեդարձն է ռուսական գրականութեան մեծանուն տաղանդներէն Իվան Ալեքսէյեւիչ Բունինի, որուն մահուան վաթսունամեակը կը լրանայ այս տարի։

Ութսուն տարի առաջ Նոպէլեան գրական մրցանակին տիրացած ռուս բանաստեղծը ոչ միայն իր ժառանգութեամբ, այլեւ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր արժէքներուն ու յատկապէս հայկական բանաստեղծութեան հետ իր ունեցած խոր կապով՝ արժանի է իր յատուկ տեղը ունենալու հայոց յուշատետրին մէջ, հայ ժողովուրդին մեծարժէք բարեկամներու շարքին։

Իվան Բունին փայլեցաւ թէ՛ արձակի եւ թէ բանաստեղծութեան մէջ՝ դրսեւորելով նկարիչի խոր զգացողութիւն, որ պատկերաւոր խոհականութեամբ շնչաւորեց անոր բեղուն գրական վաստակը։

Բունին 31 տարեկան էր, երբ 1901 թուին արժանացաւ Ռուսական Ակադեմիային շնորհած գրական բարձրագոյն պարգեւին՝ Պուշկինի անուան Մրցանակին, իր արձակ գործերուն «Տերեւաթափ» ժողովածուին համար։

Բունին 39 տարեկան էր, երբ 1909ին ընտրուեցաւ նոյն Ռուսական Ակադեմիայի 12 պատուոյ անդամներէն մէկը։

Իսկ 63 տարեկան էր 1933ին, երբ Նոպէլեան գրական մրցանակի առաջին ռուս դափնեկիրը հռչակուեցաւ։

Իվան Բունին սերած էր ռուս աւատապետական ու ազնուական ընտանիքէ, որ գրական յայտնի դէմքեր ու քաղաքական գործիչներ տուած է ռուս ժողովուրդին։

Ռուսական գիւղը եւ ռուս գեղջուկը իրենց իւրայատուկ թարգմանը գտան Բունինի մէջ, որ հակառակ իր ազնուական ծագումին եւ ունեւորի կեանքին՝ ոչ միայն բաբախուն սիրտը դարձաւ ռուս հողի մարդուն ազգային ու ընկերային ապրումներուն, ցաւերուն եւ երազներուն, այլեւ ամենայն հարազատութեամբ համաշխարհային գրականութեան յանձնեց ռուսական ինքնութեան բանաստեղծական պատկերացումը։

Ռուս մեծատաղանդ գրողը եղաւ նաեւ ջերմ երկրպագու մը Հայոց բանաստեղծական աշխարհին։ Երիտասարդ տարիքէն թարգմանեց իրեն սերնդակից հայ բանաստեղծներ Յովհաննէս Թումանեանի, Աւետիք Իսահակեանի, Յովհաննէս Յովհաննիսեանի, Ալեքսանդր Ծատուրեանի, Մ. Մանուէլեանի եւ այլոց երկերը, որոնք ամփոփուած են «Ժամանակակից հայ բանաստեծութիւններ» (1903) եւ «Հայկական Մուսա» (1907) ժողովածուներուն մէջ։

Ի. Բունին ծնած էր Վորոնեժ, որ ռուսական գաւառի գլխաւոր կեդրոն էր։ 1891ին Օրիոլի մէջ լոյս տեսաւ իր երախայրիքը՝ «Բանաստեղծութիւններ» ժողովածուն։ Հետեւեցան «Բաց երկնքի ներքոյ» (1898) եւ պուշկինեան մրցանակի արժանացած «Տերեւաթափ» (1901) ժողովածուները, որոնք կը յատկանշուէին բանաստեղծական դասական ձեւերու կատարելագործման որոնումներով եւ գիւտերով։ 1899ին ծանօթացաւ Մաքսիմ Գորկիի հետ եւ գործակիցներ դարձան երկար տարիներ։ Բունինի հռչակը տարածուեցաւ անոր «Գիւղը» (1910) վիպակուվ, ուր պատկերուած է Ռուսաստանի գիւղացիութեան վիճակը։

Թէեւ խոր զգացողութեամբ կը հակէր հասարակական եւ փիլիսոփայական խնդիրներու վրայ, Բունին այդուհանդերձ կը խորշէր քաղաքականութենէն։ Յատկապէս թշնամաբար դիրքորոշուեցաւ 1917ին ռուս պոլշեւիկներու կատարած Հոկտեմբերեան յեղաշրջումին դէմ, որուն հետեւանքով՝ երկու տարի Մոսկուայէն հեռու եւ գիւղական շրջաններու մէջ ապրելէ յետոյ, 1920ին խորհրդայիններու կողմէ վտարուեցաւ Ֆրանսա, ուր եւ մնաց ու ստեղծագործեց աւելի քան 30 տարի, մինչեւ իր մահը՝ 1953 թուի Նոյեմբեր 8։

Վտարանդի կեանքի այդ տասնամեակներուն արգասիքը եղան «Միտիայի սէրը» (1925), «Կոռնետ Էլագինի գործը» (1927), «Արսէնեւի կեանքը» (1930) եւ բազում այլ ստեղծագործություններ, որոնց մէջ Բունին կը վերծանէ երիտասարդ տարիներու իր յիշողութիւնները, յատկապէս ռուս աւատապետական կեանքի առանձնայատկութիւններն ու գալարումները։

Մեծարժէք է նաեւ Բունինի թարգմանական ժառանգութիւնը. մանաւանդ անգլերէնէ՝ Հենրի Լոնկֆելլոյի եւ Ճորճ Պայրոնի գործերէն իր կատարած թարգմանութիւններով, Բունին կարեւոր տեղ կը գրաւէ ռուս գրականութիւնը եւրոպական աւանդներով հարստացնելու բնագաւառին մէջ։

1939ին Գերմանիոյ մէջ եւ 1956ին Մոսկուա, աւելի քան 12 հատորներով լոյս տեսան Իվան Բունինի երկերու լիակատար ժողովածուները։

Բունինի գրական յուզաշխարհին եւ բանաստեղծական ոճին մասին ճաշակ մը փոխանցելու առումով՝ ընթերցողին ուշադրութեան արժանի է Յովիկ Չարըխչեանի Blog-էն առնուած թարգմանութիւնը Բունինի «Մենակութիւն» քերթուածին։

 

ՄԵՆԱԿՈՒԹԻՒՆ 

Եւ քամի, եւ անձրեւ, մառախուղ.
Ու ջրեր սրտաշունչ, սառցապատ.
Այստեղ կեանքը մեռել է վաղուց
Ու դարձել է այգիս անապատ:
Ես նստած եմ մթին սենեակում,
Ցուրտ քամին է լոկ դուռս թակում:

Դու երէկ էլ ինձ մօտ էիր, բայց
Ես արդէն տաղտկալի եմ, ձանձիր:
Ու վերջում իրիկուայ ցուրտ ու թաց
Դու իմ կինը յանկարծ թուացիր…
Ի՜նչ արած, ես կ'ապրեմ դեռ կրկին
Միայնակ ու մի կերպ առանց կին…

Ու անցնում են այսօր անդադար
Նոյն ամպերը անվերջ շարքերով.
Առմուտքի մօտ քո հետքը դատարկ
Աղօտուել է, լցուել է ջրով:
Եւ նայելն է այնպէս ցաւալի
Իրիկուայ գարշագոյն խաւարին:

«Դարձի՛ր ետ,- կանչեցի քեզ կրկին,-
Ես վարժուել եմ քեզ հետ ապրելուն»:\
Բայց չունես դու անցեալ, երբ, տիկին,
Դադարում ես մէկին սիրելուց:
Է՜հ, խմեմ, վառեմ բուխարին…
Գուցէ շուն ես գնեմ այս տարի:

Ն.