Իր անձին ու գործին նկատմամբ այս աստիճան անտեսումով եւ ժլատ գնահատականով հանդերձ՝ Յակոբ Գուրգէնի անունը միշտ ալ յիշատակութեան կþարժանանայ 19րդ դարավերջի եւ 20րդ դարասկիզբի արեւմտահայ զարթօնքը հունաւորած  վաստակաւորներու շարքին՝ թէ՛ մանկավարժական, թէ՛ հրապարակագրական ասպարէզներէն ներս


Յուլիս 13ի այս օրը, 161 տարի առաջ, Կ. Պոլսոյ մէջ, Պիպեռճեաններու ընտանիքը բախտաւորուեցաւ արու զաւակով մը, որուն անունը կնքեցին Յակոբ։ Նախախնամութիւնը 64 տարուան կեանք մը վերապահած էր Յակոբ Պիպեռճեանի, որ հազիւ երիտասարդութեան տարիքը թեւակոխած՝ իր ամբողջ էութեամբ նուիրուեցաւ հայ գիրի եւ դպրութեան անկորնչելի գանձերը նորահաս հայորդիներուն մատչելի եւ սիրելի դարձնելու աշխատանքին։
Գրական¬ստեղծագործական ուշագրաւ տաղանդի տէր չէր Պոլսոյ Թարգմանչաց վարժարանը աւարտած Յակոբ Պիպեռճեանը։ Փոխարէնը՝ տիրապետած էր Գրաբար Հայերէնին, որուն հաւատարիմ պահապանը դառնալու նախանձախնդրութեամբ, Յակոբ Գուրգէն գրչանունով՝ կանուխ տարիքէն ան նետուեցաւ ուսուցչական եւ հրապարակագրական ասպարէզ։ Ուշագրաւը այն է, որ Յակոբ Գուրգէն ի պաշտպանութիւն Գրաբարի անխոնջ պայքար մղեց Աշխարհաբար Հայերէնով, որուն հմուտ մշակողներէն եղաւ նաեւ։
Նոյնիսկ հանրագիտական տեղեկութեանց առումով՝ Յակոբ Գուրգէն մոռցուած անուն մը եւ մեծ անծանօթ մը մնաց մեր սերունդներուն համար։ Իսկ այն ժլատ տեղեկանքը, որուն արժանացաւ հայ դըպրութեան եւ հրապարակագրութեան այս վաստակաւորը, երբեք անդին չանցաւ հպանցիկ անդրադարձի սահմաններէն...
Այն աստիճան, որ իր «Պատմութիւն արեւմտահայ արդի գրականութեան» գործին մէջ, Կարօ Սասունի միայն 8 տող նուիրած է Յակոբ Գուրգէնի՝ ան ալ ընդգծելու համար, թէ՝ «Գրաբարեան հմուտ մը, որ 1880ական թուականներուն Մ. Գարագաշեանի հետ կը պայքարէր գրաբարի յաղթանակին համար։ ...Լեզուական պայքարները վարած է աշխարհաբարով։ Յ. Գուրգէն հրապարակագիր մըն է, առանց քաղաքական դաւանանքի»։
Իր անձին ու գործին նկատմամբ այս աստիճան անտեսումով եւ ժլատ գնահատականով հանդերձ՝ Յակոբ Գուրգէնի անունը միշտ ալ յիշատակութեան կþարժանանայ 19րդ դարավերջի եւ 20րդ դարասկիզբի արեւմտահայ զարթօնքը հունաւորած  վաստակաւորներու շարքին՝ թէ՛ մանկավարժական, թէ՛ հրապարակագրական ասպարէզներէն ներս։
Հազիւ Թարգմանչաց վարժարանը աւարտած, Յակոբ Գուրգէնի վստահուեցաւ հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցումը։ Նոյնպէս հրապարակագրութեան ասպարէզը կանուխէն իր դռները բացաւ անխոնջ աշխատող այս երիտասարդին առջեւ, որ 1870ին արդէն կը խմբագրէր «Փող Արեւելեան» թերթի «Ներքին լուրեր» բաժինը։
Մանկավարժական ծառայութիւնը սկսաւ Կ. Փանոսեանի գիշերօթիկ վարժարանին մէջ։ Բայց 1876ին արդէն, Օրթագիւղի մէջ, Յակոբ Գուրգէն հիմնեց «Հայկական կրթարան» անունով իր սեփական դպրոցը, որ գործեց մինչեւ 1890։ Բայց յատկապէս այնուհետեւ, Կարնոյ Սանասարեան վարժարանի մէջ իր պաշտօնավարման շրջանին, իբրեւ հայոց լեզուի ուսուցիչ, Յ. Գուրգէն կարեւոր ներդրում ունեցաւ Սանասարեանի՝ իբրեւ բարձրորակ կրթական հաստատութեան աւանդի նուաճումին մէջ։ Սանասարեանէն դուրս եկած արժանաւոր սերունդը իրապէս պարտական է նաեւ Յ. Գուրգէնի։
Հրապարակագրական ասպարէզի մէջ, Յակոբ Գուրգէն մնայուն աշխատակիցն ու խմբագրական կազմի անդամը եղաւ «Մասիս», «Արեւելյան Մամուլ», «Մանզումէի էֆքեար» եւ պոլսահայ այլ հռչակաւոր թերթերու։ Իբրեւ գրչանուն, Գուրգէնի կողքին, ան օգտագործեց նաեւ Սմբատ ու Վահէ ծածկանունները։ Իսկ 1898էն 1904, «Արեւելք»ի էջերուն, ուշադրութիւն գրաւեցին իր Արետ գրչանունով ստորագրած շաբաթական քրոնիկները։
Նաեւ առանձին հատորներով հրատարակուած գործերու ամբողջ շարք մը կապուեցաւ Յակոբ Գուրգէնի անունին։ Յիշատակելի է «Ուղեւորութիւն յԱթենս եւ ի Զմիւռին» երկը, հրատարակուած 1881ին։ Նոյնպէս 1886-88ին, Մատաթիա Գարագաշեանի հետ միասին, հրատարակուած «Ճաշակ Ոսկեղէն Դպրութեան» հանդէսը՝ գրաբարով։ Կազմած է «Պատկեր աշխարհիկ գրականութեան» ընթերցարանը, որ կը բաղկանայ երկու հատորէ։
Յակոբ Գուրգէնի կարեւոր գործը կը նկատուի «Համառօտ արուեստ տաղաչափութեան» դասագիրքը, որ լոյս տեսաւ 1897ին, Կ. Պոլիս։
Մանկավարժի եւ հրապարակագրի իր կոչումին ամբողջապէս նուիրեալ Յակոբ Գուրգէնը վախճանեցաւ 1914ի Յուլիս 12ին, Պոլիս։

Ն.