Մեր անձնական թէ հաւաքական ապրումներուն մէջ տարբեր հանգրուաններ կþիմաստաւորեն մեր կեանքը։ Նշանակալից առաջին պահը որ արժէքով կþօժտէ մեզ՝ վարժարանային կրթութեան տարիներն են, որ հիմքը կը կազմեն մեր էութեան։

Սորվելու, գիտելիքներ ամբարելու, այլոց հետ մրցելու, կարողութիւններ ու տաղանդներ յայտնաբերելու կարեւոր այս հանգրուանը, որ միջոց ու գործիք պիտի դառնայ մեր կեանքի տեւողութեան ընթացքին։

Կրթուած մարդը հիմքը կը կազմէ քաղաքակիրթ ու մշակուած ընկերութեան։ Ճիշդն ու սխալը զատորոշելու, չարն ու բարին զանազանելու կարողութիւնը կանուխէն կը մշակուի մարդոց մէջ, արդար ու իրաւացի հաւաքական ընկերութեան մը մէջ ապրելու շարժառիթ հանդիսանալով։ Մարդը կատարեալ կը դառնայ իր կրթութեան ընդմէ- ջէն, այն կրթութեան՝ որ գիտելիքներու ամբարում չէ միայն, այլ հոգին մշակող, նկարագիրը յղկող՝ կեանքի դպրոց։

Սեպտեմբեր ամիսը յատկանշուած է դպրոցական իրադարձութիւններով։ Վարժարաններու վերամուտ, ուսանողական տարեշրջանի բացում, վերամուտի ընդհանուր մթնոլորտ։ Դժուարութիւնները բազմաթիւ։ Այսօր Երկուշաբթի օր Յունաստանի ուսուցիչներու սենտիքան որոշում կը կայացնէ եթէ գործադուլի պիտի դիմէ յաջորդող օրերուն ընթացքին, գիտակցելով թէ կոչուած է իր առաքելութիւնը իրագործելու հետզհետէ աւելի դժուարացող պայմաններու տակ (պետական վարժարաններու միացումներ, ուսուցիչներու աշխատանքէ արձակումներ, կրթական համակարգի պիւտճէի կրճատում)։ Կնճռոտ իրավիճակ, որու զոհը դարձած են արդէն հայկական մեր վարժարանները, երկու տարիէ ի վեր կասեցուած պետական յատկացումներու հետեւանքով, որ բարդացուցին դպրոցական մեր իրավիճակը, նոր մարտահրաւէրներ բանալով վարժարաններու պատասխանատու մարմիններուն եւ ծնողներուն առջեւ։

Այսուհանդերձ՝ իրավիճակը մեղմելու եւ դժուարութիւնները յաղթահարելու վճռակամութիւնը կայ բոլորին մօտ, որոնք բարձր համոզումով եւ խոր գուրգուրանքով կը մօտենան հայկական վարժարանի առաքելութեան։ Այս վճռակամութիւնն է որ հակառակ երկիրը տագնապեցնող ընկերային-տնտեսական ճնշիչ մթնոլորտին, վերաթարմացման իր շունչը կը պարտադրէ՝ վերամուտի ուրախ մթնոլորտ ստեղծելով։

Մի քանի առիթներով մեր թերթի էջերէն արդէն հրատարակուեցան Յունաստանի բարձրագոյն կրթարաններէն ներս յաջողած հայ աշակերտներու անունները, հրճուանքի եւ գոհունակութեան զգացումներ առթելով մեր բոլորին մօտ։ Աձկութեան, մտավախութեան, սրտնեղութեան անհամար օրերէ ետք, հասած էր արդար հատուցման պահը յաջողած ուսանողներուն եւ իրենց ընտանիքներուն համար։ Անոնց հետ կը հրճուինք նաեւ մենք բոլորս, որովհետեւ կը ճանչնանք այս տղաքը. անոնք մեր հայկական վարժարաններու շրջանաւարտներն են, մեր ակումբներուն մէջ յաճախող տղաքն են, որոնք փորձութեան երկար շրջանէ մը ետք, ապացուցանեցին թէ տոկունութիւնն ու համբերութիւնը ունեցան հետեւողական աշխատանք տանելու եւ յաջողութեան հասնելու։

Անոնք եւս կը գտնուին նոր հանգրուանի մը սեմին, նոր հորիզոններու առջեւ, որ լայն պիտի բացուին իրենց համար, միաժամանակ նորանոր փորձութիւններ բերելով իրենց կեանքին մէջ։

Շեշտուա՛ծ պարտաւորութիւններ։

Ուսանողական նոր շրջանակներէն ներս մուտք գործող հայ երիտասարդները առիթը պիտի ունենան շաղուելու իրենց տարեկից յոյն եւ օտար երիտասարդներուն հետ, ուր յաճախ, զրոյցներու ընթացքին, հարցեր պիտի արծարծեն եւ կարծիքներ պիտի փոխանակեն։ Անտարակոյս որ այս զրոյցները միտք մարզելու, բայց միաժամանակ իրենց գիտելիքները փոխանցելու առիթ պիտի դառնան։ Գիտելիքներ՝ հայութեան մասին, Հայ Դատի, հայ մշակոյթի ու կրօնքի, հայկական բարքերու եւ սովորութիւններու մասին, հայութիւնը ամենայն արժանապատուութեամբ ծանօթացնելով լայն շրջանակներու մօտ։ Փոխադարձաբար նաեւ. իրենց նոր գիտելիքներով եւ ուսանողական մակարդակով ու չափանիշով որակաւորուած երիտասարդներու ներդրումը կրնայ նոր շունչ տալ մեր ազգային առօրեայ կեանքին, մեր միութիւններու աշխատանքներուն ու մեր բոլոր գործերուն: Այս իմաստը ունին նաեւ Հայ Կապոյտ Խաչի եւ Հայ Գթութեան Խաչի տարիներէ ի վեր սահմանուած մրցանակները, որ ճիշդ ա՛յս գաղութային գուրգուրանքի արտայայտութիւնն են երիտասարդ հայորդիներուն հանդէպ։ Փոխադարձ կապ, որ տարիներու ընթացքին կը հասուննայ եւ բարոյական բարձր իմաստ կը ստանայ։

Հաստատենք, որ միայն անձնական որպէս յաջողութիւն կարելի չէ դիտել երիտասարդ տղոց այս յաջողութիւնները, այլեւ արժեւորել անոնք գաղութային-դպրոցական մեր հաւաքականութեան ընդմէջէն:

Մեր համայնքի իւրաքանչիւր երիտասարդի յաջողութիւն՝ կրթական, մարզական, ասպարէզային մարզերէն ներս հպարտութեան առիթ է բոլորիս համար։

Բարի վերամուտ դպրոցական-ուսանողական մատղաշ սերունդին։