Սեպտեմբերի առաջին օրերը, 118 տարի առաջ, պատմական կարեւորութեամբ ըմբոստացման հանգրուան մը բացին ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին եւ յատկապէս Զէյթունի հայութեան առջեւ։

3 Սեպտեմբեր 1895ին անառիկ Զէյթունը պարզեց ապստամբութեան դրօշ, ամիսներու վրայ երկարած հերոսական կռիւներ մղեց համիտեան զօրքերուն դէմ, անկախութիւն հռչակեց եւ զէնքը վար դրաւ միայն այն ժամանակ, երբ Կարմիր Սուլթանը տեղի տուաւ Զէյթունի հայութեան պահանջներուն առջեւ։

Ինչպէս օրին, նաեւ հետագայ տասնամեակներուն, հայ ժողովուրդի իրերայաջորդ սերունդները ազգային ինքնավստահութիւն եւ հպարտութիւն ներշնչող վարար աղբիւր մը գտան հերոսական Զէյթունի դիւցազնապատումին մէջ։ Հայ բանաստեղծները անմահացուցին Զէյթունցի Քաջորդիներուն ծառացումն ու անպարտելիութիւնը։ «Կեցցէ՛ Զէյթունը, խրոխտ Սասունը» յանկերգով՝ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք» երգեցին հայոց աննման ֆետայիները եւ անոնց ժառանգորդ դաշնակցական սերունդները...

Առանձնայատուկ է տեղն ու պատգամը հայկական Զէյթունին, որ լեռնային Կիլիկիոյ անառիկ բարձունքներուն վրայ իր կազմաւորման ժամանակէն իսկ, Միջնադարէն սկսեալ, շարունակ զէն ի ձեռին պայքարեցաւ օտար ասպատակողներու դէմ, կրցաւ սեփական ուժերով պաշտպանել ազատ ապրելու իր բնական եւ անբռնաբարելի իրաւունքը եւ, ծանրագոյն պայմաններու մէջ անգամ, դարեր շարունակ, ի վիճակի եղաւ պահպանելու իր կիսանկախ գոյավիճակը։

Եւ ամէն անգամ, որ հայ քաղաքական միտքը յետադարձ հայեացքով կ՛արժեւորէ Զէյթունի 1895ի ապստամբութեան տարեդարձը, ամէն բանէ առաջ կը վերահաստատէ քաջ զէյթունցիներու օրինակով ազատ ու անկախ ապրելու հայ ժողովուրդին հաւաքական Կամքը, այլեւ ամէն բանէ վեր կը վերանորոգէ անառիկ արծուեբոյն Զէյթունի ծառացման աւանդով ոգեշնչուելու հայոց Ուխտը։

Հանրագիտական տուեալներով՝ ԶԷՅԹՈՒՆը (այժմ‘ Սուլէյմանիէ, Թուրքիա) պատմականօրէն յաջորդած է բիւզանդական Ուլնիա շրջանին։ Զէյթունը քաղաք էր Լեռնային Կիլիկիայի մէջ, Մարաշէն 38 քմ. հիւսիս-արեւմուտք՝ դժուարամատչելի լեռնոտ դիրքով: Շրջապատված է հիւսիսէն Չըրըզ, Բերիտ, Սաղ, Տաղ, Աղաճ, Առ, Եօթնեղբայր, արեւելքէն՝ Պերզինկա, Մաւլա, Աւագ, հարաւէն՝ Կիւվրտին, արեւմուտքէն՝ Սոլախտերէ լեռներով: Շրջակայքում կան օգտակար հանածոններ (երկաթ, արծաթ), հանքային ջրեր: Կþենթադրուի, որ Զէյթուն անունը (առաջին անգամ յիշատակուած է ԺԵ. դարուն) առաջացած է արաբերէն զէյթուն (ձիթենի) բառէն, իսկ Ուլնիա անունը Զէյթունը ժառանգած է նոյն տեղանքը գտնուած բիւզանդական համանուն բնակավայրէն։

1990ին հրատարակուած «Հայկական Համառօտ Հանրագիտարան»ի Ա. հատորի նոյն աղբիւրին համաձայն՝ «Բագրատունիների թագաւորութեան անկումէն (1045թ.) յետոյ Զէյթունի տարածքը հաստատուած են Անիէն գաղթած 7 հայ ընտանիքներ՝ բնակավայրը անուանելով «Անի-Ձոր»: 1080-1375 թուականներուն, Զէյթունը մտած է Կիլիկիոյ հայկական պետութեան մէջ: Զէյթունի բնակչութիւնը բազմացած է Շիրակէն, ինչպէս նաեւ Կիլիկիայէն ու այլ բնակավայրերէ եկած հայերով: XVդ-XVIդ. սկիզբը ինկած է թուրքմէնական ցեղերու տիրապետութեան տակ: 1517 թուին ընդունած է թրքական հպատակութիւն: Թուրք սուլթան Մուրադ Չորրորդը 1626-27ին Զէյթունի հայերուն շնորհած է կիսանկախութեան հրովարտակ (ֆերման):

«Քաղաքը եւ գաւառը ղեկավարած են 4 իշխանական տուներ՝ Շովրոյեանները, Եաղուպեաննները, Ենի-Տունեանները, եւ Սուրէնեանները, որոց անունով են կոչուած Զէյթունի թաղերը (անոնց ժառանգական տիրոյթները): Գաւառին վերաբերող հարցերը լուծած է իշխանական խորհուրդը, ուր վճռական խօսքի իրաւունքը վերապահուած է աւագ իշխանին եւ Զէյթունի Արքեպիսկոպոսին»:

Պատմականօրէն անկախ կամ կիսանկախ ապրած Զէյթունը միշտ ալ գրգռեց թուրք իշխանաւորներու ախորժակները, որոնք ամէն առիթ օգտագործեցին ազատ ու անկախ հայութեան այս արծուեբոյնը գրաւելու եւ իրենց բռնատիրութեան ենթարկելու համար։ Բայց Զէյթունը միշտ ալ զէնքով դիմադրեց եւ ետ շպրտեց թրքական այդ նկրտումները՝ ամէն պարագայի իր ինքնիշխանութիւնը պահպանելով եւ յոռեգոյն պայմաններու տակ զիջելով հարկ վճարել թուրք սուլթանին...

19րդ դարուն Զէյթունը իր ազատութեան եւ անկախութեան սպառնացող մեծագոյն վտանգը դիմագրաւեց 1862ին, երբ սուլթանական կառավարութիւնը փորձեց զինու զօրութեամբ խորտակել հայոց անառիկ այս ամրոցը։ Բայց Զէյթուն կրկին անգամ յաղթական դուրս եկաւ ինքնապաշտպանութեան թէժ կռիւներէն, վերահաստատեց ինքնավար ու կիսանկախ կեանքի իր իրաւունքը եւ այդպէս ապրեցաւ մինչեւ 1890ականները։

Նաեւ 1878ի ռուս-թրքական պատերազմի ժամանակ զէյթունցիք կրկին ծառացան՝ օսմանեան բռնակալ լուծը մէկանգամընդմիշտ թօթափելու յոյսերով, բայց յաղթական իրենց կռիւները քաղաքականօրէն անպտուղ մնացին, որովհետեւ Արեւմտահայաստան մուտք գործած Ցարական Ռուսաստանը աշխարհաքաղաքական այլ հաշիւներ կը հետապնդէր...

Ապտիւլ Համիտի Բ.ի սուլթանական գահ բարձրանալով՝ թուրք պետական քաղաքականութեան առաջնահերթ խնդիրը դարձաւ Հայկական Հարցէն ձերբազատումը։ Յատկապէս Զէյթունն ու Սասունը Թուրքիոյ կոկորդին կեցած փուշ էին Մեծ Մարդասպանին համար։ Եւ Համիտ շարունակ կþորոճար յարմար պահուն հայկական ծառացման բոյներուն մահացու հարուած տալու ջարդարար ծրագիրներ...

1890ականներու սկզբնաւորութեան թափ առած հայ յեղափոխական շարժումը, յատկապէս Հնչակեան կուսակցութեան սկզբնական մակընթացութեան շրջանին, լաւապէս կը գիտակցէր, որ հարկ էր պատրաստ ըլլալ սուլթանի մշակած ջարդի ծրագրին ու դիմագրաւել զայն։ 1895ի ամառը հնչակեան գործիչներ կու գան շրջանը՝ Զէյթունի եւ Լեռնային Կիլիկիոյ միւս բնակավայրերու հայութիւնը ինքնապաշտպանութեան եւ զինեալ պայքարի նախապատրաստելու համար: Բայց սուլթանը արդէն սկսած էր զօրք կեդրոնացնել այդ շրջաններուն մէջ՝ Զէյթունը վերջնական հաշուեյարդարի ենթարկելու նպատակով։ Հնչակեան գործիչները շտապ խորհրդակցութեան կը հրաւիրեն Զէյթունի իշխանները, շրջանի գիւղապետերը եւ հոգեւորական գործիչները։ Այդ խորհրդակցութիւններուն քաջարի Զէյթունը որոշեց կանխել վտանգը եւ ձեռնարկեց ապստամբութեան։

3 Սեպտեմբերին Զէյթունը պարզեց ապստամբութեան դրօշը եւ շարժման ղեկավարը դարձաւ Նազարէթ Չաւուշ Նորաշխարհեանը: Երեք օր ետք քաջարի հայ լեռնականները գրաւեցին Զէյթունի կառավարչատունը եւ գերի բռնեցին բոլոր պաշտօնեաները։ Ապա՝ յարձակեցան գիւղաքաղաքի թրքական զօրանոցին վրայ, գրաւեցին զայն եւ գերի ինկած 700 թուրք զինուորներուն ստիպեցին՝ իրենց գլուխները խոնարհած անցնիլ վանահօր սուրին տակով: Հայերը ձեռքը անցան երկու թնդանօթ, երեք հարիւրէ աւելի հրացան եւ մեծաքանակ ռազմամթերք: Ստեղծուեցաւ Զէյթունի ժամանակաւոր կառավարութիւն՝ Աղասիի գլխաւորութեամբ: Կազմուեցաւ նաեւ զինուորական խորհուրդը: Զօրանոցին վրայ բարձրացուեցաւ «Զէյթունի անկախ իշխանութեան» կարմիր դրօշը:

Ահա այսպիսի՛ յաղթական թռիչքի մը սկզբնաւորման 118րդ տարեդարձը կը նշենք Սեպտեմբերի առաջին օրերուն։

Սուլթանական կառավարութիւնը զէյթունցիներուն դէմ ուղարկեց 30 հազարնոց կանոնաւոր եւ քանի մը հազարի հասնող անկանոն զօրքեր: Զէյթունը զանոնք դիմաւորեց 6000 կռուող քաջերով եւ ամիսներու վրայ երկարած մարտերով շարունակ ետ մղեց թշնամիի գերակշիռ ուժերով յարձակումները։

Թէեւ ապստամբութեան շուրջ 4 ամիսներու ընթացքին զէյթունցիները ունեցան 3500 զոհ, բայց թշնամիէն խլեցին աւելի քան 20.000 սպանեալ։

Դեկտեմբեր 2-3ին, 1895ին, Զէյթունը նուաճեց իր մեծագոյն յաղթանակը, երբ կրցաւ անփառունակ պարտութեան մատնել թրքական ընդհանուր յարձակողականը։ Սուլթան Համիտ ստիպուած տեղի տուաւ եւրոպական մեծ տէրութեանց միջնորդութեան առաջարկին եւ համաձայնութիւն յայտնեց սկսելու, եւրոպացի դիւանագէտներու հովանաւորութեամբ, Հալէպի մէջ, Զէյթունի հերոս ներկայացուցիչներուն հետ բանակցութեանց, որոնք 30 Յունուար 1896ին յանգեցան փոխադարձ զիջումներու պայմանագրի մը ստորագրութեան։

Զէյթունի 1895ի ապստամբութեան յաղթական աւարտին դէմ յանդիման, Թրքական պետութիւնը ստիպուեցաւ ընդառաջել շրջանին մէջ քրիստոնեայ կառավարիչ (ազգութեամբ՝ յոյն) մը նշանակելու եւ տեղական ինքնակառավարման սկզբունքը յարգելու յաղթական Զէյթունի պահանջներուն։

Զէյթունի ապստամբութեան յաղթական աւարտը, այսպէ՛ս, ներշնչման աղբիւր դարձաւ համայն Հայաստանի տարածքին ու գօտեպնդեց հարիւր-հազարաւոր անզէն հայերու կոտորածին դէմ զէնքի դիմելու, սեփական ուժերով պաշտպանուելու եւ ընդհանուր ապստամբութեամբ Հայաստանն ու հայութիւնը ազատագրելու հայ յեղափոխականներու հետագայ պայքարը։

Ն.