11 Օգոստոսը հին հայոց ազգային տօնացոյցին ամէնէն կարեւոր Օրը եղած է, տօնակատարուած է իբրեւ Նաւասարդի 1ը՝ իբրեւ հայոց հեթանոսական շրջանի Նոր Տարուան առաջին օրը, որ յատկանշուած է տարուան մեծագոյն տօնախմբութիւններով, մարզական ու գեղարուեստական մրցանքներով, ժողովրդային խրախճանքներով եւ հին աստուածներուն մատուցուած գոհաբանութիւններով ու օրհնանքով։
Թէեւ դարերէ ի վեր Նաւասարդի 1ը եւ Հայկական Տոմարի շարժական ժամանակացոյցով անոր համապատասխանող Օգոստոս 11ը արդէն յանձնուած են մոռացութեան, այսուհանդերձ՝ ինչպէս հեթանոսական շրջանի հայկական շատ մը ուրիշ տօներ, Քրիստոնէութեան պետական կրօն ընդունումէն ետք ալ Նաւասարդի 1ը երկար ժամանակ տօնուեցաւ մեր ժողովուրդին կողմէ, հին ժամանակներու ոգեւորութեամբ ու աւանդական տօնախմբութիւններով։
Նոյնիսկ 20րդ դարասկիզբին եկաւ ժամանակաշրջան մը, երբ վերազարթնող հայութիւնը Հայաստան Աշխարհի տարածքին վերակենդանացուց Նաւասարդի տօնը՝ անոր վերադարձնելով հայոց ազգային արմատներուն կառչելու եւ Հայկական Աւանդոյթը վերաթարմացնելու տօնական օրուան խորհուրդը։
Այդպէ՛ս ստեղծուեցաւ եւ մինչեւ մեր օրերը կը պահպանուի Նաւասարդեան Խաղերու աւանդութիւնը։
Ա՛յդ ոգիին պերճախօս արտայայտութիւնը եղաւ, նաե՛ւ, անմահն Դանիէլ Վարուժանի հռչակաւոր «Նաւասարդեան» քերթուածը.
Հանճա՛րդ Հայկեան, Նաւասարդեան
սա տօներուն
Արեւափառ՝
Ա՛լ վերածնէ փլատակներէն, եւ փառագոչ
Քնարըդ ա՛ռ։
Յանո՛ւն Ուժին, յանո՛ւն Գեղին,
մտիր մեհեանն
Աստուածներուն.
Ջահը ձեռքիդ՝ բագնէ բագին համասըփռէ՛
Հուր ու արիւն։
Եւ բարձրացուր Անահիտի ծիծերն ի վեր
Բաժակդ նուռ,
Յետոյ զոհուող քերթողներուն
սըրտին վրայ
Լեցո՛ւր, լեցո՛ւր։
Զի մենք, յանուն Սէրին,
Սերմին, քու հին Ցեղիդ
Մարմարէն կոյս,
Մե՛նք, Զաւակներդ օգոստափառ,
պիտի կերտենք
Նո՜ր Արշալոյս։
Իսկ մեր օրերուն, Հայաստանի վերանկախացումէն ասդին, պարբերաբար լսելի կը դառնան եւ հետզհետէ աւելի պահանջկոտ շեշտ կը ստանայ այն ձայները, որոնք կþառաջադրեն վերականգնել 11 Օգոստոսի տօնական նշանակութիւնը՝ իբրեւ Հայ Ազգային Ինքնութեան Օրը։ Նոյնիսկ այդ իմաստով օրինական նախաձեռնութիւն մըն ալ ներկայացուեցաւ Հ.Հ. Ազգային Ժողովին, բայց չորդեգրուեցաւ, որովհետեւ հակասութիւններ կþառաջացնէ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ հաստատած Ազգային¬Կրօնական Տօնացոյցին հետ։
Հարցը վերջնականապէս փակուած չէ անշուշտ։ Օգոստոս 11ը Հայ Ազգային Ինքնութեան Օր հռչակելու պահանջին կողմնակիցները ոչ միայն ամէն տարի այս օրը կը հաւաքուին Գառնիի տաճարը եւ իւրովի կը տօնեն Նաւասարդի 1ը, այլեւ՝ կը շարունակեն պատմագիտական ու հնագիտական նորանոր փաստերու հաւաքումով ու մեկնաբանութեամբ հիմնաւորել իրենց առաջադրանքը։ Նաեւ՝ Հայկական Տոմարի հիման վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւններով, Օգոստոս 11ը պետական տօն հռչակելու պահանջին պաշտպանները ճշգրտած են, թէ նոյն այս օրուան կը զուգադիպի Հայկ Նահապետի տարած յաղթանակը Բէլի դէմ.¬ «Ըստ աւանդոյթի, Հայկ Նահապետը Հայոց Ձոր գավառում սպաննել է բռնակալ Բէլին՝ ազատութիւն պարգեւելով իր տոհմին ու յետնորդներին: Այդ յաղթութիւնը տեղի է ունեցել մ.թ.ա. 2492թ. Օգոստոսի 11ին»:
Ինչ որ ալ ըլլայ աւարտը Օգոստոս 11ի պետական տօն հռչակման բանավէճին, պատմական անվիճելի ճշմարտութիւն է եւ հայոց ազգային աւանդութեանց անկորնչելի մասը կը կազմէ Նաւասարդի 1ը (Օգոստոս 11ը)։
Հանրագիտական տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ «Նաւասարդը Հայկական Տոմարի առաջին ամիսն է. կազմուած է պարթեւերէն նաւ (նոր) եւ սարդ (տարի) բառերից ու նշանակում է նոր տարի: Նաւասարդ ամիսն ունեցել է 30 օր, սկսուել է Օգոստոսի 11ին եւ վերջացել Սեպտեմբերի 9ին: Հին հայերի համար Նաւասարդի 1ը (Օգոստոսի 11ը) եղել է ժողովրդական խրախճանքների տօն»։
Հանրագիտարանները նաեւ կը տեղեկացնեն, որ Նաւասարդեան օրերը հայերս կը տօնէինք առանձնայատուկ շուքով, որովհետեւ Նաւասարդը կը համար- ւէր տարուան ամէնէն հանդիսաւոր եւ ուրախալի տօնը։ Հին հայոց Նոր Տարին կը սկսէր Նավասարդի մէկին (Օգոստոս տասնըմէկին) ու կը տեւէր մէկ շաբաթ։ Հայկական բոլոր ընտանիքներու մէջ Նաւասարդը կը դիմաւորէին մեծ խրախճանքով։ Այս օրը իւրայատուկ կերակուրներ եւ ուտելիք կը պատրաստուին։ Ճոխ սեղաններ կը բացուին եւ ընտանիքի բոլոր անդամները ուրախութեամբ ու օրհնանքով կը դիմաւորէին Նաւասարդը։ Կար նաեւ այդ օրը տան մուտքին տոպրակ կախելու սովորութիւն։ Երդիքներէն կը կախէին նաեւ գոյնզգոյն գուլպաներ՝ այն ակնկալութեամբ, որ անոնց մէջ Նոր Տարուան նուէրներ կը յայտնուին։
Նաւասարդեան օրերը փաստօրէն կը կրէին ազգային¬ժողովրդական ցնծութեանց բնոյթ։ Այդ օր կþիշխէին զուարճութիւնը, տօնահանդէսները, երգն ու պարը։ Կը մեծարուէին Անահիտ ու Աստղիկ աստուածուհինը, ինչպէս նաեւ Վահագն դիւցազնը, որոնք հայ ժո-ղովուրդին մօտ բարի համբաւ ունէին։
Ամբողջ ազգի ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ կատարուած տօնախմբութիւնները տեղի կþունենային պատմական Հայաստանում նախ Բագաւան, ապա՝ Աշտիշատ քաղաքներուն մէջ։ Այդ քաղաքներու ընտրութիւնը պատահական չէր, որովհետեւ հին հայերուն մօտ տիրական եղած է պաշտամունքը ջուրի եւ գետի նկատմամբ։ Ամէնէն աւելի նուիրական գետը եղած է Արածանին, որու ափունքին կառուցուած էին հայոց հինաւուրց եւ նշանաւոր դիցաւանները՝ Բագաւանն ու Աշտիշատը։ Նաւասարդի օրերուն Բագաւանը հանդիսաւոր տեսք կþառնէր։ Տօնակատարութեանց ներկայ կþըլլար թագավորը՝ իր պալատական շքախումբով։ Կը մասնակցէր նաեւ հայոց բանակը։ Կը պատմուի, որ մինչեւ հարիւր քսան հազար զինուորականներ մասնակցած են Նաւասարդեան տօներուն։ Այդ օրը Արածանիի ափին կարելի էր տեսնել գոյնըզգոյն վրաններ. գետափը կը ստանար վրանաքաղաքի տեսք՝ տարածուելով դաշտերու եւ բլուրներու վրայ։ Վրաններու շարքին շքեղագոյնը կþըլլար ոսկէդիպակ վրանը, որ թագաւորինն էր. ապա՝ աչքի կը զարնէին նախարարներու վրանները, որոնք մէկը միւսէն գեղեցիկ կþըլլային։ Ուխտաւորներու բազմութեան մեծ մասը ժամանակը կþանցընէր ծառերու տակ։ Ի դէպ, հին ժամանակ, Բագրեւանդը եւ Բագաւանը խիստ ծառազարդ եղած են, ինչ որ հետագայ դարերու ընթացքին փոխուած է՝ օտար արշաւողներու գործած ծառահատումներուն հետեւանքով։
Նաւասարդեան խրախճանքի օրերուն ամենահետաքրքրականը երգն ու պարն էին։ Կը կատարուէին նաեւ մրցումներ, ուր մարզիկները կը ցուցադրէին իրենց բազուկի, մտքի ու հոգիի ուժն ու կարողութիւնները։ Նաւասարդը մեծ հանդէսով տօնելու յիշատակը պահպանուած է նաեւ Արտաշէս թագաւորին նուիրուած այն առասպելին մէջ, որ մեզի հասած է Գրիգոր Մագիստրոսի միջոցով.
¬ «Ո՞վ կը տայ ինձ ծխանի ծուխը եւ առաւօտը Նաւասարդեան։ Եղնիկների վազելը եւ եղջերուների վարգելը։ Մենք փող էինք փչում եւ թմբուկ զարկում... Ինչպէս օրէնքն էր թագաւորների»։
Նաւասարդեան տօնակատարութիւններ տեղի կþունենային նաեւ Աշտիշատի մէջ։ Բագրեւանդ գաւառէն կը տեղափոխուէին Տարօն (Մուշ), ուր կը գտնուէին Հայոց «եօթը բագինները» (Հայերուս կողմէ ալ եօթը թիւը նկատուած է նուիրական թիւ։ Հեթանոս հայերն ալ կառուցած էին «եօթը բագին», այսինքն՝ «եօթը զոհասեղան»՝ նուիրուած Արամազդ, Անահիտ, Միհր, Նանէ, Աստղիկ, Տիր եւ Վահագն աստուածներուն։ Հայ ժողովուրդը այդ աւանդական տօնին, թէ՛ Բագաւանի, թէ՛ Աշտիշատի մէջ, իր դիւցազուններուն եւ աստուածներուն պէտք է հաշուետու ըլլար՝ անցեալ տարուան համար ¬ Վահագնին՝ քաջութեան, Անահիտին՝ արուեստի, իսկ Աստղիկին՝ սիրոյ եւ բանաստեղծութեան մարզերուն մէջ իր կատարած գործերուն համար։ Այսպիսով՝ Վահագնը անվեհեր էր, Անահիտը՝ պահպանող, Աստղիկը՝ պարկեշտ, որոնք կը մարմնաւորէին հայ ժողովուրդին նախամեծար առաքինութիւնները։ Աշտիշատի մէջ յունական ողիմպիական խաղերու նմանութեամբ կը կազմակերպուէին մրցոյթներ։ Մարզական խաղերու ժամանակ երիտասարդները կը ցուցադրէին իրենց բազուկի, մտքի եւ հոգիի կարողութիւնները։ Բանաստեղծը իր յօրինած երգը կþարտասանէր կամ կþերգէր, երաժիշտը իր բամբիռը կը նուագէր, ըմբիշը իր բազուկներուն զորութիւնը ցոյց կու տար, արհեստաւորը իր պատրաստած ընտիր գործերը, գիւղացին՝ իր հողի ճոխ բարիքները։ Մրցոյթներու յաղթականներուն կը յանձնուէին վարդերով կազ- մուած վառվռուն պսակներ եւ անոնք կþօծուին վարդաջուրով։ Աղաւնիներ ազատ կþարձակուէին եւ մարդիկ իրարու վրայ վարդաջուր շաղ կու տային։ Ընդհանրապէս տօնը կը յատկանշուէր վարդերու զարդարանքով։ Այս աւանդոյթէն կու գայ Վարդավառը, որ կը նշանակէ վարդերով զարդարուիլ։ Կազմուած է վարդ եւ վառ բառերէն ¬ Վառ բառը գործածուած է փայլուն, պայծառ իմաստով։
Այսպիսի՛ աւանդներով եւ ազգային սովորութիւններով հարուստ Նաւասարդի տօնին թուականն է այսօր՝ Օգոստոսի 11ը։
Ն.