1983ի Յուլիս 27ի այս օրը արեամբ գրուած անջնջելի թուական մը դարձաւ հայ ժողովուրդի մերօրեայ պատմութեան մէջ՝ խորհրդանշելով Հայ Դատի ուժական պայքարին նորագոյն զարթօնքին արեւամարը...
Յուլիսի այս օրը, 29 տարի առաջ, Փորթուկալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ, թրքական դեսպանութեան պատկանող համալիրը թատերաբեմ դարձաւ հայկական իւրօրինակ Ողջակիզման։


Հինգ երիտասարդ հայորդիներ, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան անդամներ, յանուն Հայ Դատի, ուժանակով պայթեցուցին եւ օդը հանեցին թրքական պետութիւնը խորհրդանշող շէնքը՝ ինքնասպանական գործողութեամբ մը եւ հերոսական գաղափարապաշտութեամբ իրենց գերագոյնը, դեռատի կեանքը նուիրաբերելով հայոց Ազգային Դատին շուրջ քաշուած լռութեան պատը  քանդելու պայքարին։
«Հայ Յեղափոխական Բանակ»ին զինուորագրուած գաղափարի մարտիկներ էին Արա Քըրճըլեանը, Վաչէ Տաղլեանը, Սիմոն Եահնիեանը, Սեդրակ Աճէմեանը եւ Սարգիս Աբրահամեանը։ Սիմոնը նահատակուեցաւ գործողութեան առաջին փուլին, դեսպանութեան համալիրը գրաւելու գրոհի ընթացքին։ Արա, Վաչէ, Սեդրակ եւ Սարգիս չուշացան միանալու մարտիրոսացած իրենց ընկերոջ՝ յանուն Ազգի եւ Հայրենիքի վերատիրացման հայոց պայքարին Ողջակիզման աւանդ մը կտակելով մեր սերունդներուն։
1983ի յուլիսեան այս օրը արեւամար էր Հայ Դատի ուժական պայքարի երկնակամարին վրայ։
1975ին, Մեծ Եղեռնի վաթսունամեակին առիթով, Հայ Դատի ուժական պայքարին կիզիչ արեւը անսպասելիօրէն ծագեցաւ ազգային-ազատագրական պայքարներու հորիզոնին վրայ եւ, ամենայն ճառագայթումով, Իրաւունքի եւ Արդարութեան իր բոցավառ ճշմարտութիւնը տարածեց ամէնուր։
Ութ տարի շարունակ, թրքական ցեղասպան պետութեան դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն դէմ ուղղուած իր պարբերական հարուածներով, Հայ Դատի ուժական պայքարը փշրեց անարգ լռութեան պատը եւ հրկիզեց հայասպան ուրացումի ու մեծապետական պատեհապաշտութեան խաւարանիստ  բոլոր կածանները։
Հայ Դատին միջազգային այժմէական հնչեղութիւն ապահոված այդ հատու հարուածներուն վերջինը եղաւ Լիզպոնի ողբերգական գործողութիւնը եւ, իբրեւ այդպիսին, խորհրդանշեց մայրամուտը պահանջատիրական պայքարի ուժական ա՛յդ եղանակին, որ իր նպատակին հասած էր՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը, մանաւանդ հայ ժողովուրդին քաղաքական արդար հատուցում կատարելու թրքական Պարտքը              հրատապ օրակարգի վերածելով։
Շատ գրուած է եւ տակաւին երկար ժամանակ ու միշտ պիտի գրուի Լիզպոնի Հինգին մասին, անոնց գերագոյն զոհաբերութեան մէջ խտացած գաղափարական անկորնչելի խորհուրդին եւ պատգամին                  մասին։
Անոնք «խենթ»եր էին, կենսուրախ զաւակներն էին հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութենէն վերապրած, հայրենազուրկ դարձած հայրերու, որոնք կրցած էին յաղթահարել տարագրութեան հետ եկած կեանքի դժուարութիւնները, ճաշակած էին հիւղաւաններու եւ թի- թեղաշէն դպրոցներու դաժան պայմանները եւ կրցած էին հայու աշխատասիրութեան, ձեռներէցութեան ու ստեղծագործ ոգիին կենսայորդ աշխուժութիւնը մարմնաւորել եւ ազգային ու պահանջատիրական շունչով սերունդ թրծել։
Արա, Վաչէ, Սիմոն, Սեդրակ եւ Սարգիս Ցեղասպանութենէն վերապրած տարագիր հայութեան երրորդ սերունդին կը պատկանէին։ Ամէն հիմք  ունէին կեանքին փարելու եւ վայելելու իրենց աշխատանքին պտուղները, բայց Ազգի եւ Հայրենիքի սպանդին ու տեղահանութեան, բռնագրաւումին եւ կործանման մեծ ու խորագոյն խոցը, այլեւ՝ հայկական Իրաւունքին ու Արդարութեան դէմ հիւսուած Լռութեան  Պատը մեծ «Օտարական»ներու վերածած էր անոնց ամբողջ սերունդը։
Սեփական ու մայրենի լեզուով եւ մշակոյթով լիարժէք ապրելու եւ արարելու ներքին կրակը, պապենական հողին վրայ հայաշունչ կեանք ու ազատ ապագայ կերտելու եւ վայելելու բուռն պահանջը եւ, մանաւանդ, արեւուն տակ հայու հպարտութեամբ քալելու անյագ ծարաւը Լիզպոն առաջնորդեցին գրոհային մարտունակութիւնը Հինգ Խենթերուն, որպէսզի                 նախ սեփական ժողովուրդի իրենց սերնդակիցներուն, ապա՝ ցեղասպան թրքական պետութեան ժառանգորդներուն եւ, վերջապէս, լուռ ու անտարբեր հայեացքով հայոց ողբերգութեան նայող աշխարհին առաւելագոյն ուժականութեամբ փոխանցեն իրենց ՊԱՏԳԱՄը։
Այդպէ՛ս, Լիզպոնի մարտիրոսացումը դարձաւ նորօրեայ վկայութիւնը «իմացեալ մահով անմահութիւնը նուաճելու» հայ ազգային գաղափարախօսութեան։ Եղաւ պատգամաբերը ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանէն դուրս կեանքի բոլոր հեռանկարները մերժելու նորօրեայ Հայու յեղափոխական անդառնալի  ուխտին։ Խորհրդանշեց դաշնակցական պատրաստակամութիւնը՝ գերագոյն զոհաբերութեան անձնական օրինակով շրջելու պատմութեան թաւալգլոր անկումի անիւը եւ վերահաստատելու հայոց ազգային արժանաւորութիւնը, սեփական ուժով վերականգնելու անփոխարինելի Իրաւունքն ու Արդարութիւնը։
27 Յուլիս 1983ը հայոց յուշատետրին Լիզպոնի Ողջակիզման խորհրդանիշ էջն է։ Օրն է՝ յանուն Հայ Դատին եւ Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի նուաճումին գերագոյն զոհաբերութեան պատրաստ գտնուելու ամբողջ սերունդի մը անկորընչելի պատգամին, արեամբ նուիրագործած գաղափարական յանդգնութեան։
Եւ տարագրութեան դատապարտուած հայը, այսօր թէ վաղը, երբ իր զաւակներուն հայեցի շունչ ու գաղափարական թռիչք կը ներարկէ, անպայման պիտի յիշէ եւ միշտ պիտի յիշեցնէ օրինակը Լիզպոնի Հինգին՝ իբրեւ յաւերժին մէջ արձագանգող պոռթկումը հայոց արդար ցասումին։
Այսօր հայ ժողովուրդը իր հոգիին խորը հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարէ եւ կը խոնարհի յիշատակին առջեւ Ազգի ու Հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան բագինին զոհաբերուած Ողջակէզներուն՝ Արային, Վաչէին, Սիմոնին, Սեդրակին եւ Սագոյին։
Լիզպոնի Հինգին հետ մեր էութեան կենսուրախ մէկ բջիջը ողջակիզուեցաւ, որպէսզի երբեք չմոռնանք հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը եւ արժանաւորապէս տէր կանգնինք Ազգն ու Հայրենիքը ամբողջական ազատագրութեան առաջնորդելու գաղափարական մեր մեծագոյն պարտքին։

Ն.