Հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման ամէնէն առասպելական հերոսներէն է Աղբիւր Սերոբ, որ ճիշդ 117 տարի առաջ այս օրը՝ 24 Հոկտեմբեր 1899ին, դաւադրաբար թունաւորուած հայ անունին անարժան դաւաճաններու կողմէ եւ պաշարուած
թուրք մեծաթիւ զօրքի կողմէ, զէն ի ձեռին մինչեւ վերջին շունչ կռուեցաւ անարգ թշնամիին դէմ եւ... ինկաւ Հայաստանի ազատութեան արիւնոտ ճանապարհին։
Մեր ժողովուրդն ու հայ աշուղները սրտաբուխ շատ երգեր նուիրեցին հայ յեղափոխականի եւ դաշնակցական ֆետայիի իւրայատուկ դպրոց մը մարմնաւորած Սերոբ Աղբիւրին։ Այդ երգերուն շնորհիւ անմահացան անունն ու գործը Հայ Հողի հարազատ ու խրոխտ ծնունդ ախլաթցի Սերոբին, որ պահապան հրեշտակը դարձաւ անզէն ու անպաշտպան հայ գիւղացիին եւ սանձ դրաւ թրքական թէ քրտական հակահայ խժդժութեանց եւ կեղեքումներուն։
Հայ ժողովուրդի իրերայաջորդ սերունդներուն համար ազգային ինքնաճանաչման, մարտունակ յեղափոխականի եւ անկոտրում կամքի ներշնչման աղբիւր եղաւ Տարօնի Առիւծը։ Այդ պատճառով ալ մեր ժողովուրդը անզուգական իր հերոսին նուիրեց ուղղակի իր սրտէն բխած ծանօթ երգը՝
«Նեմրութայ սարը հազար ակն ունի
Հազարն էլ Մըշու դաշտն ի վայր կ’երթայ,
Մենակ Աղբիւրի աղբիւրը սրտի
Խեղճ ժողովրդի սրտի մէջ կ’երթայ.-
Ազատ օրերի, դալար օրերի
Ծարաւ վաթանի սրտի մէջ կ’երթայ...»
Տարօնի Ախլաթ գաւառի Սոխորդ գիւղէն էր Սերոբ։ Ծնած էր 1864ին, գիւղի մեծատուն Վարդանեաններու հին ու բարեհամբաւ օճախին մէջ։ Կրտսերն էր չորս եղբայրներու։ Մեծ եղբայրը՝ Մխօ գիւղապետն էր։ Սոխորդի մէջ ուսման հնարաւորութիւն չկար եւ Սերոբ իր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուց ձիավարութեամբ եւ որսորդութեամբ՝ Նեմրութ լերան լանջերուն թէ բարձունքներուն։
Սերոբի կազմաւորման մէջ բախտորոշ դեր ունեցաւ իր Առաքել հօրեղբայրը, որ տարիներով Պոլիս ապրելէ, ուսանելէ եւ օսմանեան մայրաքաղաքի հայ կեանքը փոթորկող ազգային զարթօնքին ու ազատագրական շարժման խմորումներուն մօտէն առնչուելէ ետք՝ Սոխորդ վերադարձած էր 1885ին։ 21ամեայ Սերոբը ուղղակի յափշտակութեամբ փարեցաւ իր հօրեղբօր բերած գաղափարներուն եւ, անոր շունչին տակ, ոչ միայն գրել-կարդալ սորվեցաւ ու բացուեցաւ, ինքնազարգացման ճամբով, հայ հոգեմտաւոր ժառանգութեան, այլեւ՝ ազգային իրաւունքներու եւ արժանաւորութեան նոր լոյսի տակ սկսաւ դիտել Ախլաթի հայութեան կեանքը։ Առաւելաբար քիւրտերով եւ չերքէզներով շրջապատուած, բայց իր 35 գիւղերով զուտ հայաբնակ շրջան էր Ախլաթը։
Նոյն այդ շրջանին պատահեցաւ միջադէպ մը, որ լրիւ շրջեց արդէն ազգային ապրումներով տոգորուած երիտասարդ Սերոբի կեանքին ընթացքը։ Նեմրութի բարձունքին իր ձիով որսորդութեան ելած Սերոբը դէմ յանդիման գտնուեցաւ քանի մը քիւրտերու, որոնք սպառնալիքի տակ կ’ուզէին տիրանալ իր ձիուն։ Քաջ ու անվեհեր հայ երիտասարդը տեղի չտուաւ, ընդհակառակը՝ զէնքով դիմադրեց իր վրայ յարձակողներուն, սպաննեց անոնցմէ մէկը եւ միւսները մղեց փախուստի։
Ոստիկանական ու դատական հետապնդումներու առաջքն առնելու նպատակով՝ գիւղապետ եղբայրը հնարաւորութիւնները ստեղծեց եւ համոզեց Սերոբին, որ որոշակի ժամանակով երթայ Պոլիս։ Այդպէս ալ եղաւ։ Բայց կարճատեւ եղաւ Պոլսոյ մէջ Սերոբի կեցութիւնը։ Անցաւ Ռումանիա եւ հաստատուեցաւ Սուլինա քաղաքը, որ դարձած էր հայ պանդուխտներու հաւաքավայր մը։
Սուլինայի մէջ Սերոբ բացաւ սրճարան մը, որ արագօրէն եղաւ հայ պանդուխտներու ժամադրավայրը։
1890ականներու սկիզբն էր եւ Երկրէն հասնող յեղափոխական խմորումներու լուրերը, հնչակեան եւ դաշնակցական գաղափարներու եւ ուղղութիւններու արձագանգով, ախլաթցի Սերոբին սրճարանը վերածեցին հայ երիտասարդներու իսկական գաղափարական հնոցի, ուր քննարկումներն ու վէճերը վերջ չունէին եւ Սերոբ յափշտակութեամբ մասնակիցը դարձած էր անոնց՝ սեփական ուղղութիւնը ճշդելու եւ կողմնորոշումը կատարելու հաստատակամութեամբ։
Սերոբի մէջ աստիճանաբար արմատաւորուեցաւ նորաստեղծ Դաշնակցութեան նկատմամբ գաղափարական հակումը։ 1892ին ան միացաւ Դաշնակցութեան եւ կազմեց պանդուխտ հայ երիտասարդներէ բաղկացած դաշնակցական իր խումբը։ Եւ երբ 1894ին, Կովկասի վրայով, Սուլինա հասաւ Մուշի յեղափոխական երիտասարդ գործիչներէն Հրայր Դժոխքը, որպէսզի պանդուխտ մշեցիներուն համոզէ զէնք ապահովելու եւ Երկիր վերադառնալու անհրաժեշտութեան շուրջ, Սերոբ ըստ ամենայնի պատրաստ էր արդէն։
1895ի սկզբնաւորութեան, Սերոբ իր խումբով հասաւ Թիֆլիս, ուր Քրիստափոր անձամբ ստանձնեց խումբին գաղափարական եւ մարտական անհրաժեշտ պատրաստութիւնը ջամբելու աշխատանքը։ Քրիստափորի շունչով թրծուեցաւ Սերոբի յեղափոխական եւ կազմակերպական ուժեղ նկարագիրը, անխախտ հաւատքի եւ երկաթեայ կարգապահութեան տէր դաշնակցականը, որ իր անձնուիրութեամբ, գաղափարապաշտութեամբ եւ կազմակերպական բնատուր ձիրքով՝ ղեկավար դեր պիտի ստանձնէր Տարօնի շրջանի հայ յեղափոխական շարժման հիմնաւորման ու հզօրացման մէջ։
1895ի գարնան, 27 հոգինոց իր զինեալ ու զինատար խումբով, Սերոբ կտրեց ռուս-թրքական սահմանը եւ հասաւ Ախլաթ։ Անմիջապէս լծուեցաւ գաւառի ինքնապաշտպանութեան գործի կազմակերպումին։ Կազմակերպական իր բացառիկ տաղանդով, կամքեր կռանելու եւ ինքնավստահութիւն ներշնչելու ղեկավարի իր բնատուր ձիրքով, բայց մանաւանդ խստակեաց իր վարքով ու կարգապահութեան նկատմամբ իր անզիջող վճռականութեամբ՝ Սերոբ հրաշքի համազօր հոգեփոխութիւն առաջացուց Ախլաթի մէջ, որ կրցաւ գրեթէ անվնաս դուրս գալ 1895-96ի համիտեան կոտորածներէն։
Մինչ այլուր հարիւր հազարաւոր անզէն ու անպաշտպան հայերու արիւն թափեցաւ, Սերոբի ղեկավարութեամբ Ախլաթի հայութիւնը ինքնապաշտպանութեան դիմեց եւ սանձեց շրջակայ քիւրտերու եւ չերքէզներու ալան-թալանի նկրտումները։ Նաեւ՝ անձնական իր քաջագործութեանց շնորհիւ, Սերոբի հռչակը շատ արագ տարածուեցաւ Տարօնայ աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը։
Սերոբ բնականաբար դարձաւ թրքական իշխանութեանց աչքի փուշը։ Զինու զօրութեամբ Սերոբը ձեռք անցընելու կառավարութեան բազում փորձերը անփառունակ ձախողութեան դատապարտուեցան։ Յատկապէս Բաղէշի շրջանի Բաբշէն գիւղի կռիւը, որ Հրայր Դժոխքի վկայութեամբ կը հանդիսանայ հայ ազգային-ազատագրական շարժման ամէնէն փառաւոր էջերէն մէկը, ուր քանի մը տասնեակ ֆետայիներով Սերոբ յաջողեցաւ յաղթական դուրս գալ աւելի քան հազար զինուոր հաշուող եւ երեք թնթանօթներով զինուած թրքական զօրքի հետ ընդհարումէն, ուղղակի անպարտելի հայդուկապետի հռչակ ապահովեց Սերոբ Աղբիւրին։
Ինչպէս որ Գաբրիէլ Լազեան կը վկայէ, Աղբիւր Սերոբ անսպառ կորով եւ ինքնավստահութիւն ներշնչեց մեր ժողովուրդին։ «Վերեւ Աստուած, ներքեւ Սերոբ՝ կ’ըսէր ժողովուրդը»։ Ամէնուր եւ «բոլորին Սերոբ քարոզեց.- Տղա՜ք, առանց հացի մնացէք, առանց զէնքի մի մնաք»։
Թէեւ կարճատեւ եղաւ Սերոբի ֆետայական գործունէութիւնը, բայց ամբողջ հինգ տարի, 1895էն 1899, անոր անունին կապուեցաւ Տարօնի յեղափոխական շարժումը։ Ֆետայական իր դպրոցէն անցան եւ թրծուեցան աննման գործիչներ՝ Բալապեխ Կարապետէն մինչեւ Առիւծ Գեւօ, Զուլումաթէն մինչեւ Անդրանիկ։
Աղբիւր Սերոբի կեանքին ու գործունէութեան ըստ արժանւոյն ամփոփումը եւ գնահատումը կատարելու համար, յատուկ կարեւորութեամբ պէտք է արձանագրել, որ Սերոբ նաեւ յեղափոխական կեանքի իր ոճը ստեղծեց, երբ հանդերձ ընտանեօք ֆետայական կեանք ապրեցաւ՝ միշտ իր կողքին ունենալով կինը, Սօսէն, որ իր կարգին առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Հայկական Ազատամարտի անմահ մատեանին մէջ։
Աղբիւր Սերոբի կինն ու զաւակները լրիւ կիսեցին իրենց ամուսնին եւ հօր ընտրած կեանքին դաժան պայմանները. ապրեցան լեռներու վրայ փախստական կեանք. մասնակից դարձան անհաւասար ուժերով մղուած, բայց հերոսական յաղթանակով նուաճուած Սերոբի կռիւներուն. նաեւ ցմրուր ճաշակեցին Հայկական Յեղափոխութեան ներքին չարիքի դառն բաժակը, երբ մատնութեան եւ դաւաճանութեան ճամբով վատօրէն վերջ տրուեցաւ անպարտելի հերոսի կեանքին ու քաջագործութեանց։
Աղբիւր Սերոբին կռուի դաշտի վրայ պարտութեան մատնելու անկարողութենէն մղուած՝ թրքական կառավարութիւնը դիմեց դաւադիր լուծումին։ Գտաւ ու կաշառեց հայ մատնիչ մը, որ իմանալէ ետք Կելիէկուզանի մէջ Սերոբի թաքստոցը, մօտեցաւ անոր իբրեւ ֆետայական շարժման հաւատաւոր, ծխախոտի միջոցաւ թունաւորեց Առիւծին եւ կռուելու անկարող վիճակի դատապարտեց զայն՝ միաժամանակ Պշարէ Խալիլի զօրքին տեղեակ պահելով Սերոբի թաքստոցին մասին։
Եւ 24 Հոկտեմբեր 1899ին, հազարաւոր զօրքով, Պշարէ Խալիլ պաշարեց Կելիէկուզանը։ Հակառակ իր վատուժ վիճակին, Սերոբ իր ընկերներուն, կնոջ եւ անչափահաս կորիւնին հետ մինչեւ վերջին շունչ դիմադրեց անարգ ու դաւադիր թշնամիին։
Պշարէ Խալիլ հասաւ իր նպատակին։ Եւ թրքական վատոգի «հզօրութիւն»ը հանդիսադրելով՝ վիրաւոր ինկած հայ հերոսին գլուխը կտրեց եւ ցիցի մը վրայ դրած ցուցադրեց Բաղէշի փողոցներուն մէջ, թուրք ամբոխին «խրախճանք»ի մղելով։
Այսպիսի՛ դաժան ու դառն վախճան ունեցաւ յեղափոխական կորովի եւ ֆետայական քաջութեան անկրկնելի աղբիւրը՝ Սերոբ Վարդանեան անուն-ազգանունով միս ու ոսկոր կապած անմահ խորհրդանիշներէն մէկը հայ ժողովուրդի արդար ցասումին ու ծառացումին։
Բայց անպատիժ չմնաց անարգ թուրքը։ Դաշնակցութեան որոշումով՝ Անդրանիկ իր ընկերներով գտաւ ու հասաւ Պշարէ Խալիլին եւ արդար դատաստանի ենթարկեց դահիճին։
Աւելի քան հարիւր եւ տասնըեօթ տարիներ անցած են Աղբիւր Սերոբի նահատակութենէն ասդին, բայց Սասնոյ անմոռանալի հայդուկապետին հերոսական աւանդը կը շարունակէ ազգային ներշնչման վարար աղբիւր մը մնալ նորահաս հայորդիներուն համար։
Հայրենի հողի վրայ թէ սփիւռքի տարածքին լոյս աշխարհ եկած մեր սերունդները, Հոկտեմբեր 24ի այս օրը, անպայման կանգ կ՚առնեն Աղբիւր Սերոբի աւանդին եւ պատգամին առջեւ, Սիամանթոյի բարձրաթռիչ քերթուածին բառերով յիշելու եւ յիշեցնելու համար՝
Ո՜վ մարտնչումներու եւ զօրութեան արքայակերպ հսկայ,
Ներէ որ ակնածութեամբ եւ եղբօր մը պէս դէպի քեզ յառաջանամ,
Եւ իմ տառապողի եւ տարփաւորի կարմիր քնարովս այս իրիկուն,
Քու ջատագովանքդ ու փառաւորումդ երգեմ քեզ պաշտողներուն համար։
...Դուն՝ որուն նայուածքներուն հրամանին տակ բարբարոսները պաղատելէն կը հնազանդէին,
Դուն՝ որուն քայլերուն եւ զէնքերուն շառաչումէն ռազմագունդեր նահանջեցին...
Դուն՝ հայրենիքին սրտապնդող արեգակն էիր դժբախտներու համար
Եւ միանգամայն փոթորկանման աղջամուղջը թշնամիներն ահաբեկող...
...Աւա՜ղ, չեմ գիտեր թէ ո՞ւր է որ իր բոլոր փառաւորութեամբը կը յաւերժանայ
Քու տիտանեան մարմինդ արեւանման գլուխէդ անջատուած.
Ո՞ր վրէժխնդիր, ո՞ր քինայոյզ եւ ո՞ր բարեկամ աստղի տակ.
Բայց քու անունդ, ո՜վ զօրութենէ եւ հաւատքէ հրաշացեալ Սերոբ,
Քու անունդ կը տարածուի, կը գահակալուի եւ կ’արշալոյսուի
Մեր հոգիներուն տրտմութեամբ եւ հայրենիքին բոլոր անկիւններուն վրայ,
Ինչպէս աստուածառաք եւ անառելի եւ աննուաճ Անունը Յոյսին...
Ն.