Յուլիս 30ի այս օրը, 114 տարի առաջ, 83 տարեկանին մահացաւ համեւրոպական եւ, իր ժամանակաշրջանի առումով, միջազգային տարողութեամբ պետական ու քաղաքական հռչակաւոր գործիչ մը՝ արդի Գերմանիոյ հիմնադիր Օթթօ Ֆոն Պիսմարքը։
Նաեւ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի քաղաքական ճակատագրին վրայ իր դրոշմը դրած գործիչը եղաւ Պիսմարք, որ կը նկատուի Հայկական Հարցի միջազգայնացման մեկնակէտը հանդիսացող 1878ի Պերլինի Դաշնագրին «ճարտարապետ»ներէն մէկը, եթէ ոչ գխաւորը։
Աշխարհով մէկ, իր դարուն, «Երկաթեայ վարչապետ» հռչակուեցաւ գերմանացի այս «ամենազօր» գործիչը, որ առաւելագոյնս մարմնաւորեց Մաքիավելլիի գրչով իտէալականացուած արդի դարու «Իշխանը»՝ իր ամենայն պատեհապաշտութեամբ ու դաժանութեամբ։ «Իշխան» մը՝ որ իր քաղաքական ասպարէզին մէջ սպասարկեց միայն «Նպատակը կ'արդարացնէ ամէն միջոց» սկզբունքին, եթէ անշուշտ կարելի է բարոյականօրէն սկզբունք նկատել ամէն գնով՝ ուժը իրաւունքէն վեր դասելով եւ ամէն արժէք ու սրբութիւն ոտնակոխելով եւ զոհաբերելով յաջողութեան հասնելու, յաղթանակ նուաճելու վճռակամութիւնը։
Պիսմարք ոչ միայն միաւորեց եւ միաձոյլ մեծ պետութեան մը վերածեց գերման ծագումով աւատապետական կեդրոնախոյս թագաւորութիւններն ու իշխանութիւնները, այլեւ իր ստեղծած մեծապետական ուժը՝ արդի Գերմանիան վերածեց ինչպէս 19րդ դարուն, նոյնպէս եւ մինչեւ մեր ժամանակները ողջ աշխարհի ճակատագիրը ղեկավարող գերուժերէն մէկուն։
Փրուսիացի այդ աւատապետ ազնուականը ապրեցաւ եւ գործեց ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ թագաւորներով ու կղերապետներով ղեկավարուող միապետական հին աշխարհը փուլ կու գար։ Այս վերջինի փլատակներուն վրայ մարմին ու կերպարանք կþառնէր, պետական կառավարման ու քաղաքական իշխանութեան մէջ, ժողովրդային խաւերու մասնակցութիւնը նուիրագործող ժողովրդավարական նոր աշխարհը՝ ազգերու պետական ձեւաւորման, միաւորման եւ անկախացման յաղթական հոսանքին անդառնալի ճնշումին տակ։
Պիսմարք անվիճելիօրէն իր ժամանակին ծնունդը եղաւ՝ Նափոլէոն Պոնափարթով սկսած հին թագաւորութեանց անկումի եւ նոր կայսրութեանց առաջացման յորձանուտին գերմանացի ախոյեանը դառնալով։ Այդ իմաստով է, որ Պիսմարք ոչ միայն Գերմանիոյ միութիւնը կերտեց եւ Գերմանական կայսրութիւնը աննախընթաց հզօրացման առաջնորդեց, այլեւ՝ դաժանօրէն եւ խորամանկութեամբ իր կամքին ու գերման կայսերապետական շահերուն ծառայեցուց 19րդ դարու աշխարհասասան յորձանուտը։
Իրենց ազգային զարթօնքին, միաւորման ու ազատագրութեան համար Արդարութեան եւ Իրաւունքի պայքար մղող շատ ազգեր, փոքր ու տկար ածուները մանաւա՛նդ, Պալքաններէն մինչեւ Մերձաւոր Արեւելք եւ հիւսիսային Ափրիկէ, ոտքի կոխան գացին ինչպէս Բրիտանական, այնպէս ալ Պիսմարքեան Գերմանիոյ մեծապետական յաղթարշաւին։ Զոհաբերուած ազգերու շարքին յայտնուեցաւ նաեւ մեր ժողովուրդը, յատկապէս 1878ի Պերլինի դաշնագրով հայկական իրաւունքներուն դէմ գործուած մեծապետական ոտնակոխումով, Սան Սթեֆանոյի դաշնագրին հայանպաստ 16րդ յօդուածը Պերլինի մէջ 61րդ տխրահռչակ յօդուածով փոխարինումով, որուն քաղաքական ճարտարապետը ինք՝ Պիսմարք հանդիսացաւ, Մեծն Բրիտանիոյ ատենի վարչապետ Տþիզրայէլիի հետ մեղսակցաբար։
Մեր ժողովուրդին դէմ գործուած իրաւազրկման առաջացուցած դառնութեամբ է, հետեւաբար, որ 1898ի Յուլիս 31ի իր համարով, Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ը, ծաւալուն յօդուածով մը անդրադառնալով Պիսմարքի մահուան, ծայրէ ծայր դատապարտանքի ու դաժանութեան խարանին արժանացուցած է մեծանուն այս գերմանացին։ Ի վերջոյ Պիսմարքին կը պատկանի տխրահռչակ այն յայտարարութիւնը, թէ՝ «ամբողջ Արեւելեան Հարցը չþարժեր բոմերանացի զինուորի մը ոսկորը»... Եւ այդպէս ալ մտածեց ու գործեց Պիսմարք Պերլինի Վեհաժողովի ընթացքին, երբ հայ ու պուլկար ժողովուրդներու զոհաբերումով սիրաշահեցաւ Սուլթանը՝ Ցարական Ռուսաստանի դէպի հարաւ ու արեւմուտք ծաւալումը խափանելու եւ Օսմանեան Կայսրութեան անխուսափելի անկումին աւարէն օգտուելու հաշուարկներով։
Պերլինի արեւմուտքը գտնուող Փրուսիական Սաքսոն նահանգի Շէօնհաուզէնի մէջ ծնած էր Պիսմարք 1 Ապրիլ 1815ին։ Թէեւ ուսանեցաւ եւ իր բախտը փորձեց փաստաբանութեան ու ազատ ասպարէզի մէջ, բայց յաջողութիւն չգտաւ եւ ստանձնեց ընտանեկան իր կալուածին ղեկավարումը, որ նիւթապէս լայն հնարաւորութիւններ տուաւ մարմնապէս յաղթահասակ, խոժոռադէմ եւ պահեստի զինուորական երիտասարդ ազնուականին։
Կենսագիրներու վկայութեամբ, ընթերցասէր եւ բանիմաց մարդ էր Պիսմարք, որ երիտասարդ տարիքին արդէն, գերմաներէնի կողքին, լաւապէս տիրապետած էր ոչ միայն ֆրանսերէնին, անգլերէնին եւ ռուսերէնին ¬ կը կարդար ու կը գրէր սահուն կերպով, այլեւ՝ Շէյքսփիրի եւ Պայրընի տարողութեամբ մեծ հեղինակներու գրական ժառանգութեան ¬ իր ելոյթներուն եւ նամակներուն մէջ յաճախ կը մէջբերէր անոնց իմաստուն եւ թեւաւոր խօսքերը։
Հակառակ իր արտաքին կոպտութեան եւ կարծր ու վիրաւորական արտայայտութիւններուն, Պիսմարք ունեցած է զգայուն եւ վիպապաշտ յուզաշխարհ մը, որ երեւան կու գայ ոչ միայն իր կնոջ ու հարազատ կանանց, այլեւ Աւստրիոյ, Ռուսաստանի, Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ մէջ իր ստանձնած դիւանագիտական պաշտօններու ընթացքին տարբեր կանանց հետ իր մշակած մտերմութեանց եւ պահած նամակագրութեանց ճամբով։
Բայց երիտասարդ տարիքի այդ զգայուն աշխարհը, ժամանակի ընթացքին, Պիսմարքի մէջ փոխակերպուած է աւատապետական դարաշրջանի ազնուականութեան արժէքներու համակարգին մոլեռանդօրէն կառչած մարդու հոգեկերտուածքի, որ անգթութեան ամէնէն բիրտ դրսեւորումներով արտայայտուեցաւ անոր հանրային եւ պետական ասպարէզի ողջ ընթացքին։
Երբ 1870ականներու սկիզբը, Պիսմարքի վարչապետութեամբ, Գերմանիան գրաւեց Ֆրանսան եւ պաշարեց Փարիզը, ուր կիներն ու մանուկները սովամահ կ'ըլլային, դարձեալ «երկաթեայ վարչապետ»ին կը վերագրուի պաշարեալներու հասցէին արտասանուած այն հեգնական ու թունաւոր արտայայտութիւնը, թէ՝ «դեռ չկերա՞ն իրենց մանուկները»...
Այդպէ՛ս միշտ անգութ արտայայտուեցաւ եւ գործեց Պիսմարք՝ տիրանալու համար «երկաթեայ վարչապետ»ի իր դաժանութեան «փառք»ին ու «վաստակ»ին։
Գերմանիոյ կայսերապետական հզօրացման սիրոյն՝ հագուստի պէս դաշնակիցներ եւ զինակիցներ փոխեց։ Աւստրիոյ եւ Իտալիոյ հետ դաշնակցեցաւ՝ Ֆրանսան խեղճացնելու եւ իր ետին ձգելու համար։ Ֆրանսայի հետ զինակցեցաւ՝ Աւստրիան իբրեւ կայսրութիւն ջլատելու եւ Իտալիան ասպատակելու համար։ Ռուսաստանի հետ դաշնակցեցաւ՝ Մեծն Բրիտանիոյ դէպի Արեւելք ծաւալումը սանձելու եւ սեփական կայսերապետութեան հաշւոյն գաղութներ նուաճելու մտօք, իսկ Մեծն Բրիտանիոյ հետ մեղսակցեցաւ՝ Ռուսաստանի Պալքաններ էջքը հակակշռի տակ պահելու ռազմավարութեամբ։
Աւելի՛ն. իբրեւ կայսերական Գերմանիոյ փառքի օրերուն կերտիչը՝ Պիսմարք անզիջող կռիւ յայտարարեց ամէն կարգի ազատական բարեկարգումի նախաձեռնութեանց դէմ։ Յատկապէս կատաղի պայքար մղեց ընկերվարական շարժման Գերմանիա մուտքին ու ծաւալումին դէմ՝ ուղղակի արգիլելով անգամ ընկերվարութեան հետ հեռուէն կապ ունեցող գրականութեան հրատարակութիւնն ու տարածումը։
Պերլինի վեհաժողովը եղաւ «երկաթեայ վարչապետ»ին վերջին «սխրագործութիւնը», որ Եւրոպայի տարածքին ու այլուր իր հաստատած անարդար սահմանագծումներով եւ խեղդած Իրաւունքի շարժումներով՝ փաստօրէն նախապատրաստեց Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին պատճառ հանդիսացած մեծ հակասութիւններու վառօդի տակառը։
Իր կեանքի վերջալոյսին Պիսմարք շնորհազուրկ ապրեցաւ։ 1890ին հրաժարեցաւ վարչապետութենէն, քաշուեցաւ իր դղեակը, գրեց իր յուշերը եւ սպասեց ու պահանջեց, որ կայսերական արքունիքը իրմէ խորհուրդ հայցէ եւ ուղղութիւն խնդրէ...
Եւ մինչեւ մահ իր մտերմութեան արժանացուց միայն երկու գամբռեր, որոնք պատմութեան անցան Օթթօ ֆոն Պիսմարքի հռչակին հետ՝ իբրեւ հաւատարմութեան, այլեւ ու մանաւանդ իբրեւ «երկաթեայ վարչապետ»ին դաժանութեան ու կատաղութեան վերջին խորհրդանիշները։
30 Յուլիս 1898ին, այդպէ՛ս, աշխարհէն մեկուսացած եւ երբեմնի իր փառքը որոճալով՝ առյաւէտ հեռացաւ արդի աշխարհի մեծանուն բռնակալներէն Պիսմարք անուն փրուսիացի այդ երկաթեայ կամքի տէր մարդը, որուն մահուան առիթով «Դրօշակ» դիտել կու տար, թէ՝
Պիսմարք պատեհապաշտ, դաժան եւ յախուռն բռնակալ մը եղաւ այն աստիճան, որ ատենի սովորական ու պարզ մարդոց տպաւորութեան մէջ, նաեւ հայ իրականութենէն ներս, սկսաւ լայն հող գտնել այն համոզումը, թէ «աշխարհ կը դառնայ ոչ թէ իր առանցքին, այլ... Պիսմարքի մատներուն շուրջ»։
Ն.