93 տարի առաջ, Հոկտեմբեր 21ի այս օրը, ինքնապաշտպանութեան եւ ազատագրական պայքարի թէժ մարտերու բոցերուն մէջ յայտնուած Լեռնահայաստանը վճռորոշ յաղթանակ մը արձանագրեց։

Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքը բռնուած էր երկու կրակի միջեւ՝ արեւմուտքի ամբողջ երկայնքին, Սեպտեմբերէն սկսեալ, քեմալական զօրքերու ներխուժումով, իսկ արեւելքէն եւ հիւսիսէն, Հոկտեմբերի կէսերուն, Լենինի Կարմիր Բանակին ու խորհրդային համազգեստ հագած ազերի փանթուրքիստներու ընդհանուր գրոհին հետեւանքով։

Բայց յատկապէս հարաւային կողմն Հայաստանի՝ Արցախի եւ Զանգեզուրի ճակատին վրայ, կը մղուէր Հայաստանի լինելիութեան օրհասական կռիւը՝ ընդդէմ Քեմալ-Լենին սադայէլական զինակցութեան։ Փաստօրէն փլուզուած զոյգ բռնատիրութեանց՝ Օսմանեան եւ Ցարական Կայսրութեանց փլատակներուն վրայ, մեծապետական նկրտումներով գինովցած թուրք եւ ռուս մրցակիցները, հարաւային իրենց սահմանագիծը ընդլայնելու կամ վերահաստատելու աշխարհաքաղաքական մրցապայքարով հանդերձ, զինակցած էին «հայկական սեպէն» ձերբազատուելու առաջնահերթութեան շուրջ...

Եւ այդպէս, Հոկտեմբեր 1920ին, Լեռնահայաստանը յայտնուեցաւ բոցերու մէջ։

Հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն հերոսական եւ փայլուն էջերէն է Լեռնահայաստանի գոյամարտը, որ խորհրդային լուծի 70ամեայ ժամանակաշրջանին արգիլուած նիւթ նկատուեցաւ հայ քաղաքական մտքին ու պատմագրութեան համար հայրենիքի մէջ՝ բացառապէս Սփիւռքին եւ այդ ալ միայն դաշնակցական մտքին վերապահուած «ժառանգութիւն» մը հռչակուելով ատենի այսպէս կոչուած «Հայաստանասէրներուն» կողմէ։

Այսօր սակայն հիմնովին փոխուած է կացութիւնը եւ հաւասարապէս թէ՛ Սփիւռքի, թէ՛ Հայաստանի մէջ մեր ժողովուրդը ինքնաճանաչման ու հպարտութեան վարար աղբիւրի վերածած է Լեռնահայաստանի գոյամարտն ու անոր կերտիչները, յատկապէս անմահն Նժդեհը, որ հանդիսացաւ Լեռնահայաստանի ազատագրութեան Հայոց Սպարապետը։

Դաշնակցական ծանօթ գործիչ եւ մտաւորական Վարդան Գէորգեան, «Լեռնահայաստանի գոյամարտը» անունով իր գործին մէջ, հիմնուելով նոյնինքն Գարեգին Նժդեհի յուշագրական եւ արխիւային նիւթերուն վրայ, կարեւոր չափով լոյս սփռած է Զանգեզուրի ազատագրական պայքարին վրայ։ Վ. Գէորգեանի գրքէն առանձնացուած տարեթիւ է 21 Հոկտեմբեր 1920ը, որովհետեւ այդ օր, 93 տարի առաջ, տեղի ունեցաւ Լեռնահայաստանի գոյամարտի կարեւոր կռիւներէն մէկը, որ վերջ գտաւ Կարմիր Բանակի զօրքին անփառունակ պարտութեամբ՝ Սիսիանի ճակատին վրայ։

Խօսքը կը վերաբերի Կարմիր Բանակի 28րդ զօրաբաժնին եւ անոր երդուեալ «մեծամասնական» (պոլշեւիկ) հրամանատարին՝ Նեստերեովսկիին կրած ջախջախիչ պարտութեան։

Վ. Գէորգեանի յիշատակած արխիւային փաստաթուղթերու շարքին է զինուորական հետեւեալ հրահանգը.- «ԿԸ ՀՐԱՄԱՅԵՄ 83րդ եւ 84րդ բրիգատաներու հրամանատարներուն խուսափիլ ամէն տեսակ մարդասիրական միջոցներէ եւ դաժան ըլլալ ապստամբ բնակչութեան հանդէպ, որպէսզի ան զգայ բանուորական բռունցքի թափը: Դիմադրողներուն գերի չվերցնել եւ կենդանի բաց չթողնել ոչ մէկ աւազակի: Մի միայն ապատամբ կուլակները ոչնչացնելով եւ անոնց ամբողջ կայքը գրաւելուվ կը հասնինք խաղաղութեան: Եթէ հանգամանքները ստիպեն՝ աւերե՛լ ամբողջ գիւղերը, յիշելով այն, որ աններողամտութիւնն ու դաժանութիւնը, նամանաւանդ Կովկասի մէջ, կը հասցնէ լաւ հետեւանքի: Գրաւած գիւղերու մէջ սովէն ապահովել զօրամասերը ի հաշիւ ապստամբներու: (28-րդ Դիւիզիայի պետ՝ ՆԵՍՏԵՐՈՎՍԿԻ, Զին.Կոմիսարի փոխանորդ՝ ՍԱՐԱԵԶ, 28-րդ Դիւիզիայի շտապի պետ՝ ՓԸՐՈԼՈՎ)»։

Ահա՛ այն ոգին եւ մոլուցքը, որոնք առաջնորդեցին կատաղի յարձակումները կարմիր բանակայիններուն՝ Լեռնահայաստանի ուղղութեամբ իրենց ձեռնարկած ներխուժման ընթացքին։

Այդ հրահանգին անսալով էր, որ «Հոկտեմբեր 16ին, Զանգեզուրի գաւառի Կոռնձոր գիւղին մէջ, իբրեւ հակամեծամասնական կը գնդակահարուին 13 հայ բանտարկեալներ:

«Ռումբերու տարափով կը յառաջանար ահա կարմիր բանակը, որ կը կռուէր Ասկիւլում-Ղզլդաշ-Ինջաբէլ գծի - այսինքն Ղափանի հիւսիս-արեւելեան ամբողջ սահմաններուն վրայ:

«Իր ձախ թեւը ճակատէն գիւղի դէմ սկսած ձախող յարձակումէ մը վերջ, ծեծուած ու պարտուած՝ ետ կը քաշւէր:

«Կեդրոնը՝ գրաւելով Արծուենիկ գիւղը, կþաշխատէր օգտուիլ իր ժամանակաւոր յաջողութենէն:

«Աջ թեւը՝ մխրճուած Ղափանի եւ Տաթեւի միջեւ, կը ջանար գրաւել Խոտանան գիւղը:

«Կեդրոնէն կը ռմբակոծեն երկու թնդանօթներ: Թեւերուն վրայ քառասունի չափ գնդացիրներ կը գործեն անդադրումօրէն:

«Կռուի երկրորդ օրը՝ 17 Հոկտեմբերին, Նժդեհ դէպի Ինջաբէլ հետեւեալ հրահանգը կը ղրկէ.¬ «Խուսափիլ ցերեկուայ գրոհներից եւ զոհեր տալուց. ընդունել մուրճ եւ ոստայն ձեւը եւ սպասել ինձ: Ձեզ մօտ կը լինեմ մի ժամէն»: Վաշտապետ Կ-ի դեկավարութեամբ զօրախումբ մը թշնամիին թիկունքը անցնելու համար Գետաթաղի բարձունքներով կը շարժի դէպի Տափասար: Որոշեալ ժամուն Նժդեհ կը գտնուի Ինջաբէլ:

«Տրուած մարտագրին համաձայն, Հոկտեմբեր 18ի լուսաբացին, ուժանակային գրոհով մը Խոտանանի զօրասիւնը շփոթի կը մատնէ հակառակորդ ուժերը՝ Ինջաբէլի ամբողջ ճակատին վրայ: Նոյն ժամուն վաշտապետ Կ-ի զօրախումբը թեւանցային շարժումով մը Տափասարէն կը հարուածէ թշնամին թեւէն ու թիկունքէն: Գրեթէ նոյն ատեն կապ պահելով՝ Տաթեւի կողմէն թշնամին կը հարուածեն Պօղոս Տէր-Դաւիթեանն ու սպայ Տէր¬Պետրոսեանը:

«Կռուի ընթացքին Մեծամասնական ուժերու մէկ մասը անձնատուութեան կը դիմէ, իսկ մնացած մասը կը նահանջէ խուճապահար: Նահանջող թշնամին կը հետապնդուի տեղակալ Տէր-Դաւիթեանի ուժերէն: Իրենց կարգին Ղափանի հետեւակ վաշտերը մեծ խանդավառութիւնով կը սուրան դէպի Արծուենիկ: Այդ ճակատին վրայ կռուող մեծամասնական 84րդ բրիգատան թեթեւ դիմադրութենէ մը վերջ՝ կը յանձնուի. Հոկտեմբեր 18ին Կապարգողթի սահմաններուն վրայ մեծամասնական ուժերու հետքը չէր մնար:

Այդպէ՛ս՝ Հոկտեմբեր 21ին, հայկական ուժերու յաղթանակը եղաւ ամբողջական։

«Յաղթական հայ վաշտերը, բազմաթիւ գերիներով, ձեռք ձգած գնդացիրներով, հրազաններով, հեռախօսային գործիքներով, խրամաշինութեան վերաբերեալ կազմածներով ու դրօշակներով՝ կը վերադառնան դէպի Հանքերը, տօնելու Սիւնիքի ժամանակակից պատմութեան մէջ փառքի շքեղ էջ մը գրկող իրենց այս նոր յաղթանակը:

«Կռիւը շահուած էր հայերու կողմէ՝ գրեթէ ոչ մէկ մարդկային զոհով:

«Մեծամասնական ուժերու պարտութենէն ետք, Բագու հրատարակուող «Կրասնիյ Աւանկարդ» թերթը, «ՀԶՕՐ ԶԷՆՔ - ՄԵՐ ԿՌՈՒԻ ՁԵՒԸ» խորագրին ներքեւ, այսպէ՛ս կþարտայայտուէր.¬ «Արեւելքի մէջ յայտնուած է կրտսեր քոյրը մեծ դաշնակիցներու - Արեւելեան Համաձայնութիւնը, Հայաստանի, Վրաստանի, Ռումանիոյ եւ Յունաստանի բուրժուազիաներն են կազմած այդ դաշնակցութիւնը, որպէս զի խեղդեն ծազող յեղափոխական շարժումը արեւելքին մէջ: Արեւելեան Համաձայնութեան անմիջական ներկայացուցիչներէն մէկը աւազակապետ Նժդեհն է, որ իր բանակը կազմած է ազգային ատելութեամբ լեցուած հայերէ: Մինչ Նժդեհը Զանգեզուրի լեռներուն վրայ աւազակութեամբ կը գբաղուէր, Կարմիր սուինները փախցուցին ուրիշ գայլ մը՝ Դրօն: Ընկեր կարմիրները պէտք է ամուր սեղմեն իրենց հրացանները եւ քշեն սեւ գայլ Նժդեհին: Կարմիր բանակի հանդէպ խորամանկ եւ յամառ թշնամի Նժդեհը, Դրօն եւ այլ հին գայլերը, լաւ գիտեն զինուորական գործը: Ուստի եւ այդ ապստամբներու դէմ անհրաժեշտ է մեծ ուժ, ջարդելու համար անոնց հրոսակախումբերը: Նոյն ատեն մենք պիտի չմօռնանք, որ ապստամբներու յաջողութիւնը մեծապէս կախուած է ազգաբնակչութեան տրամադրութիւններէն: Ահա թէ ինչու կարմիր քանակը, թշնամիին կենդանի ուժերը խորտակելէ զատ, պիտի ձգտի ժողովուրդը ըմբոստացնել, թշնամացնել ապստամբութեան ղեկավարներուն դէմ»...

Պոլշեւիկեան եւ ազերի¬թրքական զինակցութիւնը այսպիսի՛ թոյնով լեցուած էր Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ։

21 Հոկտեմբեր 1920ին Լեռնահայաստանը պարտութեան մատնեց Քեմալ-Լենին զինակցութեան առաջին գրոհը։

Եւ բոլոր անոնք, որոնք նաեւ մեր օրերուն տակաւին կþուզեն իբրեւ հայոց պատմութեան «հարազատ» փուլերէն մէկը ընդունիլ Նոյեմբեր 29ը, լաւ կþընեն, որ երթան դէպի ակունքները Լեռնահայաստանի գոյամարտին։

Զանգեզուրը բոցերու մէջ յայտնուեցաւ ոչ թէ հայ ժողովուրդի ներքին՝ գաղափարական-քաղաքական տարակարծութեանց ենթադրեալ, անգոյ եւ շինծու չարիքին հետեւանքով, այլ արտաքին թշնամիի սադայէլական զինակցութեան հրահրումով։

Ընդհակառակն՝ հայ ժողովուրդի ազգային, քաղաքական եւ գաղափարական միասնականութեան շնորհիւ էր, որ Լեռնահայաստանի մարտունակ հայութիւնը, յատկապէս երիտասարդութիւնը ընդառաջեց Անկախ Հայաստանի ազգային բանակին ինքնապաշտպանութեան եւ դիմադրական կռուի կոչին։

Զանգեզուրը մէկ մարդու պէս բոլորուեցաւ Լեռնահայաստան ուղարկուած Դաշնակցութեան լիազօր հրամանատարին՝ Գարեգին Նժդեհի շուրջ եւ հերոսաբար նուաճեց Զանգեզուրի հայացումն ու ազատագրումը ճիշդ այն օրերուն, երբ Քեմալի ու Լենինի մեղսակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան կը պարտադրուէր խորհրդային իշխանութեան լուծը։

Ապրող սերունդներուս կը մնայ մտահան չընել եւ միշտ ներշնչուիլ ու առաջնորդուիլ Նժդեհեան պատգամով՝

«Ազգային ոգի - ահա՜ գերագոյն հերոսը, միա՜կը, մեր պատմութեան անիւը դարձնող, մեր հաւաքական ճակատագիրը վարող հերոսը»: 

Ն.