Այսօր՝ Օգոստոս 31ին, հայ ժողովուրդը կը տօնէ ծննդեան 103ամեակը իր մեծատաղանդ զաւակներէն եւ աշխարհահռչակ արժէքներէն Ուիլեըմ Սարոյեանի։
Հայերէն լեզուով չգրեց Սարոյեան, ստեղծագործեց ամերիկեան գրականութեան աւանդներուն համահունչ, նաեւ ամէն գոյնի եւ սեռի մարդ էակին հանդէպ անհուն սիրոյ պարզութեամբ եւ երգիծանքով փարեցաւ կեանքին ու աշխարհին, բայց հանուր մարդկութեան ժառանգութիւն ձգեց գեղարուեստական բարձրորակ գրականոււթիւն մը, ուր միշտ տիրական եղաւ ինքը՝ անվիճելիօրէն հայ Սարոյեանը, անվիճելիօրէն հայաշունչ իր աշխարհայեացքով։
Ուիլեըմ Սարոյեան միշտ հպարտութեամբ շեշտեց, որ անգլերէն գրելով եւ ամերիկեան միջավայրէն իր նիւթերը քաղելով հանդերձ՝ խորապէս ամերիկահայ գրող է ինք եւ անպայման մաս կը կազմէ հայ գրողներու տաղանդաշատ ընտանիքին։
Ծնած էր 1908ին, Ֆրեզնօ (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգին մէջ), Բիթլիսէն գաղթած հայ ընտանիքի մը յարկին տակ։ Հայրը՝ Արմենակ Սարոյեան 1905ին, 30 տարեկանին եւ առանձինն, պանդուխտ եկած էր Նիւ Եորք, բաւարար դրամ շահելու եւ նորակազմ ընտանիքը իր մօտ բերելու յոյսերով։ Այդպէս ալ եղաւ, շուտով կինը՝ Թագուհին ու երեք զաւակները հասան Նիւ Եորք, բայց չսիրեցին Նիւ Եորքի կլիման եւ Արմենակ իր ընտանիքով անցաւ Քալիֆորնիա, որուն օդն ու բնութիւնը աւելի հարազատ էին։ 1908ին ծնաւ ընտանիքի չորրորդ զաւակն ու երկրորդ տղան՝ Ուիլեըմը։ Բայց անակնկալ եւ անողոք հիւանդութիւն մը, երեք տարի ետք, պատճառ դարձաւ Արմենակի մահուան։
Իր Հենրի եղբօր եւ Զապէլ ու Կոզէթ քայրերուն հետ Ուիլեըմ որբացաւ հօրմէ։ Մայրը ստիպուեցաւ իր դեռատի զաւակները յանձնել Fred Finch Orphanage անունով Օքլէնտ գտնուող որբանոցի խնամքին, իսկ ինք աշխատանք գտաւ մերձակայ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքին մէջ։ Քանի մը տարի ետք ընտանիքը վերամիացաւ Ֆրեզնոյի մէջ, Սան Յովակիմ Հովիտի շրջանը։ Անոնց միացաւ նաեւ Թագուհիի մայրը՝ նոր այրիացած Լիւսին, որ խոր ազդեցութիւն պիտի գործէր մանուկ Ուիլեըմի կազմաւորման վրայ։
Որբ մանկութեան կեանքի դաժան պայմանները, որբանոցային կեանքը, Ֆրեզնոյի գեղեցիկ բնութիւնը եւ սովորական մարդոց պարզութիւնը շաղախեցին Ուլիեըմի անսահման մարդկայնապաշտութիւնը։ Պատանի տարիքէն, ապրուստի հոգերով, ստիպուեցաւ կեանքի ասպարէզ նետուիլ, սիրեց եւ փարեցաւ թերթ բաշխելու գործին, բայց միաժամանակ՝ կանոնաւոր ուսման բացակայութեան, կլանուեցաւ ինքնադաստիարակութեամբ ու ինքնազարգացումով. անյագօրէն նուիրուեցաւ ամերիկեան եւ համաշխարհային գրականութեան անկորնչելի գոհարներու ընթերցանութեան, յատկապէս սեփական՝ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր մշակութային հարստութեան, աւանդոյթներուն, պատմութեան եւ շրջապատի հայկական կեանքի խուզարկու ուսանողը դարձաւ։
Այդպէ՛ս սկսաւ գրել եւ առաջին անգամ 1933ին, Պոսթոնի Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի էջերուն, Սիրակ Կորեան ստորագրութեամբ լոյս ընծայեց իր առաջին պատմուածքը։ Տարի մը ետք արդէն, 1934ին, լոյս ընծայեց «Խիզախ պատանին թռչող ճօճաձողի վրայ եւ այլ պատմուածքներ» խորագրով իր առաջին գիրքը, որ անմիջապէս լայն ժողովրդականութիւն գտաւ եւ մեծ հռչակ ապահովեց 26ամեայ արձակագիրին։ Այդ առթիւ ամերիկեան ծանօթ քննադատ Պ. Ռասքոն գրեց.¬ «Ի՞նչն է յատկանշական Սարոյեանի պարագային իբրեւ գրողի: Սարոյեան բուռն է, պոռթկուն եւ խելացի. ան թախծոտ է, քնքոյշ ու մարդկային. ան միամիտ կը ձեւանայ, սակայն բնաւ միամիտ չէ...։ Սարոյեան կþատէ դաժանութիւնն իր բոլոր դրսեւորումներով. ան կը յարգէ մարդկային արժանապատուութիւնն ու հպարտութիւնը»:
Այսպիսի՛ ողջերթի խօսքերով Սարոյեան մուտք գործեց ամերիկեան գրականութեան լայն ասպարէզը։ Յաջորդ տարի իսկ, 1935ին, Սարոյեան այցելութեան գնաց հայրենի հողին, եղաւ Արեւմտահայաստան, նաեւ՝ Խորհրդային Հայաստան, ուր շուտով մտերմութիւն հաստատեց Չարենցի եւ Մարտիրոս Սարեանի նման հայոց մեծերուն հետ։
Այդ տարիներուն երկար ժամանակով Սարոյեան ապրեցաւ ու ստեղծագործեց Փարիզի մէջ։ Իր գրական կեանքի առաջին տասնամեակին, ան գրեց եւ իրերայաջորդ աւելի քան տասը հատորներով լոյս ընծայեց մի քանի հարիւր պատմուածք։ Քննադատներու վկայութեամբ՝ «յատկապէս կարճ պատմուածքի ու նորավէպի ժանրին մէջ, ներմուծած է տեղի ու ժամանակի իրողութեան հետ սերտօրէն կապուած ընկերային¬հոգեբանական թարմ խնդիրներ, արդիական հնչեղութիւն ունեցող մարդասիրական¬բարոյական հարցեր, պատումի նոր ձեւեր, քնարականութեամբ ու հիւմորով լի հնչերանգներ, բնականութիւն եւ ճշմարտացիութիւն, պատկերներու եւ կերպարներու գունագեղութիւն»:
Սարոյեանի գրական կերպարներէն շատեր կը ներկայացնեն հայկական միջավայրը՝ ազգային ավանդոյթներով ու բարքերով: Յատկապէս «Իմ անունս Արամ է» (Սարոյեանի որդին՝ Արամ, նոյնպէս տաղանդաւոր արձակագիր եղաւ) հաւաքածոյին մէջ, Հայրենիքի թեման, ինչպէս նաեւ հայկական դարաւոր աւանդոյթները պահպանող մարդոց կերպարները կը հակադրուին ամերիկեան ապրելակերպի համահարթեցնող չափանիշներուն: Իրականության հետ նոյնպիսի յարաբերութեան մէջ են «տարօրինակ» ու ձախորդ մարդկոց սարոյեանական կերպարները ու մանաւանդ մանուկներու եւ պատանիներու տպաւորիչ հերոսները: Անոնք համաշխարհային գրականութեան մէջ մտան իբրեւ մարդկային հոգիի մաքրութեան խորհրդանիշ: Իրականութեան եւ երազանքի հակադրութեան, անհատի ներքին ազատութեան եւ հոգեմտաւոր գեղեցկութեան, սիրոյ եւ բարիի հաստատման հարցերն են մարմնաւորուած Սարոյեանի արձակ էջերուն, որոնք հետաքրքրական լուծում ստացած են նաեւ անոր թատրերգութեանց մէջ («Իմ սիրտը լեռներում է», «Կեանքիդ ժամանակը», «Քարանձաւի մարդիկ», «Հէ՜յ, ո՞վ կայ այդտեղ», «Կոտորածն մանկանց», «Խաղողի այգին» եւայլն)»։
1942ին Սարոյեան զօրակոչուեցաւ բանակ, ուր աշխատեցաւ զինուորական բեմագրութեանց ստեղծման վրայ: Ան պատերազմը ընկալեց է իբրեւ աղէտ եւ այդ թեման արտացոլուած է իր «Մարդկային կատակերգութիւն» վիպակին եւ «Ուեսլի Ճէքսըն արկածները» վէպին մէջ: 1950-1960ական թուականներուն Սարոյեան դարձեալ ապրեցաւ Եւրոպա, ապա վերջնականապէս հաստատուեցաւ Մ. Նահանգներ։ Այդ տարիներուն, ինքնակենսագրական նիւթի օգտագործումով, Սարոյեան ստեղծեց հոգեբանական վիպակներու արժէքաւոր շարք մը:
1960ականներէն, Սարոյեան նուիրուեցաւ յուշագրական գործերու ստեղծման: Յատկապէս ուշագրաւ են Պեռնարտ Շոյի, Չառլի Չապլինի, Թոմաս Էլիոթի, Եղիշէ Չարենցի նուիրուած էջերը, ինչպէս նաեւ՝ Սարոյեանի մտորումները գրականութեան կոչման վերաբերեալ:
Ուիլեըմ Սարոյեան վախճանեցաւ 16 Մայիս 1981ին, իր ծննդավայր Ֆրեզնոյի մէջ։ Հայ մեծ գրողին աճիւնին մէկ մասը թաղուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոնը:
Սարոյեանի ծննդեան տարեդարձին նուիրուած յուշատետրի այս հակիրճ վկայութիւնը կþարժէ եզրափակել Հայու իր հանրածանօթ պոռթկումով՝
«Կþուզէի տեսնել այս աշխարհի վրայ որեւէ ուժ, որ բնաջնջէ այս սերունդը. այս փոքր ցեղին անկարեւոր ժողովուրդը, որուն բոլոր պատերազմները մղուած են եւ յաղթուած, կառոյցները՝ փշրուած, գրականութիւնը՝ չէ կարդացուած, երաժշտութիւնը՝ չէ լսուած եւ աղօթքներն ալ չեն պատասխանուած: Համարձակեցէ՛ք բնաջնջել Հայաստանը: Տեսէ՛ք թէ կրնա՞ք։ Աքսորեցէ՛ք դէպի անապատները առանց հացի եւ ջուրի: Այրեցէ՛ք անոնց տուներն ու եկեղեցիները:
Յետոյ տեսէ՛ք, թէ անոնք արդեօք կրկին չեն խնդար, երգեր կամ աղօթեր: Որովհետեւ երբ անոնց երկուքը աշխարհի որեւէ մասին մէջ իրարու հանդիպին, տեսէ՛ք, թէ անոնք արդեօք Նոր Հայաստան մը չե՞ն ստեղծեր»։
Ն.