Յունիս 17ին հայ մարդը կ'ողբայ անժամանակ կորուստը անզուգական Պարոյր Սեւակի։
42 տարի առաջ, Յունիսի այս օրը, ինքնաշարժի ճամբու արկածի մը զոհ գնաց հայ ժողովուրդի հանճարեղ բանաստեղծներուն վերջին ներկայացուցիչը։
Դժուար էր հաւատալ եւ օրին միայն ծառայամիտները ուզեցին հաւատալ ու հաւատացնել, թէ 17 Յունիս 1971ին պատահած եւ Պարոյր Սեւակի մահուան պատճառ դարձած ճամբու արկածը իսկութեան մէջ այդպիսին էր՝ սովորական ճամբու արկած մըն էր։
Բայց խորհրդային ամբողջատիրութեան ժամանակներն էին եւ որքան ալ բարձրագոռ հնչեցին, աշխարհով մէկ, հայ մարդոց թերահաւատութիւնն ու ընդվզումը, պաշտօնապէս պարտադրուեցաւ պետական բացատրութիւնը Սեւակի մահուան պարագա- ներուն մասին։
Սեւակ զոհ գնաց ճամբու արկածի՞...
Ո՛չ. ո՛չ եւ միշտ ո՛չ։
Պարզապէս Սեւակը բրտօրէն պոկեցին, խլեցին եւ ընդմիշտ հեռացուցին հայ ժողովուրդէն եւ Հայաստանէն։
Այո՛, Հայաստանն ու հայութիւնը այդպէ՛ս յանկարծակի, չարաբաստիկ օր մը, առյաւէտ կորսնցուցին իրենց բազմադարեան ձայներուն, գոյներուն եւ խոհերուն՝ Հայ Հոգիի եւ Հայկեան Հանճարի ամէնէն վաւերական էատարրերուն կենսուրախ մարմնաւորումը, որ դեռ յիսուն տարեկան չէր եղած եւ այնքա՜ն ճառագայթող հասունացման տարերքին մէջ կը գտնուէր։
Վաղաժամ լռութեան դատապարտուեցաւ հայ գրականութեան մեծագոյն ձայնաւորներուն վերջին անմահը, որ իր կենդանութեան արդէն նուաճած էր Հայաստանի ու հայութեան «անլռելի զանգակատուն»ը շնչաւորելու յաւերժական բարձունքը։
Եթէ արդարադատ ենք, ապա անպայման պէտք է խոստովանինք ու ընդունինք, որ Սեւակի բանաստեղծութեամբ, ինչպէս եւ անոր եղերական մահով՝ հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը փակեցին հազարամեակներու մեր պատմութեան խաւարանիստ փուլերէն մէկը, 70ամեայ խորհրդային լուծի «դարաշրջան»ը, որ բիրտ ուժով հայութեան պարտադրեց «սովետական մարդ»ու եւ «սովետական հոգեկերտուածք»ի ծանր բեռը։
Աւազանի անունով Պարոյր Ռաֆայէլի Ղազարեան՝ Սեւակ ծնած էր 26 Յունուար 1924ին, Արարատի շրջանի Չանախչի (Սովետաշէն) գիւղը, որ այսօր «Զանգակատուն» կը կոչուի, ի յիշատակ ստրկամիտ լռութիւնը ճեղքած եւ հայու էութիւնը բարձրաձայն շնչաւորած մեծ բանաստեղծին։
Հայ գրականութեան անխոնջ եւ անյագ ուսանողն ու վերծանողը եղաւ Սեւակ։ Ի վերուստ իրեն շնորհուած մեծ տաղանդին՝ ան միացուց հայ գրողի գի- տական պատրաստութիւնն ու բանասիրական-մշակութային հարուստ պաշարը։
Երեւանի Պետական Համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը 1945ին աւարտելէ եւ Հ.Ս.Ս.Հ. Ակադեմիայի Գրականութեան Հիմնարկին մէջ թեկնածուականը պաշտպանելէ ետք, 1951ին, Սեւակ ըն- դունուեցաւ Մոսկուայի Մաքսիմ Կորքիի անուան համաշխարհային գրականութեան բաժանմունքը, ուրկէ վկայուելով՝ միեւնոյն հաստատութեան մէջ պաշտօնավարեց իբրեւ դասախօս։
1963ին վերջնականապէս վերադարձաւ Երեւան, 1966ին ընտրուեցաւ Գրողներու Միութեան քարտուղար եւ մինչեւ ողբերգական մահը գործեց առաջին դիրքերու վրայ թէ՛ իբրեւ բանաստեղծ, թէ՛ իբրեւ բանասէր եւ թէ իբրեւ հասարակական գործիչ-հրապարակախօս։
Պարոյր Սեւակ արգասաբեր գրիչ ունէր։ Անկախ առանձին հատորներով լոյս տեսած իր բանաստեղծական գործերէն՝ «Անհաշտ Մտերմութիւն» (1953), «Սիրոյ Ճանապարհ» (1954), «Նորից Քեզ Հետ» (1957), «Անլռելի Զանգակատուն» (1959), «Մարդը Ափի Մէջ» (1962), «Եղիցի Լոյս» (1971) եւ «Ձեր Ծանօթները» (1971) գործերէն, ինչպէս նաեւ 1969ին հրատարակուած «Սայաթ¬Նովա» մենագրութենէն, Սեւակի ժառանգութեան մաս կը կազմեն հայ մամուլի էջերուն ցրուած թէ անտիպ ու կիսաւարտ մնացած գործերու ամբողջ հարստութիւն մը։
Ահա այս աստիճան բեղուն գրիչը կոտրելով՝ 17 Յունիսին փորձեցին բրտօրէն կտրել ստեղծագործական բազկերակը հայ ժողովուրդին։
Բայց Սեւակի արժէքով մեծութիւններ ծնող Հայկեան Հանճարին կարելի չէ լռեցնել։
Այսօր արդէն, ազատ ու անկախ Հայաստանի մէջ, հազուադէպ կարելի է հանդիպիլ պնդողներու, թէ պատահական արկածի զոհ գնաց մեծ բանաստեղծը։
Չարիքի Կայսրութիւնը՝ խորհրդային ամբողջատիրութիւնը տխրահռչակ էր իր գործած ոճիրներուն հետքերը ծածկելու, խեղաթիւրելու կամ նենգափոխելու «հնարամտութեամբ»։ Նաեւ բոլոր կարգի կայսրութիւններուն յատուկ է պետական ահաբեկչութիւնը կատարելագործելու միեւնոյն հոգեբարոյական խաթարուածութիւնը։
Սեւակը «սպաննեցին», որովհետեւ «վտանգ» կը ներկայացնէր «ամբողջատիրութեան» համար…
Որովհետեւ՝
Իր գրական ստեղծագործութիւններով ու համարձակախօս հրապարակագրութեամբ, Սեւակ մարմնաւորեց քսաներորդ դարու Իրաւատէ՛ր Քաղաքացիի հայ ազգային կերպարը։ Մարդկային Սիրոյ, Ճշմարտութեան Լոյսի եւ Լիիրաւ Արդարութեան իմաստախոյզ վերծանողը եղաւ։ Ամէն բանէ աւելի Կեղծիքի դէմ պայքարեցաւ, սեփական թերիներուն եւ փորձութիւններուն անկեղծ խոստովանութեամբ ապրեցաւ, որպէսզի Վկան դառնար Մարդ Էակի մնայուն ճիգին՝ բարձրանալու ազնուացման ու վեհացման դժուարին բարձունքն ի վեր։
Այդ ներշնչումով ստեղծագործեց եւ քսաներորդ դարու միջազգային գրականութեան ամէնէն վաւերական արժէքներէն մէկը դարձաւ՝ նաեւ օտար ընթերցողի ներաշխարհին վրայ լոյս սփռելով, այսպէս կոչուած «Խորհրդային Մարդու» մէջ «իրաւ»ն ու «կեղծ»ը ճշմարտութեան լոյսին տակ բերելով եւ պատգամելով՝
Դու, որ սխալուել, սակայն չես ստել,
Կորցրել ես յաճախ, բայց նորից գտել.
Դու, որ սայթաքել ու վայր ես ընկել,
Ընկել ես, սակայն երբեք չես ծնկել,
Այլ մագլցել ես կատարից-կատար,
Ելել ես անվերջ, բարձրացել ես վեր՝
Քո ահեղ դարից առնելով թեւեր...
Ելել ես, որ ողջ աշխարհը տեսնես,
Որ անօրինակ քո դարը տեսնես,
Բոլոր կերպերով դու նրան զգաս,
Շահածով խնդաս, կորուստը սգաս...
Ելել ես իբրեւ նրա մունետիկ,
Որ նրա հեռուն զգաս քեզ մօտիկ,
Որ ճշմարտութեան ափերը տեսնես
Ծպտուած ստի խաբելը տեսնես,
Որ չվախենաս, որ չվարանես՝
Անարդարութեան դէմքը խարանես...
Ահա, թէ ինչու դու այսքան տարի,
Դու, որ հարազատ ծնունդն ես դարի,
Քայլում ես անդուլ, առաջ ընթանում,
Քայլում ես այդպէս ծանր ու վիթխարի,
Ասես աշխարհն ես շալակած տանում...
Մարդ կայ՝ աշխարհն է շալակած տանում,
Մարդ կայ՝ ելել է շալակն աշխարհի...
Աւելի քան չորս տասնամեակէ ի վեր Սեւակ բացակայ է հայ կեանքէն եւ մենք զրկուած ենք՝ նաեւ ու մանաւա՛նդ իր աչքով եւ յուզաշխարհով մեր պատմութեան բախտորոշ վերիվայրումները ընկալելու բարիքէն։
Զրկուած ենք ինքնաքննարկման եւ աշխարհընկալման այն իմաստախոյզ եւ խռովահար վերծանողէն, որուն վաւերական լուսարձակով պիտի կարենայինք ազգային ու հայրենական վերականգնումի մեր դժուարին երթը ապահովագրել ամէն կարգի թուլութեանց եւ շեղումներու, սայթաքումներու եւ մոլորութեանց դէմ։
Ճակատագիրը նման դառն ու դաժան խաղով մեզմէ հեռացուց Սեւակը ճիշդ այն ժամանակ, երբ ազգովին կը թեւակոխէինք հազարամեակներու մեր պատմութեան կարեւորագոյն փուլերէն՝ Հայոց Հայրենիքի վերանկախացման եւ հողային մեր անժամանցելի իրաւունքներու վերատիրացման դարաշրջանը։
Բայց Սեւակի բացակայութեան այս տարիներուն նաեւ պէտք է խոստովանիլ, որ մեր ուղին շարունակ լուսաւորեց Սեւակեան անսպառ հաւատքը Հայո՛ւ լիարժէքութեան հանդէպ։
Ազգային վերականգնումի Հայու անկոտրում կամքին եւ վարար ներուժին հանդէպ։
Ն.