Հայկական Ազատամարտի ոսկեմատեանին մէջ իր առանձնայատուկ տեղը ունի յեղափոխական հայուհիի բացառիկ կերպար մը մարմնաւորող Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեանը, որուն մահուան 82րդ տարելիցը կը լրանայ Դեկտեմբեր 12ի այս օրը։


19րդ դարավերջին թափ առած հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման յառաջապահներէն եւ Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութեան ծնունդը նախապատրաստած երիտասարդ հայորդիներու թիֆլիսեան՝ «Երիտասարդ Հայաստան» խմբակի ամէնէն աշխոյժ անդամներէն էր Սաթենիկ Մատինեան։
Ընդհանրապէս Մատինեանները ընտանիքով - մայրով ու երեք զաւակներով՝ Սաթենիկ, Նատալիա եւ Նիկոլ - եւ իրենց բնակարանով եղած էին հաւաքատեղին, հիւրընկալը եւ աշխոյժ մասնակիցը Թիֆլիսի հայ յեղափոխականներուն։ Յատկապէս Նիկոլ Մատինեան հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ Հ.Յ.Դաշնակցութեան հիմնադրութեան մէջ։ Մատինեաններու յարկին տակ իրենց ժողովները գումարեցին Քրիստափոր Միքայէլեանի, Սիմոն Զաւարեանի եւ Իշխան Յովսէփ Արղութեանի օրինակով հայ յեղափոխական հայորդիները, որոնք Հայաստանի ազատագրութեան գաղափարով տոգորուած՝ պարզած էին յեղափոխական բոլոր ուժերն ու խմբակները ի մի բերելու, ազգային-յեղափոխական ոգիով սերունդ թրծելու, Դէպի Երկիր պայքարի գացող խումբեր կազմակերպելու եւ նոյնինքն Երկրի հայութեան սկսած կռուին մեծ թափ տալու սրբազան գործին։
Սաթենիկ Մատինեան հազիւ 14-15 տարեկան պարմանուհի մըն էր 1880ականներու վերջերուն, երբ արդէն իբրեւ համակ կրակ ու բոց յեղափոխականի՝ իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ Դաշնակցութեան ստեղծման ճիգերուն։ Սաթենիկի յեղափոխական առաջին քայլերուն վրայ մեծ եղաւ գաղափարական ազդեցութիւնը Իշխան Յովսէփ Արղութեանի, որուն հանդէպ առաջին իսկ հանդիպումներէն մեծ սէր տածեց հայ պարմանուհին եւ հետագայ իր ողջ կեանքը կապեց Իշխանին ու հայոց Յեղափոխութեան։
Սիմոն Վրացեանի խիտ բնութագրումով՝ Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդի այս անմոռանալի դէմքը՝ «Սաթենիկը ծնուել էր Ղարաբաղում, 1874թ. Սեպտ. 25ին։ 9 տարեկան հասակին մտել էր Թիֆլիսի առաջին իգական Գիմնազիոնը, բայց հիւանդութեան պատճառով, առանց աւարտելու, դուրս էր եկել 6րդ դասարանից։ Յետոյ ձեռք էր բերել ժողովրդական դպրոցների վարժուհու վկայական։ Իր ժամանակը եւ եռանդը, սակայն, նա նուիրել էր յեղափոխական գործին՝ հայրենասիրական խմբակների մէջ։ 1892ին, Արղութեանի, Յոնան Դաւթեանի, Դումանի եւ միւս ընկերների հետ անցաւ Թաւրիզ՝ ուսուցչութեան պաշտօնով, միաժամանակ կանանց խմբերի կազմակերպիչ էր եւ Դաշնակցական կոմիտէի անդամ։ Մինչեւ 1897 թ. մնաց Ատրպատականում եւ եռանդուն գործունէութիւն ունեցաւ Թաւրիզի ու Սալմաստի Դաշնակցութեան կազմակերպութեան մէջ։ Խանասորի արշաւանքից յետոյ վերադարձաւ Թիֆլիս, ուր շարունակեց աշխատել Դաշնակցութեան մէջ։ 1899ին, Մոսկուայում, ամուսնացաւ Յովսէփ Արղութեանի հետ եւ, այնուհետեւ, մինչեւ մահ, բաժանեց ամուսնու կեանքն ու գործը։ Մեռաւ փարիզում, 1930թ. Դեկտ. 12ին»։


Թաւրիզի Կեդրոնական Կոմիտէ, 1897
Ձախէն աջ՝ Ներսէս Բալալեան, Իշխան Յովսէփ Արղութեան, օր. Հռիփսիմէ Գուղինեան, Վարդան Յակոբեան, Սեւքարեցի Սագօ, Սաթենիկ Մատինեան, Սամսոն Թադէոսեան, Կարապետ Փաշայեան, Յովսէփ Միրզոյեան (Արբակ Ռշտունի) Գետինը՝ Միսակ Միրզոյեան


 


Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեանի անձն ու գործը, կեանքն ու նուիրաբերումը Հայկական Յեղափոխութեան՝ ներշնչման վարակիչ օրինակ մը եղաւ 19րդ դարավերջի եւ 20րդ դարասկիզբի հայ երիտասարդութեան, յատկապէս յեղափոխական հայուհիներուն համար։ Ինչպէս Սերոբ Աղբիւրի կինը՝ Սօսէն, Ռոստոմի կինը՝ Եղիսաբէթը կամ Համօ Օհանջանեանի կինը՝ Ռուբինան - միայն ներկայացուցչական դէմքեր յիշատակելու կարգով - Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեան լաւագոյնս մարմնաւորեց հայ կնոջ իւրայատուկ մասնակցութիւնը հայ ազգային-ազատագրական պայքարին։ Ոչ միայն անձամբ նախաձեռնողն ու մասնակիցը եղաւ ամէնէն յանդուգն յեղափոխական գործողութեանց, այլեւ գաղափարի եւ զէնքի իր ընկերոջ մէջ փնտռեց ու գտաւ նաեւ կեանքի իր ընկերը. ընտանիք պահեց ու եռանդ եւ անսակարկ անձնազոհութիւն ներշնչեց իր կեանքի ընկերոջ։ Անոնք ամուսնացան 1899ին, երբ Իշխան Արղութեան Թիֆլիսի Մետեխի բանտէն դուրս հանուեցաւ՝ Ռուսաստան աքսորուելու համար։ Սաթենիկ իր ամուսնոյն ընկերացաւ աքսորի մէջ, ուր ունեցան իրենց միակ զաւակը՝ Արփիկը։
Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեան յեղափոխական իր կեանքին ու գործունէութեան առաջին իսկ քայլերէն արժանացաւ «Ծաղիկ» յեղափոխական ծածկանունին, որովհետեւ իսկապէս պայքարունակութեան եւ անձնուիրումի անզուգական ծաղիկ մը եղաւ։ Իր մահուան 82ամեակը ոգեկոչելու համար, կ՛արժէ վերյիշել Մալխասի «Ապրումներ» հատորի էջերուն տրուած վկայութիւնը.-
«Ութսունական թուականներու վերջերը, Թիֆլիսի մէջ, Մատինեաններու տունը մտաւորական եւ յեղափոխական օճախի հանգամանքն ունէր։
«Մայր մատինեանը եւ իր երեք զաւակները՝ Սաթենիկ, Նատալիա եւ Նիկոլ, ամբողջովին նուիրուած էին շարժման։ Դեռ դպրոցական աշակերտուհի մը, Սաթենիկ յափշտակութեամբ կը հետեւէր իրենց տունը հիմք առած Դաշնակցութեան սկզբնական քայլերուն։
«Վերջէն Սաթենիկը իր յեղափոխական գործունէութեամբ յայտնի դարձաւ, բայց սկզբնական տարիներուն Նատալիան էր Դաշնակցութեան հիմնադիրներուն հետ, որ տարաւ ամէն կարգի զրկանք եւ նեղութիւն՝ յանուն գաղափարի։ Տարիներ շարունակ անոր անկողինը մէկ Մետեխի բանտը, մէկ իրենց տունը կը փռուէր։ Ամբողջովին անձնուիրութիւն, այդ բացառիկ օրիորդը Դաշնակցութեան լաւագոյն աւանդութիւններու իսկական ներկայացուցիչը մնաց մինչեւ իր մահը...
«1892 թուականին, ստուար խումբի մը հետ, որուն մէջ կային Յովնանը, Դումանը, Իշխանը (Երուանդ, Դաչօ), Թորոսը, Սաքոն ու շարք մը ուրիշ նախակարապետներ հայ յեղափոխութեան, Սաթենիկը կը մեկնի Թաւրիզ (Պարսկաստան), որպէս ուսուցչուհի, միակ ասպարէզը, ուր նորահաս օրիորդ մը սովորաբար կրնար օգտակար լինել իր ազգին։
«Ամէն տեղ էր ան, ուր կենդանի գործը կը պահանջէր։ Թաւրիզի կանանց եւ աշակերտական խմբերու հոգին էր.- Զէնք փոխադրող էր Սալմաստ։ Խոյ էր, Դերեկի վանքն էր, Ղարս էր, անվերջ անդադրում շարժման մէջ։
«Խանասորի արշաւանքէն վերջ Երուանդը (Իշխանը) կը ձերբակալուի եւ, ատեն մը Պարսկաստանի զարհուրելի բանտերուն մէջ տառապելէ յետոյ, կը յանձնուի ռուս կառավարութեան, որ զայն հինգ տարով կþաքսորէ Արշանկէլի սառուցեալ շրջանը։
«Սաթենիկ առանց տատամսելու կը հետեւի իր սիրած երիտասարդին։ Եւ աքսորի մէջ երկու հայ յեղափոխական աչքառու գործիչները կþամուսնանան (Արղութեանները ունեցան միակ զաւակ մը՝ Արփիկը - Ն.)։
«Կամաւորական շարժումին, Իշխանը կը նշանակուի 4-5րդ միացեալ գունդերու հրամանատար։ Ով որ մօտէն հետեւած է այդ աշխատանքներուն, գիտէ որ գունդի նախապատրաստական աշխատանքներուն մղիչ ոգին Սաթենիկն էր։
«1925ին, երկարատեւ հիւանդութենէ մը վերջ, մեռաւ Իշխան Յովսէփ Արղութեանը՝ մեր յեղափոխական պատմութեան շքեղ մարտիկներէն մէկը։
«Մինակութեան մէջ, Թեւաթափ արծիւի մը նման, հետզհետէ թառամեցաւ եւ Դաշնակցութեան Ծաղիկը, որը որպէս իգական սեռի ներկայացուցիչ՝ մեր պատմութեան մէջ եզակի դիրք մը ունի»։
Շուրջ քառասուն տարուան յեղափոխական պայքարի եւ ազգային-հասարակական ծառայութեան օրինակելի վաստակ մը կապուեցաւ Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեանի անունին։
1892էն 1897 երկարող իր գործունէութեան առաջին շրջանը, որ կեդրոնացաւ Թաւրիզի մէջ, յատկանշուեցաւ յեղափոխական գաղափարներու տարածումով, մարտունակ սերունդ պատրաստելով եւ հայկական ազատամարտին զօրակից կանացի կազմակերպութեանց ստեղումով։
Բայց միայն վարժուհի եւ հասարակական գործիչ չեղաւ Սաթենիկ։ Նաեւ գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ դէպի Երկիր զէնքի փոխադրութեան գործին եւ, այդ ճամբուն վրայ, դաշնակցական խումբերու մղած կռիւներուն։
Առաջին այդ շրջանի գործունէութեան բարձրակէտը եղաւ Խանասորի արշաւանքին կազմակերպումը, որուն գլխաւոր դէմքերէն եղաւ Իշխան Արղութեան՝ նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ միշտ իր կողքին ունենալով Սաթենիկը։
Խանասորի արշաւանքէն ետք, երբ Իշխան ձերբակալուեցաւ պարսիկներուն կողմէ, որոնք ռուսական կողմին յանձնեցին ռուսական անցագիր կրող հայ յեղափոխականին, Սաթենիկ վերադարձաւ Թիֆլիս, որպէսզի մօտ ըլլայ եւ օգնէ Մետեխի բանտը նետուած զէնքի ու գաղափարի իր ընկերոջ։ Այնուհետեւ՝ երբ Իշխանը աքսորեցին Ռուսաստան, Սաթենիկ արդէն իբրեւ կողակից միացաւ իր կեանքի ընկերոջ աքսորական կեանքին։
1903ին անոնք արդէն վերադարձած էին աքսորէն եւ երկուքով աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցան հայ եկեղեցապատկան կալուածներու ցարական բռնագրաւման դէմ ծաւալած հայկական համաժողովրդային շարժման կազմակերպումին։
Սաթենիկ Արղութեան պատնէշի վրայ էր նաեւ 1905ի հայ-թաթարական ընդհարումներուն ժամանակ, երբ համաժողովրդային ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպելու հարկադրանքը առաջացաւ եւ մարտական ուժերու թիկունքը պահելու հրամայականը շեշտուեցաաւ։
Վրայ հասաւ 1907-1909 թուականներուն ցարական իշխանութեանց ծաւալած հալածանքը ընդհանրապէս հայ մտաւորականութեան եւ յատկապէս դաշնակցական գործիչներու դէմ՝ զանգուածային ձերբակալութիւններու հիման վրայ Դաշնակցութեան Դատավարութիւնը կազմակերպելով։ Իշխան ձերբակալեալներու շարքին էր, իսկ Սաթենիկ դրօշակիրներէն էր ցարական հալածանքին դէմ թափ առած համաժողովրդային բողոքի շարժումին։ Իշխան դարձեալ աքսորուեցաւ Ռուսաստանի խորերը եւ Սաթենիկ ու Արփիկ ընկերացան անոր։
1914ին ցարական իշխանութիւնը ներում շնորհեց բոլոր աքսորեալ դաշնակցականներուն, որոնց շարքին՝ Արղութեանները վերադարձան Թիֆլիս եւ ամբողջապէս նուիրուեցան հայ կամաւորական գունդերու կազմութեան։ Իշխանին վստահուեցաւ կամաւորական գունդերէն մէկուն հրամանատարութիւնը։
Սաթենիկ գործի վրայ էր նաեւ այնուհետեւ, երբ Իշխան Արղութեան ղեկավար դէմքերէն մէկը եղաւ նորաստեղծ Թիֆլիսի Հայ Ազգային Խորհուրդին եւ, իբրեւ այդպիսին, գործօն դերակատարութիւն ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան նուաճումի 1918ի Մայիսեան հերոսամարտներուն։ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք Իշխան ընտրուեցաւ նախ Հայաստանի Խորհուրդին, ապա Հայաստանի Խորհրդարանին անդամ։ Իսկ 1919էն ետք, երբ Իշխան նշանակուեցաւ Պարսկաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան, Սաթենիկ նորովի թափով լծուեցաւ դիւանագիտական ասպարէզէն ներս նորաստեղծ հայոց պետականութեան արտաքին օժանդակութիւն հասցնելու գործին։
1921ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վերջնական խորհրդայնացումէն յետոյ, Արղութեանները իրենց կարգին ընտրեցին տարագրութիւնը եւ հաստատուեցան Փարիզ, ուր Իշխան Յովսէփ Արղութեան վախճանեցաւ 1925ին, իսկ հինգ տարի ետք՝ 12 Դեկտեմբեր 1930ին, նոյնպէս շիջեցաւ Հայկական Յեղափոխութեան աներեր Ծաղիկը՝ Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեանը։

Ն.