Յունիս 12ի այս օրը կը լրանայ ծննդեան 100ամեակը հայկական գեղանկարչութեան եւ գծագրական արուեստի տաղանդաւոր դէմքերէն Արա Պեքարեանի, որուն անունը արժանացած է մեծն Մարտիրոս Սարեանի եւ մեծատաղանդ Յակոբ Կոջոյեանի կողքին, իբրեւ կրտսեր սերունդի ներկայացուցիչ, յիշատակուելու պատիւին։
Արա Վաղինակի Պեքարեան ծնած էր Աֆիոն Գարահիսար (Թուրքիոյ հիւսիս-արեւմտեան շրջանի հայադրոշմ քաղաքներէն), Մեծ Եղեռնէն երկու տարի առաջ՝ 1913ի Յունիս 12ին, քաղաքի հայկական վարժարաններուն մէջ դասատու՝ վաստակաւոր ուսուցիչներ Պեքարեաններու ընտանեկան յարկին տակ։
Հանրագիտական տեղեկութիւնները ժլատ են հռչակաւոր նկարիչի կենսագրութեան մինչ-երիտասարդական շրջանի մանրամասներուն վերաբերեալ։ Ծանօթ է, որ 1932ին Արա Պեքարեան աւարտած է Երեւանի Գեղարդ Տեխնիկումը՝ Վ. Գայֆէջեանի եւ Ս. Առաքելեանի մօտ։ Բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Լենինկրատի Գեղարուեստի Ակադեմիային մէջ, որմէ վկայուած է 1939 թուին։ Անմիջապէս զինուորագրուած է խորհրդային բանակ, որուն շարքերէն ներս ծառայած է Երկրորդ Աշխարհամարտի ամբողջ տեւողութեան՝ յատկապէս Ֆիննական ռազմաճակատին վրայ։
Բ. Աշխարհամարտի աւարտէն եւ զօրացրւումէն ետք, վերադարձած է Հայաստան եւ 1945էն մինչեւ իր մահը՝ 1986ի Յունիս 18, դասախօսական պաշտօն ստանձնած է Երեւանի Պետական Գեղարուեստական-Թատերական Ինստիտուտի մէջ։
Հասցուցած է գեղանկարիչներու եւ գծագրիչներու ամբողջ սերունդ մը։ 1945ին արժանացած է Հայաստանի Արուեստի Վաստակաւոր Գործիչի կոչման, 1964ին ստացած է Փրոֆեսորի տիտղոս, իսկ 1965ին պարգեւատրուած է Հայաստանի Ժողովրդական Նկարիչի կոչումով։
Արա Պեքարեան սկսած է նկարել շատ կանուխ տարիքէն։ Առաջին անգամ իր գործերը ցուցադրուած են 1930 թուականին, երբ հազիւ 17 տարեկան էր։ Անհատական ցուցահանդէսով իր գործերը առաջին անգամ հանրութեան ներկայացուցած է Երեւանի մէջ, 1947ին։ Նոյնպէս անհատական ցուցահանդէսով հանդէս եկած է Մոսկուայի մէջ՝ 1964ին։ Կանոնաւորաբար մասնակցած է հաւաքական ցուցահանդէսներու՝ ինչպէս Երեւանի ու Մոսկուայի, նոյնպէս եւ արտասահմանի տարածքին, արժանանալով արուեստի քննադատներու եւ հանրութեան գնահատանքին ու ջերմ ընդունելութեան։
Իր ստեղծած գործերուն լաւագոյն նմոյշները մնայուն ցուցադրութեան արժանացած են Հայաստանի Ազգային Պատկերասրահին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Գեղարուեստական Ֆոնդին ու Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան Ֆոնդին մէջ։ Մեծ է թիւը մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ պահուող Արա Պեքարեանի ստեղծագործութիւններուն, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի։
Գեղանկարչութեան կողքին Արա Պեքարեան յատուկ կարեւորութեամբ իր արուեստն ու ժամանակը նուիրած է գիրքերու ձեւաւորման ու նկարազարդումին։ Հայ դասական գրականութեան շարք մը գլուխ¬գործոցներու գեղարուեստական ձեւաւորումը կապուած է Արա Պեքարեանի անունին, ինչպէս Եղիշէ Չարենցի «Երկիր Նայիրի»ն, Յակոբ Պարոնեանի «Մեծապատիւ Մուրացկաններ»ը եւ Յովհաննէս Թումանեանի «Քաջ Նազար»ը։
Հռչակաւոր են Արա Պեքարեանի «Վահան Տէրեան»ի դիմանկարն ու «Աշտարակ» եւ «Օշական» կտաւները։
Ինչպէս խորհրդային լուծի տակ ստեղծագործած իր սերունդին մեծամասնութիւնը, Արա Պեքարեան իր կարգին տուրք վճարեց պոլշեւիկեան վարչակարգի գովքին։ Բայց միշտ ալ գտաւ ուժն ու առիթը՝ իր մէջ վառ պահուած ազգայինն ու ազատախոհը կտաւին յանձնելու եւ սերունդներու ազգային յիշողութեան ներարկելու իբրեւ ինքնաճանաչման կենարար աւիշ։
Ն.