Երէկ՝ Դեկտեմբեր 16ին, միջազգային հանրութեան հետ, հայ ժողովուրդը եւս նշեց 46րդ տարեդարձը Մ.Ա.Կ.ի Ընդհանուր Ժողովին կողմէ Քաղաքացիական եւ Քաղաքական Իրաւունքի Միջազգային Համաձայնագրի (Դաշնագրի) որդեգրումին։

1966ի այս օրերուն, երբ երկբեւեռ աշխարհակարգը տնօրինող ուժերուն միջեւ Պաղ Պատերազմը իր գագաթնակէտին հասած էր եւ երբ, աշխարհի չորս ծագերուն, գաղթատիրական լուծի դէմ ծառացած ազգերն ու ժողովուրդները բուռն պայքար կը մղէին յանուն իրենց ինքնորոշման իրաւունքին ու անկախութեան, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը նետեց իր վճռորոշ քայլը, աւելի ճիշդ՝ ոստում կատարեց դէպի նոր ժամանակները։
Մ.Ա.Կ.ի Ընդհանուր Ժողովը ընդունեց 16 Դեկտեմբերի 1966ի թիւ 2200 ա. (XXI) բանաձեւը, որ կը հաստատէր «Միջազգային Դաշնագիր» մը՝ «Քաղաքացիական եւ Քաղաքական Իրաւունքներու մասին»։ Բանաձեւին որդեգրումը դիւրին չեղաւ եւ պէտք եղաւ սպասել մինչեւ 1976 թուականի Մարտ 23ը, որպէսզի պետութիւններու միջազգային ընտանիքը սկսէր ստորագրել Համաձայնագիրը եւ, իբրեւ միջազգային օրէնք, ի գործ դնել Համաձայնագրով նախատեսուած ազատ ինքնորոշման իրաւունքները։
Հիմնուելով 1948ի Դեկտեմբերին Մ.Ա.Կ.ի ընդունած Մարդկային Իրաւանց Ուխտագրին վրայ, Համաձայնագրին Նախաբանն ու թիւ 1 Յօդուածը միջազգային ու պետական օրէնքի ուժ տուին քաղաքակիրթ մարդկութեան հետագայ կեանքը առաջնորդելու կոչուած հետեւեալ սկզբունքներուն.
- «ՆԱԽԱԲԱՆ. Սոյն Դաշնագրին մասնակից պետութիւնները, նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կանոնադրութեամբ հռչակուած սկզբունքներուն համապատասխան մարդկութեան ընտանիքի բոլոր անդամներուն բնորոշ արժանապատուութեան եւ անոնց հաւասար ու անկապտելի իրավունքներուն ճանաչումը կը հանդիսանայ ազատութեան, արդարութեան եւ համընդհանուր խաղաղութեան հիմքը,
«Ընդունելով՝ որ Մարդկային Իրաւանց Տիեզերական Հռչակագրին համաձայն
քաղաքացիական եւ քաղաքական ազատութենէն օգտուող եւ վախէ ու կարիքէ ազատագրուած մարդկային ազատ անհատի իտէալը կրնայ իրականանալ միայն այն պարագային, երբ կը ստեղծուին այնպիսի պայմաններ, որոնց շնորհիւ ամէն ոք կրնայ օգտուիլ իր տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային իրաւունքներէն այնպէս, ինչպէս իր քաղաքացիական ու քաղաքական իրաւունքներէն,
«Նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կանոնադրութեամբ պետութիւնները պարտաւոր են խրախուսել մարդու իրաւունքներուն եւ ազատութեանց համընդհանուր յարգանքն ու պահպանումը,
«Նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ իւրաքանչիւր մարդ անհատ,
պարտաւորութիւններ ունենալով միւս մարդկանց ու այն հաւաքականութեան նկատմամբ, որուն ան կը պատկանի, պէտք է հետամուտ ըլլայ սոյն դաշնագրով ճանչցուող իրաւունքներու խրախուսմանն ու պահպանմանը,
«Կը համաձայնին ներքոյիշեալ Յօդուածներուն շուրջ։
- «ՄԱՍՆ ԱՌԱՋԻՆ. Յօդուած 1.
«1. Բոլոր ժողովուրդները ունին ինքնորոշման իրաւունք: Այդ իրաւունքի բերումով՝ անոնք ազատօրէն կը սահմանեն իրենց քաղաքական կարգավիճակը - ազատօրէն կ'ապահովեն իրենց տնտեսական, ընկերային ու մշակութային զարգացումը:
«2. Բոլոր ժողովուրդները իրենց նպատակներուն հասնելու համար կրնան ազատօրէն տնօրինել իրենց բնական հարստութիւններն ու պաշարները, առանց խախտելու փոխ-շահաւէտ սկզբունքի վրայ հիմնուած՝ միջազգային տնտեսական համագործակցութենէն եւ Միջազգային Իրաւունքէն բխող որեւէ պարտաւորութիւն: Ոչ մէկ ժողովուրդ ոչ մէկ պարագայի կրնայ զրկուիլ իր գոյութեան համար անհրաժեշտ եւ իրեն պատկանող միջոցներէն։
«3. Սոյն Դաշնագրին մասնակից բոլոր պետութիւնները, այդ շարքին նաեւ անոնք, որոնք պատասխանատուութիւն կը կրեն ինքնակառավարում չունեցող եւ խնամատարութեան տակ գտնուող տարածքներու կառավարման համար, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան կանոնադրութեան դրոյթներուն համաձայն կը խրախուսեն ինքնորոշման իրաւունքին իրականացումը եւ կը յարգեն այդ իրաւունքը»։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իր վերանկախացումին հետեւող միջազգային առաջին քայլերու շարքին, 1993 թուականին ստորագրեց Մ.Ա.Կ.ի Քաղաքացիական եւ Քաղաքական Իրաւունքներու Միջազգային Համաձայնագիրը ու միացաւ անոր գործադրութեան համար մինչեւ այսօր շարունակուող հետեւողական պայքարին։
Դառն ու դաժան իրողութիւնը այն է, որ նոյն այս Դաշնագիրը ստորագրած պետութիւններու շարքին կը գտնուին այնպիսի հզօր ուժեր, որ մէկ ձեռքով իբր թէ բարձր կը պահեն ազգերու ազատ ինքնորշման իրաւունքը, բայց միւս ձեռքով ամէն միջոցի կը դիմեն՝ այդ անբռնաբարելի իրաւունքը խեղդելու համար, շարունակաբար բարձր պահելով եւ գերադաս արժէք տալով պետութիւններու այսպէս կոչուած «ամբողջականութիւնը պահպանելու» միջազգային օրէնքին...
Էապէս գաղթատիրական նկրտումներէ կը բխի անարդար սահմանագծումներու եւ բռնագրաւումներու հետեւանք «տարածքային ամբողջականութեան պահպանման» այդօրինակ մօտեցումը, որուն դիմագրաւման համար քաղաքակիրթ աշխարհը տակաւին պէտք է շարունակէ իր պայքարը, որպէսզի 16 Դեկտեմբեր 1966ին Մ.Ա.Կ.ի Ընդհանուր Ժողովին կողմէ որդեգրուած Քաղաքացիական եւ Քաղաքական Իրաւունքներո Միջազգային Համաձայնագիրը իր լիիրաւ ու լիարժէք գործադրութիւնը ստանայ։

Ն.