Հայ քաղաքական մտքի զարգացման եւ արդի ժամանակներու ոգիով վերածնունդին մէջ իր մեծակշիռ եւ առաջնորդող ներդրումը ունի Գրիգոր Արծրունի, որուն մահուան 119րդ տարելիցն է այսօր՝ 19 Դեկտեմբերին։
Բառին ամէնէն վաւերական եւ ճառագայթող իմաստով գաղափարի ՄՇԱԿ մը եղաւ Արծրունի, որ իր հիմնած եւ մինչեւ ապաժամ մահը 20 տարի անխափան հրատարակած «Մշակ» թերթով՝ լուսաւոր փարոսի պէս առաջնորդեց մեր ժողովուրդին քայլերը 19րդ դարու վերջին քառորդին, պատմական տարողութեամբ մեծ վերիվայրումներու ժամանակաշրջանին։
Միայն 47 տարի ապրեցաւ ռուսահայ մտքի յառաջապահ այս գաղափարախօսը, բայց յաջողեցաւ իր արծարծած գաղափարական խարոյկով անմահութիւնը նուաճել։
Աւելի քան մէկ եւ քառորդ դարու հեռաւորութենէ քննական լուսարձակի տակ առնելով Գրիգոր Արծրունիի գաղափարական ժառանգութիւնը՝ անվարան կարելի է հաստատել, որ
- Հայ ժողովուրդը երկատող՝ արեւելահայու եւ արեւմտահայու բաժնող արուեստական սահմանագիծերը ջնջելու եւ, փոխարէնը, հոգեմտաւոր կամուրջներ հաստատելու գաղափարական զարթօնքին ռահվիրաներէն եղաւ Արծրունի։ Մինչեւ մեր օրերը իր ուսանելի նշանակութիւնը կը պահպանէ Արծրունիի օրինակը՝ իբրեւ գաղափարով ու գործքով դրօշակիրը մէկ ու միասնական հայութեան ստեղծումին։ Արծրունի ոչ միայն «Մշակ»ը դարձուց ժամադրավայրը հայ յեղափոխաշունչ մտաւորականութեան երկու թեւերուն՝ Րաֆֆիներուն եւ Արփիարեաններուն, այլեւ՝ նախաձեռնողներէն ու հիմնադիրներէն եղաւ Հայաստան Աշխարհով մէկ հայ դպրոցական ցանցի տարածումին եւ հայեցի միասնական դաստիարակութեան իրականացումին։
- Յատկապէս Գրիգոր Արծրունիի ջանքերով թրքահայոց ազատագրութեան դատը դարձաւ կիզակէտը ռուսահայ երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան գաղափարական ու յեղափոխական ոգորումներուն։ Թէեւ Արծրունի երդուեալ ռուսասէր մըն էր եւ Ռուսաստանի հետ միացման մէջ կը տեսնէր նաեւ Արեւմտահայաստանի փրկութեան ուղին, այսուհանդերձ՝ օսմանեան լուծին դէմ զէնք բարձրացնելու հայոց ազգային¬ազատագրական շարժումը հիմնովին սնանեցաւ Արծրունիի գաղափարներով եւ գործնական նախաձեռնութիւններով։
- Հայկական «Ազատականութեան» (լիպերալիզմին) գաղափարական հայրը եղաւ Արծրունի, որոշապէս կովկասահայ իրականութեան մէջ։ Եւրոպական Ազատականութիւնը հայացնելու՝ Հայաստանի պայմաններուն եւ հայ ժողովուրդի ազգային մտածելակերպին պատշաճեցնելու գաղափարաբանութեան դրօշակիրը դարձաւ ան։ Ազատութեան եւ Արդարութեան, Իրաւահաւասարութեան եւ Ժողովրդավարութեան անկաշառ գաղափարախօսը եղաւ, որ արդի ժամանակներու շունչով թարմացման առաջնորդեց ոչ միայն հայոց ազգային¬հասարակական կեանքը, այլեւ մեր գրականութիւնն ու մշակութային աշխարհը։
Այս բոլոր ուղղութիւններով 19րդ դարավերջի հայ կեանքը հունաւորած հեղինակութիւնը եղաւ Գրիգոր Արծրունի, որ ներշնչման աղբիւր դարձաւ հաւասարապէս Հայ Յեղափոխական Շարժման գլխաւոր բոլոր կերտիչներուն համար՝ Մկրտիչ Փորթուգալեանէն մինչեւ Արփիար Արփիարեան եւ Քրիստափոր Միքայէլեան։
Գ. Արծրունի ծնած էր Մոսկուա՝ 27 Փետրուար 1845ին, բայց մանուկ տարիքէն ապրեցաւ եւ կազմաւորուեցաւ Թիֆլիսի մէջ։ Նախնական կրթութիւնը Թիֆլիսի Ռուսական Գիմնազիայի մէջ ստանալէ ետք, 1862ին մեկնեցաւ Ռուսաստան՝ Ս. Փեթերսպուրկի եւ Մոսկուայի համալսարաններուն մէջ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։ 1867ին ընդունուեցաւ Հայտըլպերկի համալսարանը, ուրկէ 1869ին վկայուեցաւ Քաղաքատնտեսութեան եւ Փիլիսոփայութեան դոկտորի աստիճանով։ Անմիջապէս չվերադարձաւ Թիֆլիս, այլ՝ հայերէնի իր պատրաստութիւնը զարգացնելու մտօք ուսումը շարունակեց Մխիթարեաններու մօտ, նախ Վենետիկ եւ ապա Վիեննա։ Թիֆլիս վերադարձաւ 1870ի Սեպտեմբերին։
Սկզբնապէս «Գայանեան» Օրիորդաց վարժարանին մէջ ուսուցչութիւն ընելէ ետք, Գ. Արծրունի 1 Յունուար 1872ին լոյս ընծայեց «Մշակ» թերթը, որուն խմբագիրը մնաց մինչեւ իր վախճանման օրը՝ 19 Դեկտեմբեր 1892։
Հայ իրականութեան մէջ «Մշակ» անմիջապէս դարձաւ յառաջադէմ մտաւորականութեան անկաշկանդ բեմը։ Նաեւ՝ ստեղծեց երիտասարդ գրողներու իր սերունդը, եւրոպական Ազատականութեան գաղափարները տարածելով ու զարգացնելով։
«Մշակ»ի հրատարակութիւնը զուգադիպեցաւ հայոց պատմութեան զգայուն մէկ ժամանակաշրջանին՝ Հայկական Հարցի միջազգայնացման փուլին, երբ 1877-78ի Ռուս-թրքական պատերազմի բերմամբ, Արեւելեան Հարցի ընդհանուր ծիրին մէջ, եւրոպական մեծ տէրութիւնները առաջին անգամ ըլլալով իրենց օրակարգին վրայ բերին Հայկական Հարցը։ «Մշակ» դարձաւ դրօշակիրը ոչ միայն թրքահայոց դատին օգնութեան փութացող ռուսահայ երիտասարդական շարժումին, այլեւ՝ Պերլինի վեհաժողովէն ետք Խրիմեան Հայրիկի արձակած Երկաթեայ Շերեփի պատգամը գործնապէս իրականացնելու յեղափոխական խմորումներուն։
Ազգային¬քաղաքական այդ զարթօնքի հունաւորումին մէջ Արծրունի յատուկ խանդաղատանքով «Մշակ»ին կապեց անմահն Րաֆֆիին, որ Հայկական Ազատամարտին նուիրուած իր անկրկնելի վէպերը իբրեւ թերթօն լոյս ընծայեց «Մշակ»ի էջերուն։ Րաֆֆին միակը չէր։ Արփիար Արփիարեան եւ Լէօ, Մկրտիչ Փորթուգալեան եւ Միքայէլ Վարանդեան, 1880ականներու հայ յառաջադէմ մտաւորականութիւնն ու ուսանողութիւնը իրենց բեմը դարձուցին «Մշակ»ը, իսկ Արծրունի բոլորին առջեւ բաց պահեց էջերը իր թերթին՝ պայմանաւ որ անոնք ուղղուած ըլլային դէպի հայ մտքի եւ մշակոյթի վերանորոգումը, բայց մանաւանդ հայ ժողովուրդի ազգային¬ազատագրութեան դատին արծարծումը։
Պատմական ծանօթ փաստ է, որ Արծրունի գործնապէս սատարեց հայ յեղափոխական երեք կուսակցութիւններու հիմնադրումին։ Մկրտիչ Փորթուգալեանի հետ՝ Արծրունի իր ներդրումը ունեցաւ Արմենական կուսակցութեան ծնունդին մէջ։ Արփիար Արփիարեա նի հետ՝ նպաստեց Հնչակեան կուսակցութեան ստեղծումին։ Բայց մանաւանդ Դաշնակցութեան ծնունդին մէջ՝ նոյնինքն Քրիստափորի վկայութեամբ, Արծրունին եւ իր «Մշակ»ը աւելի քան ներշնչման աղբիւր եղան. «Մշակ»ականները հիմնական դերակատարութիւն ունեցան Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւն ստեղծելու գաղափարին հասունացման եւ կազմակերպական իրագործումին մէջ։
Պատահական չէր, հետեւաբար, որ 1892ի այս օրերուն, Գրիգոր Արծրունիի թաղումը հայ ազգային ու յեղափոխական զարթօնքի մեծ ալիք բարձրացուց Կովկասի մէջ։ Հայ ժողովուրդը իր բոլոր հատուածներով համազգային մեծաշուք յուղարկաւորութեան արժանացուց իր մեծ Գաղափարապաշտին։ Ցարական իշխանութիւնները ամէն ճիգ թափեցին, որպէսզի խափանեն հայկական ազգայնականութեան եւ ազատախոհութեան համաժողովրդային միահամուռ դրսեւորումը։ Ցարական ոստիկանութիւնը խստագոյն բրտութեամբ փորձեց Թիֆլիսի մայր պողոտաներէն հեռու պահել բազմահազարանոց թափօրը Արծրունիի յուղարկաւորութեան։ Պատահեցան բուռն բախումներ եւ 27 Դեկտեմբերի թաղումէն ետք տասնեակներով հայեր ձերբակալուեցան ու բանտերը եւ ոստիկանատուները նետուեցան։
Ինչպէս իր կենդանութեան, նոյնպէս եւ յետ մահու՝ Գրիգոր Արծրունի ներշնչման անխառն աղբիւրը եղաւ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարին։
Հայ քաղաքական մտքի եւ յատկապէս հայոց ազգային-ազատագրական շարժման ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՄՇԱԿի յիշատակին ու ոգեկոչման նուիրուած այս էջը կþարժէ եզրափակել հայկական վիպագրութեան մեծագոյն վարպետներէն՝ Շիրվանզադէի յուշերէն քաղուած հետագայ հատուածով, որ կը վերաբերի Արծրունիի դերին՝ Դաշնակցութեան ծնունդին մէջ (Շիրվանզադէ, հակառակ հակայեղափոխական իր աշխարհայեացքին, իւրայատուկ վերապահութեամբ ու թերահաւատութեամբ կþարժեւորէ ոչ միայն Արծրունին, այլեւ՝ Քրիստափորն ու Դաշնակցութեան հիմնադիր միւս գործիչները).
«Որոշ խնդիրներում ես համամիտ էի Արծրունու գաղափարներին եւ ուժերիս չափ ձայնակցում էի նրան «Արձագանք»ի էջերում (որուն խմբագիրն էր Շիրվանզադէ -Ն.), հակառակ Աբգար Յովհաննիսեանի (19րդ դարու երկրորդ կիսու հայ քաղաքական ականաւոր գործիչ) ընդդիմադրութեան: Այդ խնդիրներից էր եւ թուրքահայերի քաղաքական կացութիւնը: Ես թուականների ճշտութիւնը չեմ կարող երաշխաւորել, բայց դէպքերը յիշում եմ շատ լաւ: Այդ այն ժամանակներն էին, երբ թուրքահայերի վիճակը յուզել էր երիտասարդութեանը նոր ուժով - ութսունական թուականների վերջին եւ իննսունականների առաջին տարիները:
«Արծրունուն շրջապատող երիտասարդների խումբն էր, որ Դաշնակցութեան հիմքը դրեց: Գլխաւոր ուժերն էին բժիշկ Յովհաննէս Լոռու-Մելիքեան, Քրիստափոր Միքայէլեան, Սիմէոն Զաւարեան, Մարտիրոս Շաթիրեան, Կոստանդին Խատիսեան, Լեւոն Սարգսեան, Գաբրիէլ Միրզոյեան եւ մի քանի ուրիշներ, որոնց անունները մոռացել եմ:
«- Նոր գործի համար նոր ուժեր են հարկաւոր,¬ ասում էին եւ չէին ընդունում ասպարէզում եղած ոչ մի հասարակական գործչի, բացի Գրիգոր Արծրունուց:
«Չնայելով իր արտաքին համեստութեանը, Քրիստափոր Միքայէլեանը փառամոլ էր անսահման: Նրա ընկերներից շատ քչերը գիտէին այդ եւ, նրանք, որոնք գիտէին, տոգորուած էին նոյն թուլութեամբ: Տարբերությունն այն էր, որ Միքայէլեանը երիտասարդութիւնից, մանաւանդ պատանեկութիւնից, աւելի էր սիրուած, քան որեւէ մէկը նրա ընկերներից, բացի Սիմէոն Զաւարեանից: Այդ կողմից երկուսն էլ հաւասար մակարդակի վրայ էին:
«Ինչո՞վ էր Քրիստափոր Միքայէլեանն իր շըրջանի հաւատը գրաւել - այսօր այդ ինձ համար մի առեղծուած է: Գուցէ ֆանատիկոսի հաւատով դէպի իր գործը, գուցէ անշուք տրամաբանութեամբ կամ իր Յիսուսանման արտաքինով, մեղմ ձայնով: Մի բան միայն կարող եմ հաստատապէս ասել, այն է, որ այդ մարդը մարդկանց հետ վարուելու զարմանալի տակտ ունէր եւ գիտէր նոյնիսկ տրամագծօրէն հակադիր տարրերից միութիւն ձուլել: Նոյն յատկութիւնը չունէր Սիմէոն Զաւարեանը, բայց Միքայէլեանի խորամանկութիւնն էլ չունէր: Այդ փոքրահասակ, միշտ շարժուն, միշտ ներվային, միշտ մտահոգ, նիհար ու դժգոհ երիտասարդն ինձ յիշեցնում էր խորթ հողի վրայ սնուած մի բոյս:
«Երկուսն էլ իրանց միւս ընկերների հետ գալիս էին Գրիգոր Արծրունու մօտ, տեղեկութիւններ էին տալիս եւ ստանում: Այդ խումբն էր, որ մի քանի բուրժուաների հետ կազմակերպեց Գրիգոր Արծրունու հրապարակախօսական գործունէութեան քսանհինգամեակի տօնը, եւ այդ տօնը դարձրեց մի տեսակ նախերգանք Դաշնակցութեան:
«Դաշնակցութիւնը կազմակերպուեց Գրիգոր Արծրունու գիտութեամբ եւ հովանաւորութեամբ, բայց ոչ անմիջական մասնակցութեամբ: Արծրունին վախենում էր վտանգի ենթարկել «Մշակ»ի գոյութիւնը, որ նրա համար բարձր էր ամէն բանից: Նա շատ լաւ գիտէր, որ մարդիկ ուզում են օգտագործել իր ժողովրդականութիւնը դրամ ժողովելու համար, եւ այդ պատճառով շատ էլ մեծ հաւատ չէր տածում դէպի նրանց բարեկամութեան անկեղծութիւնը»:
Ն.