altՀոկ­տեմ­բեր 11ի այս օ­րը, 153 տա­րի ա­ռաջ, ­­Պոլ­սոյ մէջ կեան­քի կո­չո­ւե­ցաւ Ազ­գա­յին Ու­սում­նա­կան ­­Ժո­ղով ա­նու­նով եւ ա­տե­նի հայ մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան հե­ղի­նա­կա­ւոր, այ­լեւ ե­րի­տա­սարդ դէմ­քե­րէն բաղ­կա­ցած մար­մին մը, ո­րուն կազ­մու­թիւ­նը նա­խա­տե­սո­ւած էր 1860ին

մշա­կո­ւած եւ 1862ին ­­Սուլ­թա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ հաս­տա­տո­ւած ­­Հա­յոց Ազ­գա­յին ­­Սահ­մա­նադ­րու­թեամբ։

­­Դա­րե­րով ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թե­նէ զրկո­ւած եւ հայ կղե­րա­կան­նե­րու կող­մէ ղե­կա­վա­րո­ւած մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ այդ­պէ՛ս, ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, հի­մը կը դրո­ւէր ժո­ղովր­դա­յին մաս­նակ­ցու­թեամբ եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան սկզբունք­նե­րով ա­ռաջ­նոր­դո­ւող ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉԱՄԵՔԵՆԱՅԻ մը։ Իսկ Ազ­գա­յին ­­Ժո­ղո­վա­կա­նու­թեան մի­ջո­ցաւ հա­յոց հա­ւա­քա­կան ու ան­հա­տա­կան կեան­քի հա­մընդ­հա­նուր խնդիր­նե­րը լու­ծե­լու կո­չո­ւած այդ կա­ռոյ­ցին ա­ռա­ջին օ­ղակ­նե­րէն մէ­կը ե­ղաւ նոյ­նինքն նո­րաս­տեղծ Ազ­գա­յին Ու­սում­նա­կան ­­Ժո­ղո­վը:

­­Մին­չեւ մեր օ­րե­րը շա­րու­նա­կո­ւող եւ Ազ­գա­յին Ու­սում­նա­կան ­­Խոր­հուրդ ա­նու­նով ճանչ­ցո­ւող ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թեանց պա­տաս­խա­նա­տու այդ օ­ղա­կին ա­ռա­ջին բնոր­դը ե­ղաւ, փաս­տօ­րէ՛ն, 1863ի ­­Հոկ­տեմ­բեր 11ին կազ­մո­ւած Ազ­գա­յին Ու­սում­նա­կան ­­Ժո­ղո­վը՝ նոյ­նինքն Ազ­գա­յին ­­Սահ­մա­նադ­րու­թեան մշակ­ման եւ հաս­տատ­ման պայ­քա­րը յա­ռաջ մղած մե­ծա­նուն հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ:

1862 թո­ւա­կա­նին որ­դեգ­րո­ւած ա­րեւմ­տա­հա­յոց Ազ­գա­յին ­­Սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը ինչ­պէս օ­րին, այն­պէս ալ հե­տա­գա­յին բո­լոր տո­ւեալ­նե­րը ամ­բող­ջա­ցուց, որ­պէս­զի ըստ էու­թեան հան­դի­սա­նայ օ­րի­նա­կե­լի բնոր­դը տա­կա­ւին մին­չեւ այ­սօր իր կազ­մու­թեան սպա­սող ա­մե­նայն հա­յոց Ազ­գա­յին ­­Սահ­մա­նադ­րու­թեան։ Ա՛յն ընդգր­կուն Ազ­գա­յին ­­Սահ­մա­նադ­րու­թեան, որ այ­սօր այ­լեւս միայն ե­կե­ղե­ցա­կան բնոյթ պի­տի չու­նե­նայ, ոչ ալ պի­տի ար­տա­յայ­տէ սոսկ ան­կախ հայ­րե­նի­քէ ու ազ­գա­յին պե­տա­կա­նու­թե­նէ զուրկ հայ ժո­ղո­վուր­դին կամ­քը։

Այլ ընդ­հա­կա­ռակն՝ ժո­ղովր­դա­յին մաս­նակ­ցու­թեամբ եւ ժո­ղովրդա­վա­րա­կան սկզբունք­նե­րով, թարգ­մա­նը պի­տի դառ­նայ հայ ժո­ղո­վուր­դի ներ­կայ աշ­խար­հաս­փիւռ կե­ցու­թեան, պի­տի միա­ձու­լէ հա­ւա­քա­կան կամ­քը հա­յու­թեան թէ՛ հայ­րե­նա­կան եւ թէ սփիւռ­քեան թե­ւե­րուն, մա­նա­ւանդ՝ կաշ­կան­դո­ւած պի­տի չըլ­լայ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան բա­ժին հա­նո­ւած աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան դրսեկ, պար­տա­դիր ու ժա­մա­նա­կա­ւոր պայ­մա­նա­ւո­րում­նե­րով եւ, կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը, ար­տա­յայ­տի­չը պի­տի ըլ­լայ բո­վան­դակ հա­յու­թեան ազ­գա­յին ինք­նա­կազ­մա­կերպ­ման ու ար­ժէ­քա­յին հա­մա­կար­գին։

­­Կա­րե­ւո­րը 11 ­­Հոկ­տեմ­բեր 1863ին կազ­մո­ւած Ազ­գա­յին Ու­սում­նա­կան ­­Ժո­ղո­վին յայտ­նու­թիւնն է՝ իբ­րեւ ա­ռա­ջին կա­րե­ւոր քայ­լե­րէն մէ­կը Ազ­գա­յին ­­Զար­թօն­քի այն մեծ շար­ժու­մին, որ 19րդ ­դա­րու երկ­րորդ կի­սուն սկզբնա­ւո­րու­թեան, ազ­գա­յին վե­րա­թար­մաց­ման մեծ պայ­քա­րի մղեց հայ ժո­ղո­վուր­դի զոյգ թե­ւե­րուն՝ Ա­րեւ­մ­տա­հա­յաս­տա­նի եւ Ա­րե­ւե­լա­հա­յաս­տա­նի ե­րի­տա­սարդ, այ­լեւ զար­գա­ցած ու լու­սա­միտ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւ­նը։

­­Ռու­սաս­տա­նի, ­­Գեր­մա­նիոյ, Ֆ­րան­սա­յի, Ի­տա­լիոյ թէ ­­Զո­ւի­ցե­րիոյ մե­ծա­նուն հա­մալ­սա­րան­նե­րուն մէջ ի­րենց ու­սու­մը ստա­ցած, ա­զա­տա­խոհ մարդ­կու­թեան ա­մէ­նէն յա­ռաջ­դի­մա­կան գա­ղա­փար­նե­րով տո­գո­րո­ւած հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ, վե­րա­դառ­նա­լով ­­Պո­լիս կամ ­­Թիֆ­լիս՝ ամ­բող­ջա­պէս նո­ւի­րո­ւե­ցան ազ­գա­յին մեր կազ­մա­կերպ կեանքն ու կա­ռոյց­նե­րը գա­ղա­փա­րա­կա­նօ­րէն աշ­խու­ժաց­նե­լու, զար­գաց­նե­լու եւ ար­դիա­կա­նաց­նե­լու պայ­քա­րին։
Աշ­խար­հա­բա­րի մշակ­ման եւ բիւ­րե­ղաց­ման ճամ­բով՝ ­­Զար­թօն­քի այդ սե­րուն­դը ա­ռաջ­նա­հեր­թա­բար լծո­ւե­ցաւ ­­Սուլ­թա­նա­կան եւ ­­Ցա­րա­կան բռնա­տի­րու­թեանց տակ խա­ւա­րամ­տու­թեան մէջ պա­հո­ւած սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դի լու­սա­ւոր­ման սրբա­զան գոր­ծին, որ­պէս­զի ազ­գա­յին եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան իր ի­րա­ւունք­նե­րուն գի­տա­կից ու պա­հան­ջա­տէր ՀԱ­­Յը կեր­տեն՝ փո­խա­րի­նե­լու հա­մար ստրու­կի եւ կա­մա­զուր­կի ինք­նալք­ման դա­տա­պար­տո­ւած հայ մար­դը։

­­Զար­թօն­քի սե­րուն­դը, ա­րեւմ­տա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ, նպա­տա­կա­կէտ ու­նե­ցաւ Ազ­գա­յին ­­Սահ­մա­նադ­րու­թեան մշա­կու­մը: ­­Թէեւ Օս­մա­նեան ­­Կայս­րու­թեան մէջ հա­յու­թիւ­նը շա­տոնց ստա­ցած էր ազ­գա­յին ու­րոյն միա­ւո­րի կար­գա­վի­ճակ՝ սուլ­թա­նա­կան հրա­մա­նագ­րով, այ­սու­հան­դերձ՝ ­­Թուր­քիոյ ­­Հա­յոց ­­Պատ­րիար­քու­թիւ­նը եր­կար ժա­մա­նակ զուրկ մնա­ցած էր ազ­գա­յին մեր կեան­քը ժո­ղովր­դա­յին մաս­նակ­ցու­թեամբ եւ հա­կակշ­ռով կազ­մա­կեր­պե­լու եւ ղե­կա­վա­րե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն:

­­Հայ ժո­ղո­վուր­դի ազ­գա­յին, կրօ­նա­կան եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու նո­ւի­րա­գործ­ման հա­մար սկսաւ բուռն պայ­քար մը, որ յատ­կան­շո­ւե­ցաւ Ազ­գա­յին ­­Սահ­մա­նադ­րու­թեան մշա­կու­մով եւ, ա­ւար­տին, 1862ին, ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան սկզբունք­նե­րու կի­րարկ­ման հայ­կա­կան ա­ռա­ջին կա­նո­նադ­րու­թեան որ­դեգ­րու­մով:

­­Նոյ­նիսկ Ազ­գա­յին ­­Սահ­մա­նադ­րու­թեան որ­դեգ­րու­մէն եւ ա­նոր ստա­ցած սուլ­թա­նա­կան վա­ւե­րա­ցու­մէն ետք, այդ պայ­քա­րը կանգ չա­ռաւ: Ընդ­հա­կա­ռակն՝ նոյն թա­փով շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ հայ ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ղե­կա­վար դիր­քեր գրա­ւած խա­ւա­րա­միտ կղե­րա­կան­ներ եւ ծայր աս­տի­ճան պահ­պա­նո­ղա­կան ջո­ջեր ա­մէն մի­ջո­ցի դի­մե­ցին, որ­պէս­զի սուլ­թա­նա­կան մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րով կաշ­կան­դում­նե­րու են­թար­կեն նո­րա­հաս­տատ Ազ­գա­յին ­­Սահ­մա­նադ­րու­թիւնն ու ա­նոր ո­գիին եւ տա­ռին կի­րար­կու­մը:

Ա­հա այդ եր­կա­րա­մեայ պայ­քա­րին ու­շագ­րաւ, այ­լեւ կա­րե­ւոր մէկ հանգ­րո­ւա­նին սկզբնա­ւո­րու­մը խորհր­դան­շող թո­ւա­կա­նը դար­ձաւ 11 ­­Հոկ­տեմ­բեր 1863ը: Ա­ռա­ջին Ազ­գա­յին Ու­սում­նա­կան ­­Ժո­ղո­վին մաս կազ­մե­ցին ճար­տա­րա­պետ ­­Պա­լեա­նի, բժիշկ ­­Ռու­սի­նեա­նի, օս­մա­նեան բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար ­­Վա­հա­նեա­նի, գրող-մտա­ւո­րա­կան­ներ ­­Սեր­վի­չէ­նի, ­­Տա­տեա­նի եւ Գ­րի­գոր Օ­տեա­նի տա­րո­ղու­թեամբ դէմ­քեր:

Ա­նոնց կը միաց­նէր կրթու­թիւնն ու լու­սա­ւո­րու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի լայն բազ­մու­թեանց մատ­չե­լի դարձ­նե­լու գա­ղա­փա­րա­կան վեհ սկզբուն­քը, որ­պէս­զի ըն­կե­րա­յին հա­մեստ ծա­գու­մով հայ ե­րե­խա­ներ հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը ու­նե­նան ու­սում ստա­նա­լու եւ ազ­գա­յին մեր կեան­քին մէջ ի­րենց վճռո­րոշ ծա­ռա­յու­թիւնն ու ներդ­րու­մը ու­նե­նա­լու:

­­Թէեւ ա­ռա­ջին Ու­սում­նա­կան ­­Ժո­ղո­վը կար­ճա­տեւ կեանք ու­նե­ցաւ, հա­զիւ մէկ տա­րի գոր­ծեց, բայց ա­նոր աշ­խա­տան­քը ա­ռաջ­նոր­դող մտա­ծո­ղու­թիւնն ու ընդ­հա­նուր լու­սա­ւո­րու­թեան ո­գին ներշնչ­ման աղ­բիւր դար­ձան հայ ժո­ղո­վուր­դի հե­տա­գայ սե­րունդ­նե­րուն ազ­գա­յին կազ­մա­ւոր­ման հա­մար:

Ա­ռա­ջին Ու­սում­նա­կան ­­Ժո­ղո­վը կար­ճա­տեւ կեանք ու­նե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ յատ­կա­պէս ­­Նա­հա­պետ ­­Ռու­սի­նեա­նի մշա­կած «Ուղ­ղա­խօ­սու­թիւն» դա­սա­գիր­քը խոր տա­րա­կար­ծու­թեանց մատ­նեց Ու­սում­նա­կան ­­Ժո­ղո­վը: ­­Տա­րա­կար­ծու­թեանց հիմ­քը աշ­խար­հա­բա­րի տա­կաւ բիւ­րե­ղա­ցող ուղ­ղագ­րու­թեան եւ ուղ­ղա­խօ­սու­թեան պատ­կե­րա­ցումն էր: ­­Ժո­ղովրդա­վա­րա­կան միեւ­նոյն ուղ­ղու­թեան տէր ե­րի­տա­սարդ այդ մտա­ւո­րա­կան­նե­րուն մի­ջեւ ա­ռա­ջա­ցան մօ­տե­ցու­մի հա­կա­սու­թիւն­ներ եւ ներ­քին սուր վէ­ճեր, ո­րոնք եւ ի վեր­ջոյ յան­գե­ցան Ու­սում­նա­կան ­­Ժո­ղո­վի կազ­մա­լուծ­ման:

Ա­մէն պա­րա­գա­յի, ինչ­պէս որ ա­ռանց հա­կա­սու­թեանց եւ ներ­քին պայ­քար­նե­րու ոչ մէկ յա­ռաջ­դի­մու­թիւն ար­ձա­նագ­րո­ւած է ընդ­հա­նուր ազ­գե­րու պատ­մու­թեան մէջ, նոյն­պէս եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պա­րա­գա­յին՝ ա­ռա­ջին Ու­սում­նա­կան ­­Ժո­ղո­վի ներ­քին հա­կա­սու­թիւն­նե­րը եւ ա­նոնց լուծ­ման ճի­գե­րը մե­ծա­պէս օգ­նե­ցին, որ­պէս­զի մեր ժո­ղո­վուր­դը գտնէ իր հե­տա­գայ յա­ռաջ­խա­ղաց­քին մայր հու­նը:

11 ­­Հոկ­տեմ­բեր 1863ին սոսկ Ու­սում­նա­կան ­­Ժո­ղով մը չկազ­մո­ւե­ցաւ, այլ՝ հի­մը դրո­ւե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րուն ազ­գա­յին կազ­մա­ւոր­ման ու զար­գաց­ման գոր­ծին ա­ռաջ­նա­հերթ կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յե­լու ա­ւան­դու­թեան, որ մին­չեւ մեր օ­րե­րը իր հու­նով յա­ռաջ կը մղէ ազ­գա­յին մեր կեան­քին ղե­կա­վար մտա­ծո­ղու­թիւ­նը՝ յա­նուն մեր ազ­գա­յին վե­րապ­րու­մին ու նո­րո­գու­մի կեն­սու­նա­կու­թեան:

­­Յա­նուն՝ ժո­ղո­վուր­դի ան­կաշ­կանդ մաս­նակ­ցու­թեան եւ ազ­դու հա­կակշ­ռին կի­րար­կու­մով՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի վա­ղո­ւան յա­ռաջ­դիու­թիւնն ու բար­գա­ւա­ճու­մը հու­նա­ւո­րե­լու, այ­լեւ նո­ւա­ճե­լու հա­մազ­գա­յին թռիչ­քին։

Ն.