Յուլիսի 4էն 5, 1889 թուականին, վախճանեցաւ նոր ժամանակներու Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կուսակրօն հայուհիներուն ամէնէն անձնուէրը եւ սրբատիպը՝ անունով իսկ Սրբուհի Մայրապետ Գալֆայեանը։
Եթէ նախախնամութիւնը առասպելական այս Մայրապետին նուիրած չըլլար հայոց փոքր ածուին, եթէ Սրբուհի Նշանի Գալֆայեանը ապրէր մեծահամբաւ ազգի մը կեանքին մէջ, ան իրաւամբ կրնար դառնալ իր ժամանակի «Մայր Թերեզա» մը։


Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ սրբակենցաղ այս նուիրեալը ունէր բոլոր առաքինութիւնները եւ իր գործքով՝ հայ որբերու խնամատարութեան ամբողջապէս նուիրուած իր կեանքով ստեղծեց ծառայութեան այնպիսի աւանդ մը, որ բառին իրա՛ւ իմաստով պահապան հրեշտակ մը դարձաւ հայ ժողովուրդի լքեալ զաւակներուն համար։

Սրբուհի Մայրապետ կեանքի կոչեց Գալֆայեան Քոյրերու Միաբանութիւնը, որոնք մենաստանի մէջ չապրեցան սակայն, Սրբուհի Մայրապետի անխոնջ ճիգերով ստեղծեցին Խասգիւղի Որբանոցը Պոլսոյ մէջ եւ նուաճեցին որբահաւաքի ու որբախնամի օրինակելի՛ աւանդ, որ մինչեւ մեր օրերը ներշնչման աղբիւր կը մնայ Թուրքիոյ հայութեան կեանքին մէջ։
Սրբուհի Մայրապետ Նշան Գալֆայեանը ծնած է 1822ի Փետրուար 17ին, Պոլսոյ գիւղերէն Գարթալի մէջ։ Գալֆայեան Նշան աղայի վեց զաւակներուն անդրանիկն էր։ 12 տարեկանին կորսնցուց հօրը: Կենսագիրները կը պատմեն, որ Սրբուհիի մայրը կ՝ ուզէր ամուսնացնել 14 տարեկան իր դուստրը, բայց բախեցաւ Սրբուհիի բուռն դիմադրութեան: Սրբուհի որոշած էր կուսանոց մտնել: Մօր հետեւողական փորձերն ու ճիգերը ապարդիւն անցան: Այն աստիճան, որ Սրբուհի նոյնիսկ ինքզինքին վնասելու գնով իր գեղեցկութիւնն աղճատելու փորձերու դիմեց, որպէսզի մայրը վերջնականապէս հրաժարի զինք ամուսնացնելու մտադրութենէն:
1837ին, Սրբուհի ծանրօրէն հիւանդացաւ ժանտախտով: Շատ ծանր վիճակի մէջ, գրեթէ մահուան մահիճին պառկած, երբ կը թուէր, թէ ոչ մէկ յոյս կար ապրելու, Սրբուհի խնդրած է մօրը խոստանալ, որ եթէ ապաքինի, մայրը ընթացք տայ իր գերագոյն փափաքին եւ համաձայնի, որ դուստրը կուսանոց մտնէ: Այդպէ՛ս, երբ շաբաթ մը ետք Սրբուհի կþապաքինի, մայրը տէր կը կանգնի իր խոստումին. կը ծախէ իրենց Գարթալի ունեցուածքը եւ դստեր ու զաւակներուն հետ կը տեղափոխուին Պոլիս, հօրեղբոր՝ Աղաթոն Գրիգոր էֆենտիի տունը, ուր եւ Սրբուհին 1840ին, հանդիսաւոր ուխտով, հագուեցաւ Մայրապետութեան սեւ վերարկուն ու կուսական քողով ծածկեց իր երիտասարդութիւնը:
Կենսագիրները նաեւ կը վկայեն, որ Սրբուհի Գալֆայեան ձեռագործութեան, յատկապէս այդ արուեստի օյա, տիվա եւ սըրմա ոճերուն անզուգական վարպետ մըն էր: Այդ աշխատանքով կրցաւ մեծ գումար հաւաքել եւ Խասգիւղի մէջ տուն գնել իրենց համար: 1850ին, նոյն այդ տան մէջ, Սրբուհի բացաւ երկսեռ աշխատանոց մը եւ հաւաքեց որբ աշակերտներ ու անոնց սորուեցուց իր արուեստը: Այդ աշակերտներէն շատերը հետագային յայտնի վարպետներ դարձան՝ հպարտանալով «խարթալցի մայրապետին աշակերտը» ըլլալու իրենց տիտղոսով:
Սրբուհի Մայրապետին արուեստի համբաւը տարածուեցաւ Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս: 1868ին, Մայրապետն իր գործերը ուղարկեց Անտվերպենի (Պելճիքա) ցուցահանդէսին, ուր անոնք արժանացան առաջին կարգի վկայականի: Մայրապետը վեց անգամ հրաւիրուեցաւ Եգիպտոս՝ գոհացնելու համմար արքունական տիկիններու նուրբ ճաշակը:  1858ին, Եգիպտոս գտնուած միջոցին, Եուսուֆեան Գէորգ պէյի կնոջ հետ ուղեւորուեցաւ Իտալիա‘ Նէափոլ, Հռոմ, Ֆլորենցիա եւ Միլան, իսկ յաջորդ տարին երկու անգամ ուխտի գնաց Երուսաղէմ, ուրկէ վերադարձին հրաւիրուեցաւ Աթէնք‘ կատարելու համար Յունաստանի թագուհիին եւ պալատական տիկիններու ձեռագործի պատուէրները:
1865ին, բռնկեցաւ քոլերայի համաճարակ մը, որ մահ սփռեց ամէնուրեք: Երեք ամիս տեւած պատուհասը հազարաւոր մարդոց կեանքը խլեց‘ առաջացնելով որբերու, այրիներու եւ որդեզուրկ ծնողներու հսկայ բանակ մը: Ամէնուր‘ փողոցներու մայթերուն, եկեղեցիներու բակերուն, խանութներու դռներուն եւ, ուրուականներու պէս թափառող,  օգնութիւն հայցող ձեռքեր էին կարկառած. կիսամերկ ու վտիտ որբեր կը թափառէին: Կը պատմեն, որ օր մը Սրբուհի Մայրապետ փողոցը այդպիսի որբ աղջնակի մը կը հանդիպի ու, տեսնելով անոր արտասուախառն կերպարանքը, խորապէս կը ցնցուի: «Սրբէ՛ արտասուքդ,- կþըսէ աղջնակին եւ իր հետ տուն կը տանի: Կþըսուի, որ ճիշդ այդ ժամանակ ան յղացաւ բոլոր որբերուն մէկ տանիքի տակ հաւաքելու եւ անոնց հոգ տանելու գաղափարը:
Իրականութիւնն այն է, որ այդ օրերուն Սրբուհի Մայրապետը այցելած էր Խասգիւղի Գէորգ աւագ քահանայ Արծրունիի տունը‘ տեսակցելու համար հոն իջեւանած հիւանդ Կարապետ վարդապետ Շահնազարեանցին: Եւրոպա ուսանած ու ապրած վարդապետը՝ զրուցելով մայրապետին հետ, նկատելով Սրբուհիի անձնուէր ոգին ու եռանդը, խորհուրդ կու տայ եւրոպական մայրապետներու օրինակով, աւելի գործնական ու մարդասիրական եղանակով, արդարացնել իր կոչումը: Սրբուհի կը պատասխանէ.¬ «Հայր Սուրբ, ուսում չունիմ, որ տղաք դաստիարակեմ. հարստութիւն չունիմ, որ նիւթական մեծ օգնութիւն մþընեմ, բայց ինչ որ պարգեւած է ինձ Աստուած‘ բարի կամք ու առողջութիւն, սիրայօժար կը նուիրեմ սիրելի ազգիս անտէր որբոց‘ ձեռքս խղճիս վրայ հոս հանդիսաւորապէս ուխտելով ձեր երեք սուրբ հայրերուդ առջեւ՝ մինչեւ մահս խոստմանս հաւատարիմ մնալ» (զրոյցին ներկայ եղած են Գէորգ աւագ քահանայ Արծրունին եւ Խասգիւղի քարոզիչ Ներսէս եպիսկոպոս Վարժապետեան, հետագայ հայոց մեծարժէք Պատրիարքը)։
Այդպէ՛ս, 15 օրուան ընթացքին, Սրբուհի Մայրապետը հաւաքած է 2էն 10 տարեկան 17 անտէր որբ աղջիկներ եւ ինը ամիս շարունակ, իր անձնական խնայողութեանց հաշւոյն (200 օսմանեան ոսկի), խնամած է զանոնք: Սակայն այդ միջոցները չէին կրնար երկար ժամանակ բաւարարել որբերու կարիքները, մանաւանդ որ ոսկեթել օյան, որ եկամուտի հիմնական աղբիւրն էր Սրբուհի Գալֆայեանի, նորաձեւութենէ դուրս եկած էր: Մայրապետը, ձեռքը ունենալով Ներսէս եպիսկոպոս Վարժապետեանի ապահոված Գալֆայեան Միաբանութեան ստեղծման վկայագիրը, կը սկսի հանգանակութիւն կատարել։ Այսպիսով, 1866ին հիմնադրուեցան Գալֆայեան Միաբանութիւնն ու Գալֆայեան Որբանոց¬վարժարանը‘ հաստատուելով Խասգիւղի Սանտալճի փողոցին վրայ գտնուող համեստ բնակարանի մը մէջ։
1870ին, Սրբուհի Մայրապետը իր 20 որբուհիներով յաջողեցաւ արժանանալ Սուլթան Ազիզի հետ տեսակցութեան եւ ապահովել 50 ոսկի նուիրատուութիւն եւ  օրական 45 ֆունտ հաց ու 23 ֆունտ միս որբերուն համար: 1871ին, մասնակցելով Խասգիւղի Տաքէսեան փառավոր առանձնատան աճուրդին, Սրբուհի Մայրապետը 950 ոսկի առաջարկելով յաջողեցաւ յաղթել մրցակիցներուն եւ տիրանալ կալուածին: Այդ գումարը առաջարկած պահուն՝ Մայրապետը գրպանը ունէր ընդամէնը 110 փարա: Բայց ան յաջողեցաւ, 8 օրուայ ընթացքին, հանգանակութեամբ 650 ոսկի հաւաքել, իսկ մնացած 300 ոսկիի գումարը փակել յաջորդ երկու ամսուան ընթացքին: 1871ի Մարտ 1ին որբուհիները հանդիսաւոր կերպով մուտք գործեցին Տաքէսեան վերանորոգուած առանձնատունը, որ այդ օրէն յայտնի դարձաւ իբրեւ Գալֆայեան որբանոց: այնուհետեւ, Մայրապետը ձեռնամուխ եղաւ նաեւ վարժարանի հիմնադրումին, որպէսզի որբուհիները ստանան բաւարար կրթութիւն:
Սրբուհի Մայրապետի օրօք հոն կրթուեցան ու դաստիարակուեցան 160 որբ աղջիկներ, որոնցմէ 23ը ամուսնացան (Որբանոցը հոգաց նաեւ անոնց օժիտի եւ հարսանեկան ծախսերը), 20ը որդեգրուեցան ապահով ընտանիքներու կողմէ, իսկ 75ը կրթութիւնն աւարտելէ ետք, վերադարձան ազգականներու մօտ, իսկ անոնք՝ որոնք ազգականներ չունէին, ապահովուեցան վարժուհիի կամ դաստիարակչուհիի աշխատանքով:
Երկար է շարքը Սրբուհի Մայրապետ Գալֆայեանի բարեգործութեանց։ Գալֆայեան Որբանոցը երկար տարիներ գործեց նաեւ Մայրապետի վախճանումէն ետք։ Բայց 1950ականներուն, այսպէս կոչուած «հանրապետական» Թուրքիոյ իշխանութիւնները նախ մայրուղի բանալու պատճառաբանութեամբ պետականացուցին Գալֆայեան Որբանոցի կալուածը, ապա՝ այլուր փոխադրուած եւ միայն իբրեւ վարժարան գործելու արտօնուած հաստատութեան մէջ չարտօնեցին, որ Մայրապետները ուսուցչութիւն կատարեն։
Այսօր կþոգեկոչենք յիշատակը սրբատիպ այս հայուհիին, որ ամբողջ իր կեանքն ու կարողութիւնները նուիրաբերեց հայ որբերու հոգատարութեան սուրբ գործին։ Եւ ինչպէս որ կենսագիրները կը վկայեն, Սրբուհի Մայրապետ Գալֆայեան յաճախ հանդիպեցաւ հայ մարդոց, որոնք նաեւ կոպտօրէ մերժեցին ու անարգեցին զինք՝ երեսին շպրտելով «քու շահուդ համար կþաշխատիս կոր» խօսքերը: Անգամ մը նոյնիսկ ապտակած են զինք, բայց Մայրապետը աւետարանական հեզութեամբ պատասխանած է ապտակողին. «Շնորհակալ եմ, էֆէնտի, այս ապտակը իմ բաժինս է, հապա խեղճ որբերուն ի՞նչ տանիմ»:

Ն.