Մարտի առաջին օրը, ահա հինգ տարիէ ի վեր, անձկութեամբ եւ անդոհանքով կը լեցնէ հայ մարդոց սիրտն ու միտքը, հայրենի հողի վրայ ապրողներ ըլլան անոնք, թէ աշխարհով մէկ ցիրուցան սփռուած տարագիրներ կամ սփիւռքահայեր։

1 Մարտ 2008                                                                                                                                                                 1 Մարտ 2013

Հայ մարդը այսօր ալ չի կրնար իր յիշողութեան պաստառէն հեռու վանել սահմռկեցուցիչ տեսարանները 2008 Փետրուարի վերջին գիշերուան, երբ ուշ ժամերէն սկսեալ քաղաքացիական խռովարարութեան եւ եղբայրասպան պատերազմի չարաբաստիկ ուրուականը ամբողջապէս պատեց քաղաքամայր Երեւանի կեդրոնական հրապարակն ու շրջակայքը, յատկապէս հարաւակողմը՝ Ալ. Միասնիկեանի արձանին մերձաւորութեամբ։

Հայ ժողովուրդին հետ նաեւ միջազգային հանրային կարծիքը դեռ չի կրնար հասկնալ ու բացատրել, թէ ինչպէ՞ս այդ աստիճան վայրագ եղան միեւնոյն ազգի զաւակներուն՝ ցուցարարներուն եւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ բռնկած արիւնալի բախումները։ Բախումներ՝ որոնք Երեւանի կեդրոնէն ներս յանգեցան վաճառատուներու եւ պատահական ինքնաշարժներու ջախջախումին ու կողոպուտին...

Հայաստանի Հանրապետութեան երիտասարդ ժողովրդավարութեան ճակտին ամօթի խարան մը եղան 1 Մարտ 2008ի խռովութիւնները եւ խորհրդանշեցին քաղաքական անհանդուրժողութեան ու բրտութեան հիւանդագին գալարումը՝ հայոց պետականութեան, ժողովրդավարական կարգերու եւ համերաշխ հասարակութեան կայացման դժուարին ճանապարհին։

Այսօր եւս, երբ հինգ տարուան հեռաւորութենէն յետադարձ ակնարկ մը կը նետենք Մարտ 1ի հայրենի քաղաքացիական ողբերգութեան վրայ, ի վիճակի չենք ամբողջական եւ սպառիչ պատասխանը գտնելու այն մեծ հարցադրումին, թէ՝ ինչո՞ւ պատահեցաւ այդպիսի գահավիժում մը մեր երկրի ու ժողովուրդի կեանքին մէջ, Հայաստանի առաջին նախագահին շուրջ խմբուած ուժերը ինչո՞ւ բիրտ ուժով իշխանութեան տիրանալու փորձ կատարեցին եւ, մանաւա՛նդ, ի՞նչ էր պատասխանատուութեան բաժինը Հայաստանի երկրորդ եւ երրորդ նախագահներուն շուրջ խմբուած ուժերուն, այսինքն՝ օրուան իշխանութեանց եւ պետական կառոյցներուն, Մարտ 1ի խռովութեանց եւ զինեալ բախումներու հրահրումին մէջ։

Փաստօրէն դեռ մինչեւ այսօր թափանցիկ ու սպառիչ հաշուետուութեամբ կատարուած չէ Մարտ 1ի խռովութեանց քաղաքական անկողմնակալ գնահատականը։ Յատկապէս այդ նպատակով կազմուած խորհրդարանական խառն յանձնաժողովն անգամ, քանի մը անգամ երկարաձգելէ ետք իր աշխատանքի ամբողջացման ժամկէտը, ի վերջոյ սուսուփուս ձեռքերը լուաց եւ մէկ կողմ քաշուեցաւ, երբ չկրցաւ հիմնական հարցադրումին պատասխանը գտնել կամ... տալ մեր ժողովուրդին։

Անշուշտ դժուար չէր պարզել եւ դիւրին եղաւ ճշդել պատասխանատուութեան բաժինը բողոքի հաւաքներու եւ ցոյցերու կազմակերպման ձեռնամուխ եղած քաղաքական ճամբարին, որ կը գլխաւորուէր Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կողմէ։ Բայց Նոյնքան պարզ չէր եւ մինչեւ վերջ ալ դժուար եղաւ ստուգապէս ճշդել, թէ այդ օրերու պաշտօնաւարտ նախագահ Ռ. Քոչարեանի եւ նորընտիր նախագահ Ս. Սարգսեանի իշխանաւոր ճամբարն ու ղեկավարած ուժային կառոյցները, իրե՛նք, որքանո՞վ պատասխանատուութեան բաժին ունէին քաղաքացիական հակադրութեան եւ լարուածութեան այդ աստիճան սրումին մէջ։

Այդ ժամանակներէն ասդին բաւական ծանրակշիռ ջուրեր հոսած են Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ։ Իշխանութիւնները անուն եւ հասցէ փոխած են, նոյնպէս եւ ընդդիմադրութիւնը։ Բայց Մարտ Մէկի ողբերգութեան ծնունդ տուած գլխաւոր հակադրութիւնը, որ իշխանութեան եւ հասարակութեան միջեւ խզումն է, կը շարունակէ մնալ նոյնը։

Մանաւանդ որ Մարտ Մէկի 5րդ տարելիցը կը զուգադիպի Հայաստանի պետական ու քաղաքական կեանքին այնպիսի՛ զգայուն մէկ պահուն, երբ Հայոց Պետական Տունը դարձեալ նոր դուրս եկած է նախագահական ըտրրութիւններէ եւ մեր հասարակութիւնը վերստին երկփեղկուած է։

Այս անգամ ալ երկփեղկումը ունի հիմնական նոյն առանցքը։ Պետութիւնն ու գործող իշխանութիւնը միասնաբար կանգնած են նոյնինքն մեր ժողովուրդին դէմ, սեփական իշխանութիւնները ազատօրէն ընտրելու հայ քաղաքացիին անբռնաբարելի իրաւունքին դէմ։

Անշուշտ շատ ճիգեր թափուեցան վերջին հինգ տարիներուն, որպէսզի Մարտ Մէկին բացած վէրքերը դարմանուին եւ բնաւ չկրկնուին։ Այդուհանդերձ՝ ահա մեր աչքերուն առջեւ մեր ժողովուրդը դարձեալ զրկուեցաւ իշխանափոխութիւն կատարելու հնարաւորութենէն։

Մարտ Մէկի այս օրն ալ Երեւանի կեդրոնը ողողած են Փետրուար 18ի ընտրութեան ազատ ու արդար բնոյթը հարցականի տակ առնող, այլեւ մեր ժողովուրդին կամքը յարգել տալու հաստատակամ պահանջով բողոքի ցոյց կատարող հազարաւոր քաղաքացիներ։

Ճիշդ է, 2013ի նախագահական ընտրապայքարը իրապէ՛ս զերծ եղաւ իրարու նկատմամբ թշնամաբար տրամադրուած թեկնածուներու 2008ի բռնկուն բեւեռացումէն։

Ճիշդ է, նաեւ, որ 2013ի նախագահական ընտրութեան քարոզարշաւը բնաւ չկրկնեց փոխադարձ վարկազրկումի 2008ի անշնչելի մթնոլորտը։

Այդուհանդերձ՝ այս անգամ եւս, իրաւ իշխանափոխութեան սեմին կանգնած Հայաստանի եւ հայութեան համար, կրկնուեցաւ չարիքը ամէն գնով հայրենիքի կառավարման ղեկին կառչած մնալու գործող իշխանաւորներու կամակորութեան։

Սակայն ամէն ինչ դեռ կորսուած չէ։

Ահա տասը օրէ ի վեր բողոքի հաւաքները կը շարունակուին եւ, օրէ օր, աւելի հզօր կը դառնան։

Հզօրութիւն մը, որ չի յատկանշուիր բողոքի շարժման գրգռիչ ոճով, այլ դէպի խաղաղ իշխանափոխութիւն յառաջանալու անոր հաստատակամութեամբ։

Կը մնայ մոռացութեան չտալ 1 Մարտ 2008ի ամօթի խարանը եւ, հեռու մնալով բռնաշրջումի փորձերէ, գտնելժողովուրդի կամքին հանդէպ յարգանք պարտադրելու ժողովրդավարական պայքարի ազդու զէնքերը։

Որպէսզի երբեք չկրկնուի Մարտ Մէկի ողբերգութիւնը։

Որպէսզի ի վերջոյ յարգուի ժողովուրդին կամքը։ 

Ն.