1923 թուականի Յուլիս 24ը կը բանայ սեւ էջը  Հայկական Հարցին շուրջ քաշուած միջազգային Լռութեան Պատին։
Յուլիսի այդ օրը, 88 տարի առաջ, Զուիցերիոյ Լօզան քաղաքին մէջ ստորագրուեցաւ հաշտութեան դաշնագիր մը Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ։
Իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ թուրքեւյունական խաղաղութեան դաշնագիր, առաջին ակնարկով Հայաստանի, հայ ժողովուրդի եւ Հայ Դատի հետ ուղղակի աղերս չունի Լօզանի Դաշնագիրը։


Բայց որովհետեւ իբրեւ այդպիսին՝ իբրեւ Յունաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները միջազգային օրէնքով կարգաւորող պայմանագիր, Լօզանի դաշնագիրը եկաւ ջնջելու եւ փոխարինելու 10 Օգոստոս 1920ին կնքուած Սեւրի դաշնագիրը, հայ քաղաքական միտքը երկար տասնամեակներ զայն նկատեց եւ դատապարտեց իբրեւ մեծապետական ամօթալի լռութեան ու խայտառակ ուրացման իրաւական փաստաթուղթ մը։
Փաստօրէն, իրաւաբանական դիտանկիւնէ քննուած, Լօզանի Դաշնագիրը միայն մասնակի ջնջումի եւ փոխարինման ենթարկեց Սեւրի Դաշնագիրը՝ որոշապէս արեւելեան Թրակիոյ եւ յոյնեւթրքական միջ-պետական սահմանագծումներու վերաբերեալ նոր տրամադրութիւններ հաստատագրելով։ Այսուհանդերձ՝ որովհետեւ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ սահմանագծումին վերաբերեալ Սեւրի դաշնագրին ամրագրած Ուիլսընեան իրաւարարութեան վրայէն «լուռ» անցաւ Լօզանի դաշնագիրը, ո՛չ անոր ջնջումը եւ ոչ ալ վերահաստատումը կատարեց, հայ ժողովուրդը իրաւացիօրէն Դաշնակիցներու «մեծ ուրացում»ը տեսաւ 24 Յուլիս 1923ին ստորագրուած միջազգային այդ փաստաթուղթին մէջ։
Պատմական ծանրագոյն պայմաններու մէջ տեղի ունեցաւ Լօզանի հաշտութեան խորհրդաժողովը։ Օսմանեան Կայսրութեան անդամահատումը կատարած Սեւրի Դաշնագրի ստորագրութենէն ետք, Մուսթաֆա Քեմալի թուրք ազգայնամոլական շարժումը բուռն կռիւներ մղեց փլուզուած կայսրութեան թէ՛ արեւմուտքին եւ թէ արեւելքին... Լենինի Ռուսաստանին հետ մեղսակցաբար Քեմալ «յաջողեցաւ» կործանել Հայաստանի Հանրապետութիւնը։ Ֆրանսացիներու հետ գաղտնի գործարքով, Քեմալ «կրցաւ» հայ բնակչութենէ վերջնականապէս պարպել եւ իր տիրապետութեան ենթարկել ամբողջ դարեր առաւելաբար հայերով, յոյներով, արաբներով եւ ասորիներով բնակուած Կիլիկիան։ Քեմալական այդ «նուաճումներուն պսակումը» եղաւ Հոկտեմբեր 1922ի Զմիւռնիայի Աղէտը՝ հարիւր-հազարաւոր յոյն եւ հայ գաղթականներու իրենց հայրենի բնօրրանէն արտաքսումով...
Յաղթական Քեմալի պարտադրած դաշնագիրը հանդիսացաւ Լօզանի մէջ ստորագրուած փաստաթուղթը։
Լօզանի հաշտութեան խորհրդաժողովը պաշտօնապէս բացուեցաւ 20 Նոյեմբեր 1922ին եւ աւելի քան ութ ամիսներ տեւած դժուար բանակցութիւններէ ետք՝ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Մ. Նահանգներու միջնորդութեամբ ու հովանաւորութեամբ, ի վերջոյ ստորագրուեցաւ 24 Յուլիս 1923ին։
Բանակցութեանց մասնակցող թրքական կողմը կը գլխաւորէր Իսմէթ Ինէօնիւ. յունական կողմի ներկայացուցիչն էր Էլեֆթերի Վենիզելոս. անգլիական պատուիրակութեան նախագահն էր լորտ Քըրզըն. իսկ ամերիկեան միջնորդութեան ղեկավարն էր ծովակալ Պրիսթոլ։ Դաշնագիրը ստորագրեցին, վերոյիշեալ 4ի կողքին, Ֆրանսա, Իտալիա, Ռումանիա, Եուկոսլաւիա եւ Ճափոն։
Թէեւ Հայ Ազգային Պատուիրակութիւնը, Պօղոս Նուպարի գլխաւորութեամբ եւ Աւետիս Ահարոնեանի ղեկավարած Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան աջակցութեամբ, դիւանագիտական բուռն աշխատանք ծաւալեց, որպէսզի հայեւթուրք հարցի վերաբերեալ Սեւրի Դաշնագրին տրամադրութիւնները վերահաստատուին, բայց թրքական կտրուկ մերժումին բախելով՝ դաշնակից մեծ տէրութիւնները շրջանցեցին հայկական այդ պահանջը եւ բաւարարուեցան Լօզանի դաշնագրին մէջ մտցնելով 16րդ յօդուած մը, ուր Թուրքիա կը հրաժարի իր բոլոր իրաւունքներէն եւ իրաւատիրութենէն բոլոր այն տարածքներուն վերաբերեալ, որոնք մաս չեն կազմեր Լօզանի դաշնագիրի քննարկման: Յօդուածը յստակօրէն կ՝ամրագրէ, նաեւ, թէ՝ «Ներկայ յօդուածին տրամադրութիւնները չեն կանխեր դրացիական յարաբերութիւններէ բխող որեւէ յատուկ կարգաւորումներ, որոնք կատարուած են կամ կրնան կատարուիլ Թուրքիոյ եւ որեւէ հարեւան երկրի(ներու) միջեւ»:
Բացայայտ է, որ Դաշնակիցները ուրացան իրենց խոստումներն ու յանձն առած պարտաւորութիւնները Հայ Դատի արդար լուծման նկատմամբ։ Բայց նաեւ ընդդիմացան Հայաստանի եւ հայութեան առընչուող Սեւրի Դաշնագրին յօդուածներն ու տրամադրութիւնները ջնջելու եւ նոր՝ թրքանպաստ յօդուածներով փոխարինելու թրքական կողմի պնդումներուն։
Պատահական չէր, հետեւաբար, որ հայեւթուրք յարաբերութեանց «կարգաւորման» համար 2009ին ստորագրուած տխրահռչակ Արձանագրութեան առիթով, թրքական դիւանագիտութիւնը տենդագին աշխատանք թափեց Լօզանի դաշնագրին տալու իր նախասիրած մեկնաբանութիւնը եւ պնդելու, որ ժամանակն է վերանայելու Սեւրի Դաշնագրով նախատեսուած ու Մ. Նահանգներու նախագահ Ուիլսընի իրաւարարութեամբ ճշդուած Հայաստան-Թուրքիա միջ-պետական սահմանները...
Բոլորէս առաջ թրքական պետութիւնը ինք շատ լաւ կը գիտակցի, որ նոյնիսկ Լօզանի ուրացումով փաստօրէն չփոխարինուեցաւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ Ուիլսընեան սահմանագծումի միջազգային փաստաթուղթը, որ իրաւական իր այժմէականութիւնը կը շարունակէ պահպանել...
Լօզանի Դաշնագիրը նաեւ այլապէս, Թուրքիոյ Հանրապետութեան վրայ իր պարտք դրած ազգային փոքրամասնութեանց իրաւունքները յարգելու յօդուածներով, այժմէական կարեւոր նշանակութիւն ունի։ Ինչպէս յոյներու եւ քիւրտերու, նոյնպէս եւ հայերու ազգային, կրօնական, մշակութային ու կրթական իրաւունքները Թուրքիոյ մէջ ամրագրող Միջազգային Իրաւունքի պարտամուրհակ է նաեւ Լօզանի Դաշնագիրը։ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը փաստօրէն շարունակեց ազգային փոքրամասնութեանց դէմ թրքացման իր քաղաքականութիւնը, շարունակ ոտնակոխեց նոյնինքն Լօզանի Դաշնագրով վճռուած ազգային-փոքրամասնական իրաւունքները։ Եւ աւելի քան բնական էր, որ 20րդ դարու երկրորդ կիսուն Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Շնորհք Արք. Գալուստեան հետեւողականօրէն պահանջատէր ներկայացաւ թրքական իշխանութիւններէն՝ Լօզանի Դաշնագրին հիման վրայ հայոց կրթական հաստատութիւնները, ազգապատկան կալուածները եւ կրօնական-մշակութային կոթողները հալածանքի եւ աւերումի դէմ պաշտպանելու մնայուն օրակարգով։
Լօզանի Դաշնագրին ստորագրութեան 88րդ տարելիցն է այսօր։
Օրն է նաեւ Հայկական Պահանջատիրութեան վերանորոգումին՝ նախ Հայ Դատի ամօթալի ուրացման Լռութեան Պատը քանդելու, ապա եւ զօրակցելու Թուրքիոյ տարածքին ապրող հայ ժողովուրդին ազգային իրաւունքներուն, «քողարկուած հայեր» ըլլան անոնք թէ ազգային իրենց պատկանելութիւնը աշխարհին բաց ճակատով ներկայացնող Թուրքիոյ քաղաքացիներ։


Ն.